ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+10 °C, +10 °C ... +26 °C Վաղը`+25 °C
Գարեգին Բ իր կամայականութիւններուն մեղսակից կը դարձնէ ուրիշ եկեղեցականներ եւս...
00:39, 12.03.2019
3851 | 0

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ-Ի ՍՏՐՈՒԿ ԷՏՄՈՆ ԿՈՏԱԼԱԶԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽԱՌՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ


Մարդկութեան, այդ թիւին՝ մեր ազգին մէջ անպակաս եղած են զրպարտիչներն ու բանսարկուները: Մեր օրերուն անոնցմէ է ինքն իրեն մտաւորական ներկայացնող Էտմոն Կոտալազեանը, որ աւելի յայտնի է իբրեւ Երուանդ Ազատեան: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պառակտման գլխաւոր դերակատար այս արարածը կուսակցութիւնը քանի մը կտորի բաժնելէ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը ծախելէ եւ գումարը գրպանելէ ետք, հաւատարիմ իր խառնակիչ էութեան, վերջին շաբաթներուն պառակտած է նաեւ ՌԱԿ-ի պառակտուած իր թեւն ալ՝ լուրջ խնդիրներ ունենալով ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ կոչուող մարմինի նախագահ Վարդան Նազիրեանի հետ:

Հերիք չէին Կոտալազեանի յիշեալ ստոր արարքները, վերջին ամիսներուն ան ոգի ի բռին կը ծառայէ Հայ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռի քանդումը շարունակող Գարեգին Բ կոչուած արարածի գձուձ շահերուն: Կոտալազեանական հերթական զրպարտագիրը հրատարակուեցաւ իր պատասխանատու խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Պայքար» շաբաթաթերթի 10 մարտ 2019-ի թիւին մէջ (էջ 6) ՝ «Կարգազուրկ նախկին եկեղեցականը դարձեալ գործի վրայ» գրգռիչ վերնագիրին տակ՝ Պ. ստորագրութեամբ (ի դէպ, այս ստորագրութեամբ երբեմն հանդէս կու գայ նաեւ թերթի խմբագրական կազմի անդամ Պայծիկ Գալայճեանը, թէեւ հրապարակման ոճը դոյզն կասկած իսկ չի թողուր, որ ան Կոտալազեանին կը պատկանի. փաստօրէն, Կոտալազեանը կը փորձէ իր խառնակչութեանը նենգութեամբ ընդգրկել բանէ բամպակէ անտեղեակ Պայծիկ Գալայճեանը):

Ամբողջ հրապարակումը հեղինակուած է հեգնական ու լկտի ոճով՝ հիմնուած սուտերու եւ ճշմարտանման կեղծիքներու ձեռնածումներու վրայ: Մէկ առ մէկ պարզենք այդ խաբեբայութիւններն ու սուտերը.

- Հրապարակումը կը սկսի յայտնելով, թէ ըստ լրատուամիջոցներու, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութիւնը «քանի մը ամիս հանգստանալէ վերջ կրկին գործի անցած է»: Եթէ չգիտնայինք Կոտալազեանի խառնակիչ էութիւնը, կրնայինք պահ մը ենթադրել, թէ 85 տարեկանի սահմանին մօտեցող այս արարածին ուղեղը սկսած է ցնդիլ: Փոքր, միջին եւ մեծ եղջերաւոր կոտալազեաններուն աւետենք՝ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութիւնը երբեւէ չէ հանգստացած եւ հանգստանալու միտք ալ չունի մինչեւ, առնուազն, Մայր Աթոռը պղծած ու մեր Եկեղեցին անդադար խայտառակող Գարեգին Բ-ի հեռացումը Ս. Լուսաւորիչի գահէն: Նախաձեռնութեան վերջին մեծ ցոյցերէն մէկն էր անցեալ տարուան 15 դեկտեմբերին Վաղարշապատի մէջ ինքնաշարժներով բողոքի երթը, որ հանդիպեցաւ Գարեգինի աւազակախումբի յարձակումին: Կարելի՞ է անցեալ տարուան դեկտեմբերը յայտարարել մարտ ամիսէն «քանի մը ամիս» հեռու: Բանսարկու կոտալազեաններուն համար՝ խեղաթիւրելը ջուր խմելու պէս սովորական վարմունք է:

- Կոտալազեան կը գրէ, թէ «կաթողիկոսի իրաւասութեան մէջ է կարգազուրկ հռչակել եկեղեցական խնդիրները փողոց իջեցնող անձ մը»:

Այս նախադասութիւնը կարիքն ունի քանի մը յստակացումներու.

Առաջին. Զուտ «եկեղեցական խնդիրներ» չեն իրականութեան մէջ, եւ եթէ այդպիսիք ալ են, անոնց բուն աղբիւրը Գարեգին Բ-ն է:

Երկրորդ՝ այդ խնդիրները բազմիցս արծարծուած են Մայր Աթոռի ծիրին մէջ՝ նախքան փողոց հանուիլը, սակայն ապարդիւն: «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութենէն պատուիրակութիւններ անցեալ ամառ մէկ առ մէկ հանդիպեցան Հ.Հ.ի թեմակալ առաջնորդներուն կամ առաջնորդական տեղապահներուն՝ թեմական առաջնորդարաններուն մէջ, եւ նոյնիսկ մէկ անգամ եղան Մայր Աթոռ՝ հանդիպելով Գարեգին Բ-ին, բացատրեցին Հայ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռին մէջ տիրող անմխիթար վիճակը, Գարեգին Բ-էն խնդրեցին անաղմուկ հեռանալ եւ թող տալ որ նոր կաթողիկոս մը գալով փորձէ շտկել կացութիւնը: Նոյնիսկ առաջարկեցինք ընտրել աթոռակից կաթողիկոս եւ անոր յանձնել իրաւասութիւններուն մեծագոյն մասը, այնպէս ինչպէս այսօր կայ Հռոմի երկու պապ, թէեւ Ֆրանցիսկոսը կը կատարէ բուն պապի պարտականութիւնները՝ միլիառաւոր մարդոց սէրն ու յարգանքը վայելելով: Սակայն Գարեգին Բ-ն, յենած իր յանցակից Սերժիկ Սարգսեանի ու անոր թափթփուքներուն, ինչպէս նաեւ նենգութեան ու խարդաւանքներու մեծ վարպետ մի քանի սքեմաւորներու հաւաստիացումներուն վրայ, չլսեց մեր խնդրանքները, չուզեց լսել իր բացարձակ բռնատիրութիւնը սահմանափակելու մեր յորդորները, եւ շարունակեց ու դեռ կը շարունակէ իր անհակակշռելի բռնակալական իշխանութիւնը Մայր Աթոռին մէջ՝ լռեցնելով խնդիրներու մասին շշուկ հանողներն իսկ:

Երրորդ՝ Գարեգին Բ-ն մինչեւ հիմա կարգազուրկ ըրած է կամ իր անփառունակ գահակալութեան տարիներուն կարգաթողութեան ստիպած է շուրջ 80 օծուած հոգեւորականներ (Մայր Աթոռը լքած սարկաւագները դեռ չհաշուած): Բանսարկո՛ւ Կոտալազեան, ի՞նչ է, այդ բոլոր եկեղեցականները փողո՞ց իջած էին: Ինչո՞ւ կարգազուրկ յայտարարուեցան Ռուսիոյ թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Տիրան արք. Կիւրեղեանը, Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի փոխտեսուչ հոգեշնորհ Տէր Եղիա աբեղայ Խաչատրեանը, Զուիցերիոյ հայոց հոգեւոր հովիւ, պատմաբան, աստուածաբանութեան դոկտոր արժանապատիւ Տէր Աբէլ քահանայ Մանուկեանը, Մոսկուայի հայոց յոյժ սիրուած հոգեւոր հովիւ, Գարեգինի ու անոր Եզրաս չ-արքեպիսկոպոս եղբօր ստորութիւններով մահուան հասցուած արժանայիշատակ Տէր Մարտիրոս քահանայ Պէրպէրեանը (Պուրճ Համմուտի Արաքս փողոցի մուտքի երբեմնի Գրատուն Նուպարի սեփականատէր բարեյիշատակ Նուպար աւագ սարկաւագի որդին) եւ յիշեալներուն նման պատրաստուած, սիրուած, գործունեայ ու նուիրեալ հոգեւորականներ: Կոտալազեանները, անշուշտ, կը նախընտրեն լո՜ւռ անցնիլ Գարեգին Բ-ի այս պաշըպօզուքութիւններուն վրայէն:

Չորրորդ՝ ոչ պակաս կարեւոր «մանրուք» մը. Գարեգին Բ վախկոտ արարածը (աշխարհական անունով՝ Կտրիճ, իրականութեան մէջ՝ կտրիչ) կարգազրկութիւնները կը կատարէ Մայր Աթոռի, այսպէս կոչուած, Կարգապահական յանձնախումբի որոշումին հիման վրայ, այսինքն՝ իր կամայականութիւններուն մեղսակից կը դարձնէ ուրիշ եկեղեցականներ՝ յանցանքի ամբողջական պատասխանատուութիւնը իր վրայէն թօթափելու համար:

- Կոտալազեան կը գրէ, թէ «կարգազուրկ Կորիւն վարդապետը» ապօրինի «ղեկավար» է (չակերտաւորումը՝ բանսարկու Կոտալազեանինն է – Գ. Ե.), ուստի անոր առաջնորդած նախաձեռնութեան անդամներուն արարքները եւս ապօրինի են:

Նախ՝ Կոտալազեա՛ն, Հայր Կորիւն Առաքելեանը աբեղայ է, վարդապետ չէ, թէեւ շատ եւ շատ վարդապետներէ աւելի վարդապետ է՝ այս բառի սուրբգրային իմաստով:

Երկրորդ՝ Կոտալազեան «կը մոռնայ», կամ մոռնալ կը ձեւացնէ, որ այդ «արարքները» կը կատարուին սեփական օրէնքներն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, եւ ՄԻԱՅՆ այդ օրէնքներն են որոշողը, թէ այս կամ այն արարքը կը համապատասխանէ՞ օրէնքին, թէ՞ ոչ: Այսինքն՝ Կոտալազեան ինք իրեն տուած է նաեւ դատախազի կամ դատաւորի իրաւասութիւններ Հ.Հ.ի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ վճիռներ կայացնելու: Աւելցնենք, որ ի տհաճութիւն կոտալազեաններու եւ անոնց ստրկատէր գարեգիններու, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան հաւաքներուն ու խաչերթերուն անվտանգութիւնը Գարեգինի աւազակախումբերէն կ'ապահովէ Հ.Հ.ի ոստիկանութիւնը: Տրամաբանութենէ զուրկ եւ խռֆած Կոտալազեանը ինքն իրեն հարց կու տա՞յ, թէ Հ.Հ.ի ոստիկանութիւնը ինչո՞ւ պիտի ապահովէր նախաձեռնութեան՝ Հ.Հ.ի սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ամրագրուած՝ խօսքի ազատութեան իրաւունքին անխոչընդոտ իրականացումը եթէ այդ արարքները ապօրինի ըլլային: Անշուշտ, նոյն ոստիկանութիւնը Սերժիկի բռնատիրութեան տարիներուն սաղմին մէջ իսկ պիտի խեղդէր այդ բռնակալութեան կցորդ, այլեւ անոր անբաժան մասնիկ, այդ աւազակախումբի իշխանութիւնը բազմիցս օրհնած Գարեգին Բ-ի քիմքին ոչ հաճելի ամէն միտք ու արարք:

- Կոտալազեան «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութիւնը կը մեղադրէ համայն հայութեան անունով խօսելու կամ գործելու ամբաստանութեամբ: Իրականութիւնը այն է, որ համայն հայութեան շուրջ 80 տոկոսը դէմ է Գարեգին Բ-ի աթոռազաւթման շարունակութեան, իսկ եւս շուրջ 10 տոկոսը առնուազն չի համակրիր այդ արարածին: Եթէ Կոտալազեանն ու անոր նման թերահաւատ թովմասները չեն հաւատար ընկերային ցանցերու մեկնաբանութիւններուն վրայ հիմնուած այս թիւերուն, կ'առաջարկենք կազմել հարցախոյզի միացեալ խումբ մը (Գարեգին Բ-ն չսիրողներէն ու սիրողներէն (???!!!) բաղկացած) եւ հանրային վայրերու մէջ Հ.Հ.ի պատահական քաղաքացիներու ուղղել հարցումներ Գարեգին Բ-ի մասին: Կ'առաջարկեմ սակայն, որ այդ յանձնախումբին մէջ իգական սեռի անձեր չըլլան, քանի որ շատ յաճախ հայհոյանքներ ալ պիտի լսուին արու քաղաքացիներուն բերնէն՝ Գարեգին Բ-ի հասցէին:

- Կոտալազեան կը դժգոհի, որ Հայր Կորիւնը կը շարունակէ սքեմը «ապօրինաբար» կրել: Մեր նախաձեռնութեան անդամներն ու համակիրները ՉԵՆ ՃԱՆՉՑԱԾ ՈՒ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՃԱՆՉՆԱՆ Հայր Կորիւնին կարգալուծութեան ՀԻՄՔԷՆ ԻՍԿ ԱՆՎԱՒԵՐ որոշումը: Հայր Կորիւնը եղած է, է՛ եւ կը մնա՛յ տիպարը իր ազգին ու ազգային Եկեղեցւոյ անմնացորդ նուիրեալ եկեղեցականին՝ հովիւ քաջ եւ առանց ամօթոյ, որպիսիք գրեթէ ամբողջովին վերացած են այսօր մեր Եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս նոյն ինքն Հայր Կորիւնը կը յայտարարէ, սքեմը իրեն համար դարձած է իր մաշկին շարունակութիւնը, եւ ոեւէ մէկը չի կրնար զայն հանել իր վրայէն: Ի դէպ, Գարեգին Բ-ն իր աւազակախումբին հրահանգած է իր աւազակախումբերուն՝ այդ բանն ընել: Խորհուրդ կու տայի հեռու մնար նման յիմարութիւն փորձելէ, քանի որ անյապաղ կը ստանան համարժէք պատասխանը՝ պատուիրատուին եւ կատարողներուն համար ծանրագոյն հետեւանքներով:

- Կոտալազեան կը յաւակնի յայտարարել, թէ ատենին «դիմազերծած» են եղեր «Քոմփաս հիմնարկի տնօրէն Կարէն Պետրոսեանը», եւ կ'աւելցնէ, որ Կարէնը իբրեւ թէ խոստովանած է, որ «նպաստընկալ է Ճորճ Սորոսի Բաց Հասարակութեան Հիմնարկութեան»: Հաւատարիմ իր լկտի եւ զրպարտչական ոճին, Կոտալազեան կը շարունակէ. «Կ'երեւի թէ ան (Կարէն Պետրոսեանը – Գ. Ե.) արդէն սպառած է իր վարձատրութիւնը եւ անցած է նոր առաքելութեան մը՝ նոր կարգախօսով - «Նոր Հայաստան, նոր Սորոս» »:

Համապարփակ պատասխանելը այս սուտերուն եւ խեղաթիւրումներուն՝ մեծ տեղ պիտի զբաղցնէր: Բաւարարուինք քանի մը հպանցիկ նշումներով միայն:

Առաջին՝ Կոտալազեանը երեւի նկատի ունի «դիմակազերծած» . եթէ Կարէնի դէմքը զերծած ըլլային (Աստուած մի՛ արասցէ) ՝ ան նոյն պահուն իսկ մահացած կ'ըլլար (դարձեալ՝ Աստուած մի՛ արասցէ) … Այսքան տարրական բանն ալ չի գիտեր Կոտալազեանը, որ ամէն մեղքիս վրայ, նաեւ գրողի ինքնասիրահարուածութեան հոգեկան ախտէն կը տառապի՝ հեղինակած ըլլալով վաղուց աղբանոցին մէջ հանգրուանած քանի մը գիրքեր՝ հայերէնի իր այս տգիտութեամբ:

Երկրորդ՝ Կարէն Պետրոսեանը երբեւէ չէ եղած Քոմփաս հետազօտական կեդրոնի (եւ ոչ թէ հիմնարկի) տնօրէն: Ան, հետազօտութիւններու ծիրին մէջ, ընդամէնը գործակցած է այդ կառոյցին հետ, որու հետազօտութիւնները կը կեդրոնանան Կիւմրիի տեղական ինքնակառավարման հարցերու ուսումնասիրութեան վրայ:

Երրորդ՝ «Քոմփաս» ը առ այսօր իրականացուցած է շուրջ 30 ծրագիր, որոնցմէ ընդամէնը մէկը ամբողջութեամբ, քառորդով ալ երկրորդ մը ֆինանսաւորած է Բաց Հասարակութեան Հիմնադրամի (ոչ թէ հիմնարկութեան) հայաստանեան մասնաճիւղը, իսկ դրամաշնորհին ընդհանուր գումարը չէ գերազանցած երկու տասնեակ հազար ամերիկեան տոլարը: Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել «Քոմփաս» ի եւ «Բաց Հասարակութեան Հիմնադրամ» ի հայաստանեան մասնաճիւղի կայքերուն մէջ, որոնք թափանցիկ են՝ ի տարբերութիւն Մայր Աթոռի ու անձամբ Գարեգին Բ-ի՝ անթափանցութեան հաստ շերտով ծածկուած եւ լայն հանրութեան անհասանելի դրամական շրջանառութեանց:

Չորրորդ՝ այո՛, տնտեսական գիտութիւններու թեկնածու Կարէն Պետրոսեան անցած է «նոր առաքելութեան մը» . ան կէս տարիէ ի վեր տնօրէնի պաշտօնակատարն է Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի Կիւմրիի մասնաճիւղին:

Հինգերորդ՝ իրականին մէջ ովքե՞ր եղած են Սորոսի հիմնադրամէն Հ.Հ.ի եւ առհասարակ հայկական միջավայրին մէջ օգտուողներն ու Սորոսին գործակիցները. անոնց զգալի տոկոսը Գարեգին Բ-ի ամենամօտիկ շրջապատի ՀՀԿ-ական եւ ՀԲԸՄ-ական կարկառուն դէմքեր են՝ Վիգէն Սարգսեան, Գէորգ Կոստանեան, Արամ Սիմոնեան, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն, Հ.Բ.Ը.Մ.ի իսկապէ՛ս հայաշունչ դպրոցներ փակած Պերճ Սեդրակեան… Վերջինս աւելի քան տասնամեակ մը առաջ նոյնիսկ պարգեւատրած է Ճորճ Սորոսը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան հետ Սորոսի մտերմիկ հանդիպման մը ընթացքին՝ «աշխարհի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու տարածման մէջ անոր մեծ ներդրումին համար»: Այս բոլորէն ետք, առանց որեւէ հիմք ունենալու, ելլել եւ Կարէն Պետրոսեանը, ու անոր ընդմէջէն՝ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումը մեղադրել Սորոսէն գումարներ ստանալու համար՝ պարզապէս ստորութիւն է, վայել միայն Գարեգին Բին ու անոր ստրուկ կոտալազեաններուն:

Արաբ միջնադարեան հեղինակ Իպն ալ-Ռումին վեզիրի մը ենթական պախարակող իր սպանիչ բանաստեղծութեան վերջաւորութեան, յոգնած անոր եւ անոր շրջապատի մարդոց մարմնական ու բարոյական արատները քննադատելէն, կու տայ բանաստեղծութեան յանգը՝ կոչ ընելով ընթերցողներուն, որ այդ յանգաւորումով շարունակեն պախարակել այդ արարածը: Համանման Իպն ալ-Ռումիի կոչին, մեր ընթերցողները կը հրաւիրենք մեր այս գրութեան ոճով հրապարակել իրենց մտորումները Կոտալազեանի ու անոր նման գաճաճներու մասին:


Գէորգ Եազըճեան

Երեւան, 11 մարտ 2019

Մամուլի խոսնակ` Ազատ Խոսք
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Ազատ Խոսք
դեպի վեր