ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+8 °C, +3 °C ... +13 °C Վաղը`+16 °C
ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻ՜ՒՆ
15:58, 07.07.2018
4621 | 0

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ պատահեցան ցաւալի եւ տխուր դէպքեր։ Ինչպէս հաղորդած էինք, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» կոչուած նախաձեռնութեան անդամները երէկ գրաւեցին մայրավանքի դիւանատունը։ Քանի մը հոգեւորականի կողմէ գլխաւորուած այս նախաձեռնութիւնը շուրջ ամիսէ մը ի վեր անհասկնալի պատճառներով ու նոյնպէս անհասկնալի յամառութեամբ կը պահանջէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականը։ Երեւանի եւ Վաղարշապատի մէջ անոնց կողմէ կը կատարուէին զանազան ցոյցեր, ենթականերու ծայրայեղ տրամադրութիւնները թէեւ տեղի կու տային մտահոգութեան, սակայն ընդհանուր առմամբ սպասումը այն էր, որ բանիմացութիւնը պիտի յաղթահարէր։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, ընդհանուր ընթացքը տարբեր հունի մը մէջ է։ Ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս յառաջացած այս ալեկոծումը երէկ արդէն տարբեր հարթութիւն մը թեւակոխեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան գրաւումով։

Թէ ինչպէ՞ս այդ ցուցարարները յաջողեցան ներթափանցել վեհարանի տարածք՝ հասնելով մինչեւ դիւանատուն, սա արդէն ինքնին կարեւոր հարցում մըն է։ Յամենայնդէպս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէկուան ցաւալի դէպքերը լուրջ հարուած մը հասցուցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկին ու հեղինակութեան՝ մեծ ցասում յառաջացնելով հաւատացեալ հայորդիներու շրջանակներէն ներս։ Մեղք, որ իրադարձութիւնները կը հասնին գայթակղեցուցիչ համեմատութիւններու։ Մայրավանքի դիւանատան գրաւումը առանց չափազանցութեան խայտառակութիւն մըն է։ Սա աշխարհասփիւռ հայութեան Սրբութիւն Սրբոց Ընդհանրական Հոգեւոր Կեդրոնին մէջ անընդունելի ու պախարակելի ոտնձգութիւն մըն է՝ հայ ժողովուրդի խղճի ազատութեան դէմ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նուիրական մթնոլորտին մէջ, Մայր Տաճարի հովանիին տակ նման իրավիճակի մը ստեղծումը երբեք արդարացում չի կրնար ունենալ։

Երէկ, երբ ցուցարարները թափանցած են դիւանատուն, այնտեղ հասնելէ առաջ հարուած հասցուցած են պահակին։ Անոնք դիւանատան պահակին վրայ յարձակած ըլլալով հանդերձ, աւելի վերջ պնդած են, որ հոգեւորականներու կողմէ բռնութեան ենթարկուած են։ Հայաստանի ոստիկանութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ յարձակում կատարուած է դիւանատան պահակին վրայ։

Երբ դիւանատան մէջ ստեղծուած են այս խայտառակ երեւոյթները, Վեհափառ Հայրապետը կը նախագահէր խորհրդակցութեան մը։ Ստեղծուած աղմուկին վրայ Նորին Սրբութիւնը բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ իջած է դիւանատան մուտքի յարկը։ Իր այնտեղ յայտնուելուն զուգահեռ իբր թէ ցուցարարները սկսած են անյարգալից ու վիրաւորական լոզունգներ արձակել Հայոց Շնորհազարդ Հովուապետին դէմ։ Վեհափառ Հայրապետը առանց տեղի տալու լքած է այդ խայտառակութեան ստեղծուած վայրը։ Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանն ալ իսկոյն կոչ ուղղած է՝ որպէսզի ամբողջ անձնակազմը լքէ դիւանատունը գրաւման պատճառով։ Հոգեւոր հայրերը Հայաստանի ոստիկանութենէն կ՚ակնկալեն տարածքի ազատուիլը։ Ցուցարարներու պարագլուխի դերին յաւակնած տխուր անձ մըն ալ յայտարարած է, որ իրենք անժամկէտ պիտի մնան Մայր Աթոռի մէջ, մինչեւ որ Վեհափառ Հայրապետը հրաժարական տայ եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տանի զինքը՝ որովհետեւ ան ազգային արժէք վաճառած է։ Արդարեւ, վերոյիշեալ տխրահռչակ նախաձեռնութիւնը կը պնդէ, որ Վեհափառ Հայրապետը վաճառած է Ս. Գեղարդը։ Միջանկեալ նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ այսօր աստուածամուխ Ս. Գեղարդը հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս կը բերուի եւ օրուան տեւողութեան կը մնայ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ։ Մինչ օրուան տեւողութեան ցուցարարները կը սպառնային անժամանակ շարունակել իրենց ամօթալի արարքները, գիշերն ալ մնացին մայրավանքի տարածքէն ներս՝ լարելով նաեւ վրաններ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան եւ դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան երէկ հիմնաւոր փաստերով ու սպառիչ մանրամասնութիւններով հերքեցին Վեհափառ Հայրապետին հասցէագրուած զրպարտութիւններն ու մեղադրանքները։ Մասնաւորապէս դիւանապետ սրբազան հօր յայտարարութիւնները անհերքելիօրէն ջրած են Վեհափառ Հայրապետին դէմ կատարուած զրպարտութիւնները՝ Ս. Գեղարդի իբր թէ վաճառուած ըլլալուն մասին։ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան բացատրած է, որ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունին համաքրիստոնէական նշանակութեամբ սրբութիւններու փոխանակման նախընթացներ։ Արդարեւ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր կեդրոններէն ստացած է հայ կամ օտարազգի սուրբերու մասունքներ։ Նոյն ձեւով Ս. Գեղարդի փոքրիկ մասունք մըն ալ նուիրաբերուած է Ռուս Ուղղափար եկեղեցւոյ եւ այդ մէկը ի պահ դրուած՝ վանքի մը մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը բացատրեց, որ եկեղեցիներու պետերու օրհնութեամբ այսպիսի քայլերու կատարուիլը աւանդութիւն դարձած է՝ որպէսզի աշխարհի զանազան անկիւններու եկեղեցիներու հաւատացեալները անոնց հաղորդ դառնալու եւ երկրպագելու հնարաւորութիւն ունենան։ Դիւանապետը որպէս օրինակ շեշտեց, որ 1970-ին եւ 1994-ին Վատիկանի կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրաբերուած են Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու մասունքները։ Իսկ 2000 թուականին Ռուս Ուղղափար եկեղեցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրաբերած էր Սկեւռայի պահարանը, որու մէջ աւելի քան քսան հայ եւ օտարազգի սուրբերու մասունքներ կը գտնուին։

Ցուցարարները նոյնիսկ փորձեցին աղաւաղել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն կողմէ տրուած այս լուսաբանութիւնները, սակայն բարեբախտաբար աւելի ուշ ձայնագրութիւններու եւ տեսագրութիւններու բուն տարբերակներու հիման վրայ պարզուեցաւ ճշմարտութիւնը։

Ուրեմն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայ շաբաթավերջը դժբախտաբար այսպիսի տխուր ու մտահոգիչ կացութեան մը մէջ կ՚անցնի։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐԻ ԿՈՉՈՒՄ

Միւս կողմէ, Էջմիածնի քաղաքապետի պաշտօնակատար Տիանա Գասպարեան երէկ հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը։ Տիանա Գասպարեան միջոց մը առաջ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ընդունուած էր՝ պաշտօնի նոր ձեռնարկած ըլլալու բերումով։ Երէկուան յայտարարութեան մէջ ան նշեց հետեւեալը.

«Յարգելի համաքաղաքացիներ, տեղեկանալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան շէնքին մէջ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամներու մասնակցութեամբ այսօր տեղի ունեցած միջադէպին՝ որպէս Համայն Հայութեան Հոգեւոր Կեդրոնի քաղաքային իշխանութիւնը ներկայացնող պաշտօնատար անձ այցելեցի Մայր Աթոռ՝ ծանօթանալու տեղի ունեցածի պատճառներուն եւ գտնելու անոնց հնարաւոր լուծման ուղիներ։ Տեղւոյն վրայ իրավիճակը քննարկուեցաւ մարզի ոստիկանապետ Արսէն Այվազեանի հետ, փորձուեցաւ գտնել իրադրութիւնը կայունացնելու ուղիներ՝ կարեւորելով հասարակական կարգի պահպանման ուղղուած գործուն քայլերու մշակումը եւ իրավիճակի յետագայ սրման անթոյլատրելիութիւնը։

«Յարգելի հայրենակիցներ, մեր երկրին մէջ պէտք է պաշտպանուին Սահմանադրութեամբ ամրագրուած բոլոր իրաւունքները, սակայն որեւէ իրաւական երկրի մէջ իւրաքանչիւր իրաւունքի իրացում կը հաւասարակշռուի հանրային շահու գիտակցութեամբ եւ այլոց իրաւունքներու յարգուելով։ Ուստի, առճակատումներէ եւ հաւանական այլ տհաճ միջադէպերէ խուսափելու համար կոչ կ՚ուղղեմ ցուցարարներուն՝ ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ հանդուրժողականութիւն, յարգել այլոց շահերը եւ իրենց սահմանադրական իրաւունքները իրացնել օրէնքի եւ իրաւունքի տիրոյթին մէջ» ։

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018
Հեղինակ` Հեղինակ
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Հեղինակ
12:40, 16.08.2018
5731 | 0
15:58, 07.07.2018
4622 | 0
դեպի վեր