ՊԱՅՔԱՐ թերթի խմբագրութեան, Թերթիդ մէջ վերջերս լոյս կը տեսնեն զանազան գրութիւններ, որոնց մէջ Մայր Աթոռի այժմու գահակալին դէմ պայքարը կը նոյնացուի Մայր Աթոռին, աւելին` Հայ Եկեղեցւոյ դէմ երեւակայական պայքարի մը: ՊԱՅՔԱՐ-ը խօսնակներէն մէկն է կուսակցութեան մը, որուն մամուլը ՏԱՐԻՆԵՐՈՎ թոներով թուղթ սպառեց՝ գրելով մէկ ուրիշ ցոփակեաց ու աւազակ սքեմաւորի` Երուսաղէմի չարայիշատակ չպատրիարք Եղիշէ Տէրտէրեանի դէմ: Գէորգ Եազըճեան Երեւան, 3 սեպտեմբեր 2018 |