ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+21 °C, +13 °C ... +23 °C Վաղը`+27 °C
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին եւ իր ժողովրդավարութիւնը
22:50, 11.06.2014
6767 | 0
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ կը գրաւէ առանձնայատուկ տեղ` արեւելեան հոգեւոր աւանդութիւններու ճոխութեամբ, աստուածաբանական-դաւանաբանական հայեցակէտերու ուրոյն մեկնաբանութեամբ, ինքնանկախութեամբ (աւտօքեֆալ), նաեւ իր վարչական կեանքը կազմակերպելու մէջ նուիրականացած ժողովրդավարութեամբ: Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ ժողովուրդին գործօն մասնակցութիւնը, ուրեմն, կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկը: Եւ սոյնը ոչ թէ նորամուտ նորաձեւութիւն մըն է Հայ Եկեղեցիին համար, այլ` ամրագրուած ընդոծին աւանդութիւն մը, որուն սկիզբը պէտք է ընդունիլ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետական-պաշտօնական կրօն հռչակումէն ընդամէնը 143 տարի վերջ: Այդ բարեբաստիկ 444 տարեթիւը Շահպիվանի ժողովի գումարման թուականն է, որ կայացած է Յովսէփ Ա. Հողոցմեցիի կաթողիկոսութեան եւ Վասակ Սիւնեցիի մարզպանութեան օրօք: Բարեբախտաբար, մեր մատենագրութիւնը մեզի աւանդած է այդ ժողովին կանոնները, ինչպէս նաեւ նախաբանը, ուր յստակ կը վկայուի, որ այդ ժողովին մասնակցած են ոչ միայն 40 եպիսկոպոսներ, վանականներ, երէցներ, սարկաւագներ, նախարարներ, նոյնիսկ` ազատներ եւ շինականներ, «որոնք նախանձախնդիր էին օրէնքներու սրբութեան» : Այս պատմական իրողութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական դրուածքը հասկնալու իմաստով, կը ներկայացնէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն մը, քանի այս փաստը իր շարունակութիւնը ունեցաւ Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին, 449 թուականին, Արտիշատի մէջ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ գումարուած ժողովով: Հայ Եկեղեցւոյ մէջ աւանդութիւն դարձած եւ նուիրականացած այս օրէնքն էր որ, ահաւասիկ, պարագաներու բերումով, ամրագրուեցաւ «Ազգային Սահմանադրութեան» մէջ 1860/63 թուականներուն:
Ընդհակառակը, Ռուսական Կայսրութեան տարածքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան համար 1836-ին ռուսաց Նիկոլայ Ա. կայսեր կողմէ վաւերացուած եւ որոշ ժամանակաշրջան մը կիրարկուած «Պոլոժէնիէ» ն, հետեւելով ուղղափառ եկեղեցիներուն օրինակին, աւելի ունէր կղերակեդրոն բնոյթ: Ան Եկեղեցիին իշխանութիւնը կը կեդրոնացնէր կաթողիկոսին, եւ տեղական մակարդակներու վրայ` առաջնորդներուն ձեռքին, անշուշտ անոնց վրան ալ պահակ կարգելով «պրոկուրորը» կամ «քոնսիսթորիա» ներու վարիչները: «Պոլոժէնիէ» ն թէպէտ չէր մերժեր Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ աշխարհականներու մասնակցութիւնը, բայց ռուսաց կայսեր կը վերապահէր առաջնորդներու վերջնական անուանումը, կաթողիկոսին կողմէ ներկայացուած երկու ընտրելիներուն մէջէն:
Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական նկարագրին եւ անոր սրբազան աւանդութեանց խոտոր այս կացութեան առաջին հարուածը հասցուց Խրիմեան Հայրիկը, երբ 1906-ին յատուկ կոնդակով մը ամբողջապէս ժողովուրդին վերադարձուց իր առաջնորդը ընտրելու իրաւունքը: Ցարական Ռուսաստանի փլուզումէն ետք, Գէորգ Ե. ներկայացած առիթը չփախցուց, եւ 1917-ին ընդհանրապէս ջնջեց «Պոլոժէնիէ» ի գործածութիւնը Հայ Եկեղեցիին մէջ, քանի որ ան դուրսէն պարտադրուած եւ հայ եկեղեցական-վարչական մարմնոյն մէջ օտարոտի կանոնագրութիւն մըն էր:
Հայաստանի մէջ համայնավարական կարգերու հաստատումէն ետք, անաստուածութեան սկզբունքին եւ քարոզչութեան վրայ հիմնուած Սովետական Միութիւնը հազիւ թէ հանդուրժուած կարգավիճակ մը կը շնորհէր Եկեղեցիին: Մարքսիզմի եւ Լենինիզմի տնտեսական, պետական-քաղաքական ծրագրով զարգացող խորհրդային հասարակութեան մէջ բացարձակապէս տեղ չունէր եկեղեցին, ո´չ ալ իր հոգեւորականութիւնը: Տեղին չէ այստեղ բանալ առանձին փակագիծ մը յիշելով այն հալածանքները, որոնց ենթարկուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցին մինչեւ Հայրենական Մեծ Պատերազմին աւարտը: Քանի ժողովուրդը, այսուհետեւ, պաշտօնական կապ մը չունէր իր Եկեղեցիին հետ եւ մասնակից չէր անոր հոգեւոր եւ վարչական կեանքին, ակամայ խզում մը առաջացաւ հոգեւոր հինաւուրց աւանդութեան եւ հաւատացեալներուն միջեւ: Փաստօրէն, ժողովուրդի գործօն մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ` ծխական-համայնքային եւ թեմական դրուածքներով ամբողջապէս անգործունեայ դարձան, չըսելու համար կործանեցան, ուստի` այդ ժամանակամիջոցին մէջ հովուապետող կաթողիկոսները ստիպուած եղան Հայաստանի եւ ներքին Սփիւռքի մնացած քանի մը թեմերուն վրայ առաջնորդները (անպայման համաձայնելով Եկեղեցական Գործերու Խորհուրդին հետ) նշանակելու: Ցաւալի է հաստատել, որ խորհրդային կարգերէն ժառանգ մնացած նշանակելու այդ սովորութիւնը դեռեւս կը շարունակուի Հայաստանի եւ, այսպէս կոչուած, ներքին Սփիւռքի ամբողջ տարածքին:
Եկեղեցւոյ վարչական կեանքը կազմակերպելու պատասխանատուութիւններուն մէջ Հայ ժողովուրդը ոչ միայն կը բերէ իր լայն ու գործօն յանձնառութիւնը, այլ նաեւ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կը բաժնէ իր եկեղեցական պաշտօնեաներուն հետ` ընտրական մասնաւոր իրաւունքով: Համայնքներու եւ ծուխերու մէջ ժողովուրդն է որ կ’ընտրէ ու թեմի առաջնորդ եպիսկոպոսին կը ներկայացնէ իր տիրացուն, զայն քահանայ ձեռնադրելու եւ օծելու խնդրանքով: Նոյնպէս, առաջնորդական թեմի մը թեմական պատգամաւորական ժողովը իր պատրաստած թեկնածուներու եռանուն ցանկէն կ’ընտրէ իր առաջնորդը եւ զայն կը ներկայացնէ կաթողիկոսին` ձեռնադրելու, օծելու կամ վաւերացնելու խնդրանքով: Ինչպէս եպիսկոպոսը իրաւունք չունի իր անձնական նախաձեռնութեամբ ընտրելու քահանայ մը եւ զայն պարտադրելու համայնքին, նմանապէս եւ կաթողիկոսին վերապահուած չէ իր անձնական նախաձեռնութեամբ ընտրել եպիսկոպոս մը եւ զայն առաջնորդ նշանակել թեմին վրայ: Սոյնը կոպիտ ոտնձգութիւն մը նկատուած է Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական կարգին դէմ: Բայց, բնականաբար, ինչպէս եպիսկոպոսը քահանայի, նոյնպէս եւ կաթողիկոսը եպիսկոպոսի պարագային իրաւունք ունին չձեռնադրելու եւ չօծելու, երբ ցոյց կու տան ընծայեալին կանոնական, հոգեւոր կոչումի եւ պատրաստուածութեան վերաբերող թերութիւնները:
Ի տարբերութիւն որոշ քոյր եկեղեցիներու, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ’ընտրուի ոչ թէ կարտինալներու կամ միայն եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ, այլ` ազգային-եկեղեցական սրբագումար ժողովէն, որուն մէջ ճնշող մեծամասնութիւն կը ներկայացնեն աշխարհական պատգամաւորները:
Այս բոլորը, ահաւասիկ, ցոյց կու տան Հայ Եկեղեցիի հոգեւոր եւ վարչական իշխանութեանց ներդաշնակ բաշխումը եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ, փոխադարձ պայմանաւորուածութիւնը եւ դարերու ընդմէջէն կառուցողական համագործակցութիւնը` ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցիին:
Դժբախտաբար, սակայն, վերջին ժամանակներուն եկեղեցական որոշ ղեկավարներու մօտ ի յայտ եկած աւելի իշխանութիւն ունենալու մենատիրական ձգտումները, Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական իրաւունքին դէմ կատարած ոտնձգութիւնները որոշակիօրէն խախտեցին այն նժարն ու հաւասարակշիռը, որ երբեմն խնամքով եւ երկիւղածութեամբ կը պահպանուէր մեր Եկեղեցւոյ վարչական կալուածին մէջ: Այս մասին կը խօսին Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ եւ այլ թեմերու ու համայնքներու մէջ կատարուած տխրահռչակ իրադարձութիւնները: 2009-ին Մայր Աթոռի կողմէ պատրաստուած եւ խնդրայարոյց պայմաններու մէջ վաւերացուած թեմական ուղենիշային կանոնադրութիւնը, որքան ալ անհրաժեշտ նկատուի նման փաստաթուղթի մը մշակումը, իր որդեգրած կարգ մը յօդուածներով կը ներկայացնէ ուղղակի ոտնձգութիւն մը Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական սկզբունքին, թեմերու եւ անոնց մէջ օրինաւորապէս գործող պատկան մարմիններու ինքնուրոյնութեան, ինչպէս նաեւ առաջնորդի ազատ ընտրութեան իրաւունքին դէմ:
Սոյն թուականի Մայիսին, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի տարեկան ժողովին, թեմական ծրագիր-կանոնագրին մէջ որդեգրուեցաւ մտցնել իր արտաքին երեւոյթին մէջ շատ պարզ թուացող փոփոխութիւն մը, առ այն` որ առաջնորդի ընտրութեան համար թեկնածուներուն եռանուն ցանկը պէտք է նախապէս վաւերացուի կաթողիկոսին կողմէ: Սոյնը կը նշանակէ, որ կաթողիկոսը ինքզինքին կը վերապահէ իրաւունքը ներկայացուած ցանկը ընդհանրապէս չվաւերացնել կամ, ըստ իր հայեցողութեան, ցանկէն դուրս հանել թեմին կողմէ առաջարկուած սա կամ նա թեկնածուին անունը: Այլապէս, ինք կ’առաջարկէ իր նախընտրած թեկնածուն առաջնորդի ընտրութեան համար: Հասկնալի է, թէ նման որոշում մը ի՞նչ ազդեցութեամբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ առնուած է: Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական աւանդութիւնը չունի այդպիսի ստացուածք. այդ Լատին Եկեղեցւոյ կղերական-պապական դրուածքին նմանող մէկ գործառոյթն է, զոր կը միտին իւրացնել եւ սկզբունքով ազատ մեր ընտրական համակարգին պարտադրել Եկեղեցւոյ իշխանատենչ ղեկավարներէն ոմանք:
Այսօր Հայ Եկեղեցիին մէջ աճող ամենամեծ փորձութիւնն ու վտանգը ժողովրդավարութեան սահմանափակումը եւ փոխարէնը Եկեղեցւոյ սպասաւորներու (իմա` կղերի) իշխանութեան յաւելումն է: Իհարկէ, ամբողջական համոզումով եւ բարձր գիտակցութեամբ պէտք է ողջունել Հայ Եկեղեցւոյ կառուցուածքը եւ ներեկեղեցական յարաբերութիւնները կանոնակարգելու բոլոր բարի ցանկութիւններն ու այդ ուղղութեամբ գործադրուած ճիգերը, սակայն առանց կղերատիրական նկրտումներու:
Հայ ժողովրդական խաւերու լայն մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքի եւ վարչական իշխանութեան կառավարման դրուածքին մէջ կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ ստեղծագործած անզուգական ու իր պատմական հնութեամբ եզակի արժէքներէն մէկը: Արդարեւ, նուիրական արգասիք մը, նման այն բիւրեղ ադամանդին, որուն վրայ յառաջացած աննշան բիծն անգամ կը նուազեցնէ իր բուն արժէքը:
Այս առնչութեամբ որքան ցանկալի պիտի ըլլար, եթէ երբեք ազգային-եկեղեցական սրբագումար ժողովը, որ ի պաշտօնէ ունի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն եւ օրէնսդիր հեղինակութիւնը, ոչ թէ կաթողիկոսի մը վախճանումէն ետք լոկ նոր գահակալ մը ընտրելու համար հրաւիրուի, այլ` առնուազն չորս տարին անգամ մը գումարուի, այսօրուան ու վաղուան հասարակական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի հզօր մարտահրաւէրներուն եւ ժամանակի հրամայականներուն դէմ յանդիման գտնուող մեր Ս. Եկեղեցին կայուն եւ կենսունակ պահելու համար: Միայն ազգային-եկեղեցական ժողովին վերապահուած է գերագոյն իրաւունքը ընդհանուր Հայ Եկեղեցիին վերաբերող եկեղեցական որեւէ կանոնագրութիւն կամ օրէնք գործադրուելէ առաջ վաւերացնել եւ տալ շահագործման՝ համայն Հայ Եկեղեցւոյ պէտքերուն համար:
Նոյնպէս, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ժողովը, որ վերջին անգամ 44 տարի առաջ՝ 1969-ին գումարուած էր, ըլլայ Հայ Եկեղեցիին մէջ գործող հեղինակաւոր եւ մնայուն մարմին մը էապէս եւ բազմակողմանի իմաստով փոխուող հասարակարգի մը մէջ, հայ հաւատացեալ մարդուն համար Եկեղեցին դարձնէ հետաքրքրական, ոչ պարզապէս լոկ իր ծիսակատարութիւններով, այլ՝ ծառայասիրութեամբ եւ անվերապահ մասնակցութեամբ դէպի ժամանակակից ընկերութեան եւ հասարակարգի բոլոր ոլորտները:

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մամուլի խոսնակ` Ազատ Խոսք
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Ազատ Խոսք
դեպի վեր