Ձեզի դիմողը սաղիմահայ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանն է։ Վերջին ամիսներու քաղաքական փոփոխութիւնները հետաքրքրեց ոչ միայն մեր երկրին ու ժողովուրդին, այլև աշխարհը դաս առաւ, որ առանց արիւնայեղութեան ալ կարելի յեղափոխութիւն ընել և օտարները հիացմունքով արտայայտուեցան այդ մասին։ Ի զուր չկոչուեցաւ ԹԱՒՇԵԱՅ Եւ ՍԻՐՈՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ...։ Նախ յստակացնեմ, որ ես քաղաքականութենէ հեռու մարդ եմ, ես սիրերգակ բանաստեղծուհի մըն եմ, երկար տարիներու հայոց լեզուի, գրականութեան և պատմութեան ուսուցչուհի, սակայն ձեր լռութիւնը վերջերս Մայր Աթոռի դէմ կատարուող անցուդարձերուն մեծ հարցական մը դրած է ուղեղիս մէջ «Յո՞ երթաս Հայոց Աշխարհ» ։ Արդարութեան համար էր ձեր պայքարը, ժողովուրդին շահերուն համար, ազգով և հայրենիքով մտահոգ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչ մը ձեզի նման, ինչպէս կրնայ չմիջամտել միամսեայ այս տհաճ դէպքերուն, ուր ինչպէս ակնյայտ է արդէն այս շարժումը ոչ թէ Ն.Ս.ՕծութիւՆ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէմ է, այլև մեր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին դէմ։ Ես հետևեցայ ձեր բոլոր քայլերուն, հայ մօր և քրոջ սիրտս ուրախացաւ, յուզուեցաւ ձեր վերաբերմունքէն հանդէպ որդեկորոյս մօր, տասնամեայ աղջնակին ձեր ընդունելութենէն, բայց մանաւանդ ձեր հայրական հոգատարութիւնէն հայ զինուորին, որ կը պաշտպանէ հայրենիքն ու եկեղեցին, դեռ երկար է շարքը ձեր ազնիւ քայլերուն։ Իմ ուրախութիւնն ու սրտի գոհունակութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ ձեր տարեդարձին այցելեցիք և օրհնութիւնն ու թանկարժէք նուէր մը՝ Աւետարանը ստացաք Վեհափառ Հայրապետէն։ Այսօր Էջմիածինի հոգևոր տարածքը իբր «ներխուժողներէ» պաշտպանող ոստիկանները այլ տպաւորութիւն կը ձգեն, անոնք ոչ թէ իրենց գործը կ՛ընեն, այլ՝ ամբողջովին ուրիշ հրահանգ կը կատարեն։ Եթէ նոյնիսկ պետութիւնն ու եկեղեցին անջատ են, բայց չէ՞ որ Մայր Աթոռը հարևան երկիր չէ, այլ Հայաստանի տարածքին մէջ կը գտնուի, ուրեմն պետութիւնը պարտաւոր է անոր անվտանգութիւնն ու անդորրութիւնը ապահովել։ Ձեր ջերմ հրաւէրը հայրենիք գալու կասկածի տակ կը դնէ արդէն մեզի, երբ կը լսենք թէ կրօնի ու հայոց պատմութեան պահերը ոչ թէ կը կրճատուին այլ կը վերանան հայրենի դպրոցներէն։ Հաւատալով և վստահելով ձեզի կը խնդրեմ ձեր թաւշեայ փայտիկով ընդմի՛շտ հեռացուցէք խանգարող ուժերը, մեր եկեղեցին տկարացնել փորձող միջամտութիւնները, մեր ժողովուրդին հաւատքին հետ խաղալ փորձողները, հեռացուցէք մեր ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ՄԱՅՐ ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ և մի ձգէք փորձեն պղտորել իւղը Արագածի կատարին կախուած Լուսաւորչի Կանթեղին... Պետութիւններ, թագաւորութիւններ, կայսրութիւններ կու գան ու կ՛երթան, մեր հաւատքը փոթորիկներու դիմացած է, այս մէկուն ալ կը դիմանայ, ամբողջական ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴը պահապան է մեզի, բայց ձեր միջամտութեամբ թող վերջ գտնէ այս փոթորիկը, եթէ ոչ պետութիւնը մեղսակից պիտի համարուի պատմութեան և սերուդներուն առջև։ Յարգանքով՝ |