ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+14 °C, +14 °C ... +27 °C Վաղը`+26 °C
Ճերմակ ջարդ հայ եկեղեցւոյ մէջ
16:05, 26.06.2014
6750 | 4

Ասո՞նք են քրիստոնէական սիրոյ, ներողամտութեան եւ խաղաղութեան քարոզիչները: Ասո՞նք են Յիսուսի պատգամներուն հետեւորդները, Անոր վարդապետութեան առաքեալներն ու աշակերտները: Երբեմնի խաչահանուն քահանայապետերու, դպիրներու, փարիսեցիներու փոխարէն, ահաւասիկ, ժամանակակից էջմիածնականներուն իսկական պատկերը: Սարսափելին ԵՐԵՒՈՅԹՆ է, ստեղծումը վախի, բռնութեան, ֆիզիքական եւ հոգեկան կաշկանդումներու սպառնալից մթնոլորտին, որ հետզհետէ շատ աւելի կ’ամրագրուի եկեղեցի եւ պետութիւն սերտաճումով: Կարծէք ստալինեան բռնաճնշումներու ժամանակաշրջանին մէջ գտնուինք, կուլակներու կամ Հիթլերներու, Կէօպէլսներու, Հիմմլէրներու եւ Այխմաններու ստեղծած համակ կեդրոնացման ճամբարներու կործանարար միջավայրին մէջ: Այս երեւոյթը մեզի չի՞ յիշեցներ բռնի տեղահանումներն ու մահու աքսորները ցեղասպան ու արիւնոտ ձեռքերովը Թալէաթներուն, Էնվերներուն եւ Ջեմալներուն: Ցաւօք, պատմական վերոյիշեալ դէմքերէն ընտիր նմոյշ մը անմիջապէս մեր կողքը ունինք:

Ծանր մեղքը կայսերամոլական ախտով վարակուած ապարանցի կաթողիկոսինը չէ միայն, այլ այն բոլոր հայ մարդոց, որոնք անտարբերութեամբ կը դիտեն մեր եկեղեցիին մէջ իրագործուող այս հոգեւոր եղեռնը: Առարկութիւն չեմ ըներ, եթէ սփիւռքահայ մեր մամուլը կ’ուզէ անփառունակ կաթողիկոսը գովաբանող Մայր Աթոռէն եկած հաղորդագրութիւններուն լայն տեղ տրամադրել իր սիւնակներուն մէջ: Նոյն մամուլը սակայն պարտի բարոյական կեցուածք ցուցաբերել քաջութեամբ անդրադառնալով նաեւ իրողութիւններու, որոնց մասին կը խօսի սոյնին հետ առկից յօդուածը: Մարդիկ բռնակալներ չեն ծնիր, այլ կը դառնան, որովհետեւ հասարակութեան մէջ կը պակսին քաղաքացիական քաջութիւն ցուցաբերող անհատներ, որոնք ատենին այսպիսի կայսերամոլական ախտով վարակուած բռնակալներու անսանձ քմահաճութիւններուն «ՈՉ» ըսել գիտեն:


Բարեկամական ջերմ ողջունիւ`

Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Գարեգին Բ-ն մաս է կազմում սերժական ռեժիմի բռնապետությանը:
Մամուլի խոսնակ` Ազատ Խոսք
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Ազատ Խոսք
դեպի վեր