ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+15 °C, +15 °C ... +27 °C Վաղը`+26 °C
Մեծ հաւատաքննիչները
13:02, 18.08.2018
3593 | 0

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Առկից Ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ Հայաստանի եկեղեցական վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ հնչած նզովքներու, բանադրանքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ հաղորդութենէն արտաքսելու փաստերուն վերաբերեալ իմ լուրջ մտահոգութիւնները։

Նզովքներ եւ բանադրանքներ կարդալ սեփական եկեղեցւոյ անդամներուն դէմ, զանոնք արտաքսել Մայր Եկեղեցւոյ ծոցէն՝ միայն նոր եւ խոր վէրքեր կը բանան Հայ Եկեղեցւոյ մարմնոյն վրայ։ Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան եւ անոր անդամներուն միջեւ առկայ խնդիրներ լուծելու միջնադարեան մօտեցումի այս խօլ ձեւերը ոչ միայն ցանկալի խոհեմութենէ ամենեւին զուրկ են, այլեւ հարցերը առաւել եւս խորացնելով՝ երկուստեք հետզհետէ դէպի մեկուսացում, ընդարմացնող անտարբերութիւն եւ ինքնակործանում կ’առաջնորդեն։

Մեկնելով ազգային եւ Հայ Եկեղեցւոյ շահերէն՝ լիայոյս կ’ուզենք ըլլալ, որ բոլոր կողմերէն, մասնաւորաբար սակայն եկեղեցական պատասխանատու շրջանակներէն, առաջարկուի կառուցողական փոխադարձ երկխօսութեան մը ոսկի ուղին, միասնական ջանքերով, աշխարհիկ եւ եկեղեցական ուժերու մէկտեղումով, կարենալ դիմագրաւելու համար ժամանակի նոր մարտահրաւէները՝ Հայ Եկեղեցին բարեկարգելու եւ զայն ժամանակահունչ դարձնելու համար։

Կանխայայտ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ առկից գրութիւնը հրապարակելու կամ զայն ընթերցելու ձեր տրամադրած թանկագին ժամանակին համար։


"The only thing necessary for the triumph of evil is for good men to do nothing." «Չարի յաղթանակին համար միակ անհրաժեշտ բանը այն է, որ բարի մարդիկ ոչինչ ընեն» ։

Անգլօ-իրլանտացի գրող Էտմընտ Պըրքին (Edmund Burke 1729–1797) կը վերագրուի առկայ գրութեանս վերոյիշեալ բնաբանը, որ արձանագրուած է Սարայեւոյի ցեղասպանութեան թանգարանի ելքին մօտ գտնուող պատերէն մէկուն վրայ։ 1995 թուականի Յուլիսին Սրեպրենիցայի մէջ իրագործուած ցեղասպանութիւնը ներկայացնող մասնագէտները Պըրքի այս ազդու պատգամը դիտումնաւոր կերպով տեղադրած են թանգարանի ելքին, որպէսզի այցելուները հոն ներկայացուած սահմռկեցուցիչ վաւերագրութիւններու ցնցող տպաւորութեան տակ անդրադառնային ու գէթ պահ մը համոզուէին, որ չարը պարզապէս բարիին բացակայութիւնը չէ, այլ առաւել եւս անոր անտարբերութիւնն է չարութեան կործանարար ուժերուն դէմ։

Վիեննայի համալսարանին մէջ ուսումնառութեանս տարիներուն ներկայ գտնուած էի աւստրիացի ականաւոր բժիշկ, հոգեբան եւ անձնասպանութեան կանխարգիլման ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնադիր Էրվին Ռինկելի մէկ բովանդակալից եւ ուսանելի դասախօսութեան, որուն մէջ ան, ի միջի այլոց, կ’ընդգծէր, թէ քաղաքական չարիքը իր վտանգաւոր սկիզբը կ’առնէ այն պահուն, երբ արժանաւոր քաղաքացիներ վախի կամ այլ հանգամանքներու բերումով կը զլանան դրսեւորելու իրենց քաղաքացիական իրաւունքը՝ գործօն եւ վճռական «ո՛չ» ըսելու չարութեան ստինքէն սնանող բռնատիրութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն։ Օրուան դասախօսը համոզիչ փաստերով կը վկայէր, որ Գերմանիոյ նացիոնալ-սոցիալիստական շարժումը, Հիթլերի գլխաւորութեամբ, արագ թափով անվերահսկելի եւ անզուսպ դարձաւ, որովհետեւ հասարակութեան մէջ շատ քիչերը պատրաստ գտնուեցան ատենին անոր դէմ համապատասխան կեցուածք ցուցաբերելու կամ ունենալու քաղաքացիական քաջութիւն դրսեւորելու գիտակցութիւն։ Ընդհակառակը, հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը ինքզինք գերազանցապէս նոյնացուց հիթլերական բռնակալութեան հետ եւ անվերապահօրէն զօրակցեցաւ անոր հզօրացումին՝ առանց կանխատեսելու անոր չարաբաստիկ եւ աշխարհակործան հետեւանքները։

Մահաբեր վտանգը սկիզբ կ’առնէ այն ժամանակ, երբ հակառակորդ նկատուող անձ մը, հաւաքականութիւն մը կամ փոքրամասնութիւն ներկայացնող ժողովուրդ մը դիտաւորեալ կը պիտակաւորուի թերագնահատող, նուաստացնող կամ անուանարկող որակումով մը, զորօրինակ` «հրեայ», «էրմենի», «գնչու», «նեգր», «կեաւուր», «ծայթ», «հերձուածող», «հերետիկոս», «աղանդաւոր», «պաւղիկեան», «թոնդրակեան», «սորոսական», այս եւ նման բազմաթիւ այլ վարկաբեկիչ գնահատականներով։ Խտրականութիւնը մահաբեր զէնք մըն է բոլոր անոնց դէմ, որոնք ընկերային-հասարակական կեանքէ պարտադրաբար կ’արտաքսուին՝ ըլլայ այդ իրագործուած պետական-քաղաքական, թէ եկեղեցական ծրագրով։ Խտրականութեան ենթարկելը առաջին քայլն է յետագայ ամենածանր ու ոճրային յանցագործութիւններուն։

«Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» մեծահռչակ վէպի վերջաբանին մէջ Լեւ Թոլսթոյ իր գլխաւոր հերոսներէն Փիեր Պեզուխովի մենախօսութեամբ կ’արտայայտէ հետեւեալ շատ պարզ թուացող, բայց իմաստային իր գործնական տարողութեամբ այնքան կարեւոր եզրակացութիւնը. «Բոլոր մտքերը, որոնք հսկայական հետեւանքներ կ’ունենան՝ միշտ պարզ են: Իմ ամբողջ միտք բանին այն է, որ եթէ անարգ եւ վատ մարդիկ իրարու հետ միանալով ուժ կազմեն, ուրեմն ազնիւ մարդիկ նմանապէս պէտք է միեւնոյնը ընեն։ Ահա՛ այսքան պարզ է» ։

5 Յունիս 1989-ին մեր աչքերուն առջեւ պարզուեցաւ քաղաքացիական կեցուածք դրսեւորող անհատի մը աներեւակայելի հերոսութիւնը։ Ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ վտիտ եւ դիւրաբեկ անձ մը կրնար գերակայ բռնութեան դէմ այդքան հզօր ուժ արտայայտել՝ առանձինն կանգնելով ու արգելափակելով թանկային ամբողջ շարասիւնի մը յառաջխաղացքը՝ Փեքինի Թիանանմեն հրապարակին վրայ։ Քաղաքացիական արդարացուած անհնազանդութեան այս ուսանելի միջադէպին իսկոյն վերահասու դարձաւ ամբողջ աշխարհը՝ անդրադառնալով, որ ընդամէնը ոչնչութիւն թուացող անհատ մըն ալ կրնայ գերակշռող անհամեմատ ուժերու դէմ կեցուածք դրսեւորել։

Իհարկէ, ոչ պակաս հիացմունքի մը զգացումը կ’առթէ միջազգային հանրութեան մէջ իրաքցի լրագրողին՝ Մունթազար Ալ-Զայիտիի ընդվզումը, որ 14 Դեկտեմբեր 2008-ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, համարձակեցաւ յաջորդաբար իր զոյգ կօշիկները նետել աշխարհի գերհզօր պետութիւնը հանդիսացող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի ուղղութեամբ՝ յայտարարելով. «Այս մէկը ողջերթի համբոյրը թող ըլլայ, շո՛ւն։ Ասիկա այրիներուն, որբերուն եւ այն բոլորին կողմէ է, որոնք Իրաքի մէջ սպաննուեցան» ։ Բնականաբար, արաբ ժողովուրդին, մասնաւորաբար իրաքցիներուն համար կօշիկով յարձակումի մը թիրախ դառնալը վարկաբեկման սոսկալի ցուցանիշ մըն է: Վիճայարոյց փաստերով մեկնարկուած իրաքեան պատերազմի, հազարաւորներու ողբերգութեան եւ համատարած կործանումի դէմ բողոքի այս անզօր թուացող անհատին արարքը դարձաւ ամբողջ արաբական աշխարհի հպարտութեան խորհրդանիշը։

Երկիր մոլորակին վրայ գոյութիւն ունի ոչ մէկ ուժ, ըլլայ ան քաղաքական թէ կրօնական, որ կարենայ ընդմիշտ թաղել ճշմարտութիւնը, իսկ անարդարութիւնն ու բռնատիրութիւնը վերածել երկարաժամկէտ եւ մնայուն կարգավիճակի մը։ Մեր կեանքի վճռորոշ պահերը երբեք կանխամտածուած կամ ծրագրուած չեն։ Ճիշդ առիթը, ժամանակի իսկական պահանջքը եւ յարմարագոյն միջավայրը կը ծնանին օրուան ակնկալուած հերոսը։ Բաւական է, որ հանրային կեանքի թէկուզ լուսանցքը գտնուող հպարտ քաղաքացի մը կամ եկեղեցւոյ շուշան ստուերին մէջ կքած աղօթարար քրիստոնեայ մը բողոքի անկեղծ եւ արժանահաւատ ձայն բարձրացնէ ընկերային անարդարութիւններու կամ մաքուր կրօնի չարաշահումին դէմ, որպէսզի ներհակ ուժերու սուտի եւ բռնութեան վրայ հիմնուած այդ ամբողջ համակարգը, ինչքան ալ հաստաբեստ ըլլան անոր պարիսպները, մէկ օրէն միւսը խորտակուի։ Ահաւասիկ, այս անհատներն են, որոնք պատմութիւն կը կերտեն եւ կը դառնան լուսատու ճրագ եւ ուղեցոյց՝ ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։

Մարդիկ սովորաբար կը զօրակցին ուժեղին, ինչ փոյթ, եթէ արդարը դառնայ ոտքի կոխան։ Չկայ աւելի վտանգաւոր բան, քան ամբոխը եւ զայն յանցագործութիւններու տրամադրող ամբոխավարները։ Չկայ աւելի մեծ գռեկութիւն, քան` ռամկութիւնը։ Այնքան հեշտ է լիաթոք եւ գռեհկօրէն պոռալ՝ «Յիսուսին ի խա՛չ», ուրեմն ի՞նչ նշանակութիւն ունի, եթէ սուրբ մը պիտի խաչուի, երբ անհատներուն եւ հաւաքականութեան շահը գերազանցապէս այդ կը պահանջէ։ Ի վերջոյ՝ «Աւելի օգտակար է մեզի, որ մէ՛կ մարդ մեռնի ժողովուրդին համար, եւ ամբողջ ազգը չկորսուի» (Յովհ. 11, 50), եզրակացուցած էր Կայիափա՝ գնահատելով շահու յարաբերութեան գերակշռող կողմը։ Արդի ընկերութեան մէջ, դժբախտաբար, առաջնահերթ չեն հոգեւոր-բարոյական սկզբունքները, թելադրող դարձած է անձնական առաւելութիւններ ձեռք բերելու, հետաքրքրութիւններ ու շահեր ապահովելու հոգեբանութիւնը, իսկ անոնք, որոնք համակերպողներու եւ քծնողներու փաղանգէն դուրս են, ընդամէնը երազկոտներ կամ իրատեսութենէ զուրկ որակուող խեղճութիւններ են։

Հետեւաբար, որո՞ւ է պէտք հպարտ քաղաքացին. արդեօք նախընտրելի չե՞ն հպատակները։ Քաղաքական իշխանութիւններու սոյն գործելաոճը որդեգրելով՝ կրօնական հաստատութիւններու վերնախաւը նոյնպէս կը նախընտրէ ունենալ կոյր հաւատացեալներու եւ ենթականերու զանգուած մը, քան գիտակից անդամներէ կազմուած հաւաքականութիւն մը, որ իբրեւ բաղկացուցիչ մէկ մասը իր հեղինակութեան՝ կը գործէ ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հաստատուած օրէնքով ու կը դառնայ գործօն ներկայութիւն իր վարչական կեանքին մէջ։ Քաղաքական եւ կրօնական հեղինակութիւնը պէտք է հիմքէն դէպի վեր բարձրանայ, այսինքն՝ ժողովուրդէն փոխանցուի իշխանութեան կամ վստահուի եկեղեցւոյ ղեկավարութեան, եւ ոչ թէ հակառակը՝ ան իբրեւ միջոց օգտագործուի սեփական ժողովուրդը կամ հաւատացեալներու դասը ճնշելու համար։

Ժողովրդավարական զարգացած երկիրներուն մէջ հեղինակութիւնը կը տարածուի բոլոր քաղաքացիներուն վրայ. իւրաքանչիւր ոք իր ընտրական իրաւունքով եւ ազատ խօսքով մաս կը կազմէ հաւաքական հեղինակութեան՝ նպատակ հետապնդելով ամէնուն բարօրութիւնը, կրթութեան եւ աշխատանքի ապահովումը։ Բռնատիրութիւնը սակայն կը ներկայացնէ բրգաձեւ, կեդրոնաձիգ համակարգ մը, ուր հեղինակութիւնն ու ուժը գագաթէն դէպի վար կը պարտադրուի, եւ զայն կարենալ կիրարկելու եւ պահպանելու համար կը բազմանայ ոստիկաններու թիւը, կը տարածուի լրտեսական ցանցը, իսկ քաղաքացիներու ամբողջական վերահսկողութիւնը կը դառնայ ներքաղաքական անհրաժեշտութիւն։ Նման համակարգով գործող կրօնական հաստատութիւն մը, ինչքան ալ անոր ակունքները սուրբ ըլլան, այլասերելով՝ իսկոյն կը վերածուի կրօնապետութեան։ Այս պարագային կրօնը չի ծառայեր իր վարդապետական երկնաւոր սկզբունքներուն՝ հաւատացեալը առաջնորդելով դէպի փրկութիւն։ Ան չ’ազատագրեր հաւատացեալի հոգին՝ ընկերային-հասարակական եւ տնտեսական կեանքի յարաբերութիւններուն մէջ այլազան մտահոգութիւններու բեռին տակ ընկճուածութենէ զայն հովուելով դէպի բարոյական ազատագրութիւն։ Ան չի մաքրեր, չի սրբեր՝ օրհնութեամբ օծելով հաւատացեալ մարդու հոգին, որպէսզի ան առաքինութեամբ լեցուած, սիրոյ ճոխութեամբ եւ արդարութեամբ զօրացած՝ կարենայ ապրիլ քրիստոնէական բարձր կեանքը։ Այսպէս, կրօնապետ մը քարընկէց մը հեռու չէ այն բիրտ եւ աշխարհիկ բռնապետերէն, որոնք բիւրաւոր քաղաքացիներու ողբերգութեան, հաւատաւոր մարդոց գայթակղութեան եւ ազնիւ ընտանիքներու քայքայման պատճառ հանդիսացած են։

Հայաստանի ազգային-եկեղեցական կեանքի ոգեւորիչ եւ ստուերոտ նորագոյն իրադարձութիւններուն հետեւեցանք մէկ կողմէն գոհունակութեան անկաշկանդ խայտանքով, միւս կողմէ՝ սրտատրոփ եւ անկեղծ մտահոգութեամբ։ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը պալատական մակերեսային ու սահմանափակ իշխանափոխութեան մը յեղաշրջումը չիրականացուց երկրին մէջ, այլ վերջին քսան տարիներուն կուտակուած անարդարութիւններուն դէմ զսպանակուած համաժողովրդային բողոքի հզօր ձայն մը հնչեցուց, որ մեր պատմութեան մէջ անտարակոյս պիտի ունենայ անկիւնադարձային եւ դարակազմիկ նշանակութիւն։ Հանրապետութեան ամբողջ տարածքով մտայնութիւն մը փոխուեցաւ, նոր հոգեբանութիւն մը կերտուեցաւ անհատ քաղաքացիներու անձնական, նաեւ հաւաքական գիտակցութեան մէջ։ Յեղափոխութեան յաջողութիւնը ինքնավստահութեան համոզումով ներշնչեց ընկերային կեանքի լուսանցքը մղուած նոյնիսկ վերջին հայաստանցին, որ «եթէ ուզեմ, ուրեմն բան մըն ալ ես կրնամ փոխել», կամ «եթէ ուզենք, միասնաբար կը հասնինք մեր ծրագրերու իրագործման նպատակին» ։

Մինչ այդ, փլուզող վարչակարգին հետ սերտաճած եկեղեցւոյ վերնախաւը գրեթէ երկու տասնամեակէ ի վեր նմանապէս պատճառ դարձած էր ներքին դժգոհութիւններու կուտակումին։ Գրաւոր եւ բանաւոր դժգոհութեանց ելոյթներ կը մնային ապարդիւն, ցորչափ եկեղեցւոյ վերնախաւին գրաւոր եւ անգիր փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ թիկունք կը կանգնէր պետական իշխանութիւնը, ու յաճախ ձիգ մկաններ ցոյց տալով՝ կը միջամտէր նաեւ հոն, ուր միանգամայն դուրս էր ոչ միայն իր հանգամանքէն, այլ նաեւ պետական-քաղաքական եւ իրաւական դաշտէն, զորօրինակ՝ ներեկեղեցական հարցերուն, ընդհուպ երկարելով իր «ամենազօր» բազուկը մինչեւ իսկ հայ սփիւռքի համայնքային-կրօնական տարածքին վրայ։

Թաւշեայ յեղափոխութեան ալիքը իրական յոյսի երաշխիք մը փոխանցեց նաեւ այն շրջանակներուն, որոնք առկայ էին եկեղեցւոյ ծոցին մէջ եւ, իրենց սրտին խորքը, հաշտ չէին ձեւով մը կայսերապապական այն մտայնութեան հետ, որ պետութիւն եւ եկեղեցի սերտաճումով գոյացած էր եկեղեցւոյ վերանախաւին մէջ։ Ընդոծին ծնունդ առաւ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումը, որ իսկութեան մէջ բողոք մըն էր ուղղուած Մայր Աթոռի ծայրագոյն ղեկավարի անձին դէմ, որուն կը վերագրուէին առկայ դժգոհութեան գոյառման դրդապատճառներն ու վերջին պատասխանատուութիւնը՝ անոր հրաժարականին կտրուկ պահանջքով։

Այստեղ ինծի իրաւունք կը վերապահեմ մեր եկեղեցւոյ ծայրագոյն ղեկավարին մասին անձնական կարծիք չարտայայտել, նաեւ տեղին չեմ գտներ հոս իր հասցէին ուղղուած բազմաթիւ մեղադրանքները գնահատել։ Բայց զիս կը հետաքրքրէ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» այս բողոքի շարժման դէմ այն հակազդեցութիւնը, որ շղթայազերծուեցաւ յաչս Մայր Աթոռի եւ կաթողիկոսամէտ որոշ եպիսկոպոսներու։ Անշուշտ գնահատելի է նախանձայուզութիւնը շատերուն, բայց անընդունելի են երկու կողմերէն ալ դրսեւորուած ներհակ պայքարի փաստացի ծայրայեղութիւնները։ Գոնէ եպիսկոպոսներու որոշակի շրջանակէ մը կ’ակնկալուէր Ս. Աւետարանի եւ քրիստոնէական ոգիին համապատասխան կամ ուղղակի Քրիստոսի սիրոյ վարդապետութեան սկզբունքներէն բխող վերաբերմունք մը, որ պիտի ըլլար իրենց առաքելաւանդ գործունէութեան եւ սիրոյ ծառայութեան մասին արժանահաւատ վկայութիւն մը։

Այդպէս չեղաւ սակայն։ Եղբայրսիրութեան, ներողամտութեան, հանդուրժողութեան, հակառակորդ կողմին հետ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը ստեղծելու փոխարէն, անոնք վարուեցան ոչ թէ քրիստոնէական իրենց բուն իսկ կոչումին՝ մաքուր հաւատքին քրիստոսաւանդ պատգամով, այլ բնութեան եւ ֆիզիկայի նիւթոնական[1]՝ «ազդում» -ի դէմ ջղուտ «հակազդում» մը իրագործելու սկզբունքով։ «Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման» մովսիսական հին օրէնքը Քրիստոս փոխարինեց Իր Անձին յաւիտենական պատարագումով, եւ այդ ամբողջանուէր ինքնազոհողութեան ընդմէջէն համայն մարդկութեան փոխանցեց Իր սիրոյ վարդապետութեան աստուածային նոր պատուիրանը՝ «Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դո՛ւք ալ զիրար սիրեցէք» (Յովհ. 13, 35) ։

Արդարեւ, սէրն է առաքինութեանց մայրը։ Ամբողջ քրիստոնէական կրօնը հաստատուած է այս եզակի, հիմնարար եւ արարչագործ սկզբունքին վրայ։ Սէր, առաքինութիւն, առանց որոնց անիմաստ պիտի դառնար ամէն ինչ։ Սէրն է, որ կ’իմաստաւորէ աղօթքն ու ծէսը, նաեւ՝ մարդկային յարաբերութիւնները։ Առանց սիրոյ աղօթքը նոյնիսկ պիտի վերածուէր դատարկ եւ իմաստազուրկ մենախօսութեան մը, իսկ մարդկային յարաբերութիւնները՝ տաղտկալի եւ ամուլ սովորութեան մը։ Հարկ կա՞յ յիշեցնելու Պօղոս առաքեալի հնչեցուցած քրիստոնէական սիրոյ մասին իմաստալից «երգ երգոցը», ուր կ’ըսէ.

«Եթէ խօսիմ մարդոց լեզուները եւ հրեշտակներունը, բայց սէր չունենամ, կը նմանիմ պղինձի մը, որ կը հնչէ, կամ՝ ծնծղաներու, որ կը ղօղանջեն։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ընելու շնորհ ունենամ եւ հասկնամ բոլոր խորհուրդներն ու ամբողջ գիտութիւնը, եւ եթէ ունենամ ամբողջ հաւատքը՝ մինչեւ իսկ լեռները տեղափոխելու չափ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ եմ։ Եւ եթէ իմ ամբողջ ունեցուածքը տամ աղքատներուն եւ իմ այս մարմինը մատնեմ այրուելու, բայց սէր չունենամ, ոչ մէկ օգուտ կ’ունենամ։ Սէրը համբերող է, քաղցրաբարոյ է. սէրը չի նախանձիր, չ’ամբարտաւանար, չի գոռոզանար, անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չար բան չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ’ուրախանար, այլ կ’ուրախանայ ճշմարտութեան վրայ. ամէն բանի կը դիմանայ, ամէն բանի կը հաւատայ, մշտապէս յոյս կը տածէ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը երբեք չ’անհետանար. թէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի չքանան. թէ լեզուներ՝ պիտի լռեն. թէ գիտութիւն՝ պիտի անցնի. քանզի հիմա մասամբ գիտենք եւ մասամբ կը մարգարէանանք։ Իսկ երբ գայ կատարեալը, մասնակին կ’անհետանայ։ […] Բայց արդ, կը մնան ասոնք երեքը՝ հաւատքը, յոյսը, սէրը. եւ ասոնցմէ մեծագոյնը սէրն է» (Ա. Կորնթ. ԺԳ, 1–13):

Բաց աստի, քաջ պիտի յուսայի, որ մեր եպիսկոպոսաց համար թերեւս շատ աւելի խօսուն եւ իրենց պաշտօնն ու կոչումը ուղղորդող ճշմարիտ կարգախօս մը եղած պէտք է ըլլար Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին հոգեթով «Առաւօտ լուսոյ» շարականին՝ «Սէ՛ր անուն Յիսուս, սիրով քով ճմլեա՛ սիրտ իմ քարեղէն» խօսքերը։ Այդպէս չեղաւ, եղո՜ւկ, այլ բրտութեան չափանիշ դարձաւ նիւթոնեան վերոյիշեալ ազդեցութեան եւ հակազդեցութեան օրէնքը, մինչդեռ իրենց մօտ որպէս հոգեւոր-բարոյական անխախտ սկզբունք տիրապետող պէտք է ըլլար Յիսուսի օրէնքը՝ ինչպէս աստուածային մեղսաքաւիչ սէրը ինծի հետ, նոյնպէս ես Քեզի հետ յարաբերութիւնը՝ խարսխուած Ս. Աւետարանի համամարդկային եւ քրիստոնէական սիրոյ, ներողամտութեան, անյիշաչարութեան եւ քաւող գթութեան վրայ։ Ի վերջոյ, ներել կարենալը զօրեղ եւ կայուն նկարագրի տէր մարդոց գործ է, որուն համար ալ Յիսուս, անկախ մեղքի որակէն ու չափէն, կը պատգամէ՝ եօթանասունեօթն անգամ ներել[2] (Մատթ. ԺԸ, 21-35) ։ Արդարեւ, ներել չկամենալը ոչ մէկ արդարացում ունի։

Քրիստոնէական բարձրագոյն բարոյագիտութիւնը կը թելադրէ, թէ մեղաւոր մը իրաւունք չունի իրեն նման այլ մեղաւոր մը պատժելու. Աստուած է, որ կը դատէ եւ ո՛չ՝ մարդը։ Հոգեւոր-բարոյական այս կեցուածքին պերճախօս ցուցմունքը Յովհաննու աւետարանին մէջ շնացող կնոջ պատմութեամբ կը դրսեւորուի արիւնկզակ փարիսեցիներուն դէմ. «Ով որ անմեղ է, թող առաջին քարը նետէ» (Յովհ. Ը, 1-11):

Ամենեւին չէի կրնար հաւատալ, որ եպիսկոպոսներէն ոմանց վերաբերմունքը գլխապտոյտ պատճառող «վերամբարձ ոտնահարութիւն» -ներով եւ «վայրաքարշ մեղկութիւն» -ներով այնքան հեռուները կրնար երթալ, որ անոնք իրենց երկնակարկառ դիրքերէն միջնադարեան արիւնալի հաւատաքննութիւնները յիշեցնող պաշտօնական բանադրանքներ[3] եւ նզովքներ[4] պիտի սահմանէին այլախոհներուն դէմ։ Ո՞ւր ենք, ո՞ր դարու մէջ կ’ապրինք, երբ համայն աշխարհն ու մարդկութիւնը հսկայաքայլ, աներեւակայելի յառաջդիմութիւններ կը նուաճէ։ Ուրկէ՞ ձեզի այդ «օգոստոսափառ» եւ «վեհազօր» յաւակնոտութիւնը՝ միջնադարեան խաւարամտութեան յետադարձ մը պարտադրելու մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։ Եւ ամենասահմռկեցուցիչը այն է, որ մեր մամուլն ալ, մասնաւորաբար՝ սփիւռքահայը, մասնակիօրէն գտնուելով կուսակցական որոշ շրջանակներու ազդեցութեան եւ ֆինանսական հակաշռին տակ, առանց հարցաքննելու կամ վերատեսութեան ենթարկելու տխուր փաստը, կը զօրակցի անոր՝ տրամադրելով իր լայն եւ հանդիսաւոր էջերը որոտացող նզովքներուն եւ բանադրանքներուն։

Թէպէտ միջնադարեան կանոնական, ծիսական ժողովածուներու՝ Մաշտոցի, նոյնիսկ Պատարագամատոյցին մէջ՝ Նիկիական հանգանակէն ետք, առկայ են նզովքի բանաձեւեր, բանադրանքներու եւ սահմանուած խիստ պատիժներու օրինակներ, սակայն, այս բոլորով հանդերձ, պէտք է անհրաժեշտօրէն նկատի ունենալ, որ անոնք կազմուած են` ժամանակի պահանջներու, լեզուամտածողութեան եւ աշխարհընկալման համաձայն: Յաւիտենական ճշմարտություններու շտեմարանը Սուրբ Գիրքն է, իսկ աւանդութիւնը անհրաժեշտաբար յարափոփոխ երեւոյթ է: Բոլոր դարերու ընթացքին եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը կանոնածիսական ոլորտներու մէջ կատարած են փոփոխութիւններ` մեկնելով ժամանակի թելադրանքէն:

Բաց աստի, դարերու հոլովոյթին եկեղեցւոյ դաշտին մէջ ոչ միայն աճած է բարի ցորենը, այլ անոր հետ նաեւ որոմը։ Ուստի՝ անպայմանօրէն պէտք է զատորոշել սրբազան աւանդոյթը, այն սովորոյթներէն, որոնք միանշանակ ժամանակավրէպ եւ վնասակար են այսօրուայ եկեղեցական կեանքի առողջ զարգացման համար։ Բնականաբար, մենք պարտաւոր ենք հետեւելու սուրբ հայրերու օրինակին, վերանայելով, լրացնելով, եւ մեր դարաշրջանի ուրոյն կնիքը ձգելով այդ ժառանգութեան վրայ, նաեւ աւելի հարստացնելով եկեղեցական աւանդութիւնը, զայն փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն: Տուեալ պարագային, որքանո՞վ է «աւանդական» եւ օգտակար պարզապէս կրկնել միջնադարեան այլեւս իմաստազրկուած բանաձեւերը, որոնք թէեւ իրենց ժամանակի համար խիստ կարեւոր համարուած են, սակայն, այսօր ամենեւին հասկնալի եւ ժամանակահունչ չեն ներկայ կեանքի ու աշխարհընկալման հետ։ Առաւել եւս անոնցմէ շատեր խորքին մէջ նոյնիսկ համատեղելի չեն Յիսուսի վարդապետութեան, Լերան քարոզի ոգիին եւ Ս. Աւետարանի բուն պատգամին հետ։

Այստեղ հարկ է նկատի ունենալ նաեւ այլ զգայուն հարց մը, թէ արդեօ՞ք Արեւելեան Հին Ուղղափառ Եկեղեցին, որուն գլխաւոր անդամներէն մին է Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին, իր սահմանած նզովքներով ու բանադրանքներով իսկապէս նկատի ունեցած է ուղղակի անձը, թէ անոր քարոզած մոլար վարդապետութիւնը[5]։ Արեւելեան Հին Ուղղափառ Եկեղեցին կը խոստովանի, որ Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով, Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան խորհուրդին մէջ մկրտուած, եւ Անոր մեղսաքաւիչ մարմնի ու արեան հաղորդութեամբ փրկութեան կոչուած, նաեւ Ս. Հոգւոյն երկնառաք շնորհներով օժտուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անձ որդեգրուելով արարիչ Աստուծմէ՝ կը դառնայ անդամ քրիստոնէական մայր եւ Ս. Եկեղեցիին։ Այս հոգեւոր որդեգրութիւնը, այլ խօսքով` եկեղեցւոյ անդամակցութիւնը անքակտելի եւ, իր էութեան մէջ, անկործանելի բնոյթ ունի, հետեւաբար այն աստուածային իրաւունք է եւ կը պատկանի Անոր խորախորհուրդ տնօրինումներուն եւ ոչ թէ կ’ենթարկուի մարդկային իշխանութեան կամ քմահաճոյքին։ Որքան ալ եկեղեցական կանոններուն, ձեռնադրութեան մաշտոցներուն եւ շարականներուն մէջ հերետիկոսաց կամ հերձուածողաց անուններ կը յիշուին, այդ անուններուն տակ, – անձամբ հակուած եմ ենթադրելու, – ոչ թէ ուղղակի անձը, այլ անոր քարոզած հերետիկոսական ուսմունքն է որ կը հերքուի, կը դատապարտուի, կը նզովուի կամ կը բանադրուի՝ անոր դէմ ջատագովելով քրիստոնէական հաւատքի բարձրագոյն ճշմարտութիւնները։

Անձ անիծել, նզովել կամ բանադրել՝ հակաքրիստոնէական, չըսելու համար հակամարդկային բարբարոսութիւն մըն է։ Եւրոպան ի՜նչ արիւնահեղութիւններ տեսաւ, տառապանքներու մէջ որքա՜ն գալարեցաւ, մինչեւ որ լուսաւորութեան դարով ի վերջոյ կրցաւ իր ուսերէն թօթափել կաթոլիկ եկեղեցւոյ հաւատաքննութեան յանցագործ հաստատութիւնը (officium inquisitionis կամ sanctum officium), որ հինգ հարիւր տարի շարունակ բիւրաւորներու ողբերգութեան եւ անարգ մահուան պատճառ դարձած էր։ Վտանգաւորը, այո՛, ամենասարսափելին այն է, որ եթէ այսօր մեր մէջ նման հաւատաքննութեան մը հնարաւորութիւնը ըլլար, այդ նզովող եւ բանադրող եպիսկոպոսները «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժման բոլոր ղեկավարները հաւատաքննութեան ճարճատուն խարոյկին վրայ կը բարձրացնէին. այո՛, գուցէ այդ ոճիրն ալ կը գործէին։

Վերջին տարիներու ընթացքին միջազգային հանրութեան մէջ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին ցնցող բազում լուրջ խնդիրներ բարձրացան, որոնց պատասխանատու հետեւանքներուն բերումով Պենետիկտոս ԺԶ. նոյնիսկ «տիեզերական քահանայապետութեան Աթոռ» -էն հրաժարեցաւ։ Այսուամենայնիւ, Վատիկան ոչ ոք նզովեց, ոչ ոք բանադրեց, ոչ ոք եկեղեցական հաղորդութենէ զրկեց, այլ վճռապէս ջանաց յանցաւորները իրենց եկեղեցական պաշտօններէն խստիւ առկախել (suspension) ։ Այս գործառոյթը եկեղեցւոյ կանոնական դրուածքին մէջ առկայ իրաւական դրոյթ մըն է եւ ոչ թէ գործուած յանցանքը կոծկելու, իսկ յանցաւորները չքմեղացնելու փորձ։ Բոլոր պարագաներուն, ցորչափ որ յանցանքը չունի աստուածաբանական-դաւանաբանական հիմք՝ ուրիշ պատժամիջոց կը նախադրէ, բայց ամենեւին ոչ՝ աղանդաւորական հալածանք, ճեզուիտական հաւատափորձութիւն, հերետիկոսական խարուկահանդէս, վհուկորսութիւն կամ դիւահանութեան ծիսակարգ։

Բացարձակապէս պիտի չյաւակնիմ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժման հետ ինքզինքս նոյնացնել, ո՛չ ալ այստեղ պիտի ուզեմ ինքնակոչ դատապաշտպանի մը դերով հանդէս գալ, այլ պարզապէս պիտի արձանագրեմ հետեւեալ փաստը, որ եկեղեցական ընդվզումի այս շարժումը «հերետիկոս» կամ «աղանդաւոր» կոչուելու ոչ մէկ աստուածաբանական կամ դաւանաբանական հիմք ունի։ Ան եկեղեցւոյ հաւատքի բացարձակ ճշմարտութիւններուն հակասող վարդապետական խոտոր ոչ մէկ թեզ ունի՝ խարանուելու վտանգաւոր միջնադար բուրող գարշահոտ աղուեսադրոշմով մը։ Անոր անհնազանդութիւնը ունի առաւելագոյնս գուցէ «կանոնական» բնոյթ եւ ատիկա արդարացուած է, ինչպէս արդարացուած պիտի ըլլար քաղաքացիական ցանկացած անհնազանդութիւն, եթէ ունենար համապատասխան հիմք կամ արժանահաւատ դրդապատճառներ։

Հայաստանեայց Առաք. մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցին հիմնովին մերժած է պապական անսխալականութեան վարդապետութիւնը՝ համոզուած ըլլալով, որ մարդ արարածը, անկախ իր ունեցած պաշտօնէն, մի՛շտ սխալական է, համաձայն Ս. Աւետարանի՝ «Ո՛վ իցէ մարդ, որ կեցցէ եւ ոչ մեղիցէ» անսուտ վկայութեան։ Անսխալականութիւնը ուղղակի անմարդկայնութի՛ւն է։ Ոչ ոք լուսապսակով կը պտըտի` ո՛չ վեղարին վրայ, ո՛չ ալ վեղարին տակ, ընդհուպ մինչեւ այն վեղարները, որոնք ադամանդակուռ խաչով զարդարուած են։ Հետեւաբար, անձեռնմխելիութիւն գոյութիւն չունի մեր եկեղեցւոյ դրուածքին մէջ։ Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը, ամենաբարձրէն մինչեւ ամենախոնարհը, հաշուետու է նախ Աստուծոյ, ապա հայ ժողովուրդին առջեւ, որ իրեն վստահած է ծառայելու այդ հոգեւոր պաշտօնն ու հեղինակութիւնը։ Եկեղեցւոյ կալուածին մէջ հեղինակութիւնը միայն ծառայական է եւ չի կրնար ըլլալ ինքնանպատակ՝ բիրտ ուժ կիրարկելու, ճնշելու, պարտադրելու, հալածելու, ընկճելու, ազատազրկելու, նզովելու, բանադրելու, եկեղեցւոյ մայրական գորովագութ ծոցէն հեռացնելու իմաստով։ Հայ հաւատացեալը իր հաւատքը ժառանգած է իր ազգի, տոհմի եւ ընտանեաց ջերմեռանդ միջավայրէն, իր աղօթամրմունջ ծնողաց սրբակրօն աւանդութենէն, եւ ոչ թէ ինքզինքին աստուածային ստորոգելիներ վերագրող եպիսկոպոսապետի մը քսակէն, որ իրաւունք վերապահէ քմահաճօրէն Հայ Եկեղցւոյ հաղորդութենէն կամ առաքելականութենէն զրկելու ոեւէ հայ հաւատացեալ կամ համայնք։

Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Ս. Օգոստինոսի կը վերագրուի հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած այս խորիմաստ արտայայտութիւնը. «Ձեզի հետ միասնաբար քրիստոնեայ եմ, ձեզի համար եպիսկոպոս եմ, բայց չեմ ուզեր առանց ձեզի երկինք բարձրանալ» ։ Այս կարգախօսը կոչումնաւոր եւ օրինակելի ապրելակերպը պէտք է ըլլար մեր եպիսկոպոսներուն եւ ոչ թէ «որդիք որոտմանց» անսանձ եւ անվերահսկելի նախանձայուզութեան գործելաոճը՝ ըլլալու «պապէ աւելի պապական» կամ «աւելի թունդ քան գինիէն դարձած քացախը» ։

«Կենցաղ եկեղեցականաց՝ գիրք աշխարհականաց», այսինքն` եկեղեցականներու ապրելակերպը պէտք է աշխարհականներու համար կեանքի ուղեցոյց հանդիսանայ, վանական հին նշանաբան մըն է. արդեօ՞ք այսօր ի զօրու է ան. կրնա՞յ սա հոգեւոր սպասաւորներուն ապրելաձեւը այսուհետեւ մեզի ուղեցոյց ըլլալ։

Իրենց անձը շինծու եւ փքուն հանգամանքներով շպարել եւ խորաններէ շարունակ ինքզինքին սիրահարած նարկիզական եկեղեցի մը քարոզել՝ ոչ ոքի է պիտանի։ Եկեղեցին սոսկ ազգային անկենդան յուշարձան մը չէ, այլ իր հաւատաւոր ժողովուրդին հետ ժամանակին մէջ ապրող եւ ժամանակին հետ քալող իրականութիւն մը, որ ունի հիմնական նպատակ. երաշխաւորել իր հօտին եւ անոր ամէն մի հաւատաւոր անդամին փրկութիւնը, ուղղորդել մարդը, որ ըլլայ իր աստուածադրոշմ էութեան համապատասխան, իր բարոյական կոչումին գիտակից եւ իր հոգեւոր առաքելութեան ներդաշնակ։

Բնականաբար, իւրաքանչիւր մարդ որպէս մարդ կու գայ աշխարհ իր մարդկային արժէքով, անբռնաբարելի արժանապատուութեամբ եւ անկապտելի իրաւունքով։ Բայց իւրաքանչիւր անձ աւելի՛ եւ իսկական մարդ կը դառնայ իր ապրած կեանքով, իր ըրած գործով, նաեւ աշխարհի ու մարդկութեան համար ժառանգ ձգած վկայութիւններով։

Արդարեւ, լիայոյս պիտի ուզենք ըլլալ, որ Հայաստանեայց Առաք. մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը կոպտօրէն հակազդելու, կարծր եւ անզիջող կեցուածք ցուցադրելու փոխարէն, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժումը ընկալէ իբրեւ լուրջ քննադատութիւն մը՝ ուղղուած եկեղեցւոյ իշխող վերնախաւին դէմ, մօտակայ անցեալի եւ ներկայի բոլոր տեսակի թերացումներուն համար։

Առ այս, փոխադրաձ մերձեցումի կամուրջ եւ կառուցողական երկխօսութեան հիմք պիտի դառնար նախ եպիսկոպոսաց իմաստուն եւ վեհանձն վերաբերմունքը՝

Ա. Յետս կոչելու հնչեցուած նզովքներն ու բանադրանքները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հաղորդակցութենէ զրկելու արձակուած ապարդիւն վճիռները։

Բ. Հայաստանեայց Առաք. Ս. Եկեղեցին, – որ պատմականօրէն հոգեւոր-մշակութային ստեղծագործական ձեռքբերումներու գերագոյն արգասիքներէն մին է հայ ժողովուրդին, – վերադարձնել իր բուն տիրոջը, այսինքն՝ հայ ժողովուրդին։ Հայ Եկեղեցւոյ միակ տէրը ի յերկինս Քրիստոս է, իսկ յերկրի՝ հայ ժողովուրդը։ Հայ Եկեղեցին դարերուն մէջ աստուածային ներշնչումով կոփուած, տաշուած եւ յղկուած անգնահատելի ադամանդ մըն է, որ երկնային հոգեւոր եւ անստուեր լոյսը իր մէջ կը ներառնէ եւ զայն բիւրեղապէս արտացոլելով՝ կը փոխանցէ իր ժողովուրդին։ Սակայն եւ այնպէս, ամենաթանկագին ադամանդին վրայ յառաջացած նուազագոյն բիծն անգամ կը նուազեցնէ անոր արժէքը։ Հետեւաբար, եպիսկոպասաց սեպուհ պարտականութիւնն է այդ նոյն ադամանդը իր երկնառաք սրբութեամբ, անբիծ մաքրութեամբ, աստուածային լուսաճաճանչ փայլքով եւ կենսագործ առաքելութեամբ վերադարձնել հայ ժողովուրդին։

Գ. Շնորհիւ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքարկող շարժման, հայութիւնը համայն անգամ մը եւս անդրադարձաւ, որ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ առկայ է մեծ բաց մը, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր քննարկուող, միշտ յամեցած եւ ցայսօր չհանգուցալուծուած խնդիր մը՝ մեր եկեղեցին բարեկարգելու, զայն ժամանակահունչ դարձնելու հրամայական պահանջքը։ Սոյնը ոչ թէ պարզապէս ներեկեղեցական, այլ գերազանցապէս ազգային առաջադրանք մըն է։ Այսօր ազգը, իր կարգ մը առաջնահերթութիւններու կողքին, աւելի քան երբեք պէտք ունի նաեւ իր հոգեւոր մարզին՝ եկեղեցիի բարեկարգութեան, որ նուազ կարեւորութիւն չի ներկայացներ, քան իր ֆիզիքական ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը։ Առանց հոգեւորի՝ նիւթը անկենդան է, իսկ միայն հոգեւորն ալ՝ անգործնական։ Մին կ’ամբողջացնէ միւսը, կամ փոխադարձաբար՝ մին կը պայմանաւորէ միւսին զարգացումն ու հզօրացումը։

Եկեղեցին հայկական, ոչ միայն ազգային իմաստով, այլ միջազգային գնահատումով, արեւելեան հոգեւոր աւանդութիւններու հարուստ շտեմարան մըն է։ Անոր խնկաբոյր ծոցին մէջ կը խաչաձեւուին եւ իրենց հաշտարար համադրումը կը գտնեն Աղեքսանդրիոյ այլաբանութեան թռիչքը, Անտիոքի մեկնաբանութեան ճշգրտութիւնը, Բիւզանդիոնի խորհրդապաշտութիւնը, նոյնիսկ Լատինին Բարձր Միջնադարու մտահայեցական դատողութիւններուն համակարգը, նաեւ Երուսաղէմի հին ծէսին ու երաժշտութեան վեհացնող գեղեցկութեան անայլայլելի դրոշմը։

Բայց զգո՜յշ, պարզապէս գոհանալ ժառանգուածը պահել-պահպանելով՝ բաւարար չէ, այլ պէտք է զայն ներկային մէջ թարգմանել, արժեւորել ու զարգացնել։ Աւետարանին մէջ Յիսուսի աւանդած քանքարներու առակը լաւագոյն յարացոյցն է այս իրողութեան (Մատթ. 25, 14-30) ։ Հետեւաբար, պէտք չէ կամայ թէ ակամայ տարուիլ թանգարանային հոգեբանութեամբ եւ ենթարկուիլ պահպանողականութեան ընդարմացումին։ Կառչիլ լոկ աւանդական սկզբունքներու եւ ժամանակի բնական հոսքին դէմ եւ ստեղծել պահպանողական անզիջող ուղղութիւն մը` նոյնիսկ վնասակար է, որովհետեւ յառաջդիմութեան կասեցումը տկարութեան եւ անկարողութեան նշան է, որ կ’անդամալուծէ եկեղեցիին աշխոյժ եւ կենսահաղորդ կեանքը ու զայն կը զրկէ մարդկային ընկերութեան մէջ կեանքը Քրիստոսի ներկայութեամբ իմաստաւորող եւ Անոր փրկարար խորհուրդին մասին վկայութիւն տուող իր բուն նպատակէն։ Ուստի, հարկ է լաւ ընկալել ժամանակի ոգին եւ ճիշդ գնահատել անոր առաջադրած հրամայականը։ Սոյնը քաջութեամբ եւ իմաստուն հեռատեսութեամբ ընդունիլը հայեցակարգային առաջնահերթ կէտերէն մին պէտք է ըլլայ հայ ժողովուրդի աշխարհիկ եւ հոգեւոր առաջնորդներուն՝ նախապատրաստելով եւ մեկնարկելով հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան պատմական այս չափազանց նշանակալից պատեհութիւնը։

«Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» կարգախօսը ոչ միայն իբրեւ վեհագոյն նպատակ կ’առաջադրէ հոգեկիր, սուրբ, աստուածարեալ եւ ազգընտիր նոր հայրապետի մը բարձրացումը Լուսաւորչի քահանայապետական գահուն վրայ, այլ նաեւ կը պահանջէ ունենալ հոգեւոր, ծիսական եւ վարչական մարզերէն ներս հիմնապէս վերանորոգուած, ներքնապէս ու արտաքնապէս մաքրագործուած Հայաստանեայց Առաք. Ս. Եկեղեցի մը, որ մնալով հանդերձ երկրպագելի միածնաէջ լուսոյ սուրբ խորան մը՝ պահէ իր ազգային դրոշմն ու ժողովրդավարական նկարագիրը։


Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

________________________________________

[1] Նիւթոնի դասական ֆիզիքայի երեք հիմնական օրէնքներէն երրորդը՝ «Ազդումը միշտ ունի հաւասար եւ հակադիր հակազդում, այլ կերպ, երկու մարմիններու փոխազդեցութիւնները միմեանց հաւասար են եւ հակառակ ուղղուած։ F 1, 2 = F 2, 1» ։

[2] Ինչպէս չտպաւորուիլ ու չզգածուիլ Նարեկացւոյ սա գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ. «…Ոչ փոխադրել անդրէն չարի չար, այլ եւթանասնիցս եւթն թողուլ անդուստ ’ի յաւուր զիւրաքանչիւր մեղանաց զպարտս» (Բան ԺԵ, Դ։ Հմմտ. Սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատենագրութիւնք, Վենետիկ, 1840, էջ 35) ։

[3] «Այսու, ես՝ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանս, մեր Տիրոջ կողմէ փոխանցուած Առաքելական շնորհով, ձեռնադրութեամբ եւ օծմամբ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս, որպէս Տաւուշ աշխարհի՝ Հայոց հիւսիս-արեւելեան կողմանց դարպասներու առաջնորդ, որպէս Մխիթար Գօշ մեծ վարդապետի, Վանական վարդապետի ժառանգութեան հսկողն ու շարունակողը, ինծի տրուած «կապելու եւ արձակելու» իրաւունքով եւ իշխանութեամբ, կը կապեմ Կորիւն աբեղան եւ իր չար աղանդի անդամները՝ որպէս հերձուածողներ եւ դուրս կը դնեմ զանոնք Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն մինչեւ իրենց կատարեալ զղջումն ու ապաշխարութիւնը եւ վերադարձը Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան գիրկը»:

Յովակիմ եպս.ի բանադրանքը. «Ես կը երկրորդեմ իմ հոգեւոր եղբօրս՝ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանի բանադրանքը՝ եպիսկոպոսական իմ իշխանութեամբ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք այլեւս զրկուած են Հայ Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդուելէ՝ մինչեւ իրենց զղջումը, խոստովանութիւնն ու ապաշխարութիւնը» ։

[4] Աբգար եպս.-ի նզովքը. «Ինձ փոխանցուած վերնատուր շնորհով. «Ճշմարիտ եմ ասում ձեզ, ինչ որ կապէք երկրի վրայ, կապուած պիտի լինի երկնքում։ Եւ ինչ որ արձակէք երկրի վրայ, թող արձակուած լինի երկնքում» (Մատթ. ԺԸ, 18, Բ. Կորնթ. Ժ, 3-6, Կանոնք Առաքելական, ԻԳ) նզովում եւ կապում եմ Կորիւն չիք աբեղային և սրա չար հերձուածի հետեւորդներին՝ զրկելով Սուրբ Մայր Եկեղեցու հաղորդութիւնից մինչ կատարեալ զղջում ու ապաշխարութիւն: Մեր այս նզովքի տակ կ’ընկնեն նաեւ նրանք, որ համակիր են սրանց»:

[5] Այս մասին 70-ական թուականներուն, Ս. Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, ուսանելի դասախօսութիւն մը ներկայացուց Հնդիկ Արեւելեան Ողղափառ Եկեղեցւոյ ականաւոր աստուածաբաններէն՝ Դոկտ. Պաուլոս Մար Գրիգորիոս մետոպոլիտը։ Ան պատմականաստուածաբանական համոզիչ փաստերով կը նշէր բոլոր այն էական տարբերութիւնները, որոնք յատկանշական էին Միջին դարերու կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական-դաւանաբանական մտածողութեան եւ Արեւելեան Հին Ողղափառ եկեղեցիներու ընկալման միջեւ։ Հիմնական տարբերութիւններէն մին, որ ան կ’ընդգծէր, ճիշդ բանադրանքներու եւ նզովներու վերաբերեալ մեկնաբանութիւնն էր, ըստ ուրում` Արեւելեան Հին Ուղղափառ եկեղեցիները վերապահ գտնուած են անձ նզովելէ, նոյնիսկ եթէ անձը եղած է կրողը այդ մոլար վարդապետութեան։ Եկեղեցին միշտ նզոված է հերետիկոսութիւնը եւ ոչ հերետիկոսը, մեկնելով հաւատքի այն ժառանգութենէն, թէ Աստուած կը մերժէ մեղքը, բայց ոչ մեղաւորը։ Երջանկայիշատակ հնդիկ մետրոպոլիտի այդ օրուան ելոյթը արժանացաւ Վազգէն Վեհափառի բարձր գնահատանքին։

Մամուլի խոսնակ` Ազատ Խոսք
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Ազատ Խոսք
դեպի վեր