ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+15 °C, +13 °C ... +24 °C Վաղը`+27 °C
«Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ զանգուածային նեխուածութեան վերաբերող լայն տեղեկութիւն եւ ապացոյցներ կան»
22:26, 09.06.2019
4957 | 0
Արդեօ՞ք հոգեւորականները պատանդ բռնուած են պաշտպանելու համար չափազանց նեխուած Արք. Յովնան Տէրտէրեանին
Արեւմտեան թեմի բազմաթիւ ծխական անդամներ եւ կողմնակիցներ աւելի գիտակից դարձած են այն մասին, որ կոռումպացուած հոգեւոր առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեան իր հոգեւոր հեղինակութիւնն ու կարգավիճակը կը չարաշահէ հոգեւորականներուն զանոնք պատանդ բռնելով: Ան կը մեղադրուի անոնց որպէս մարդկային վահան օգտագործելու համար, ցոյց տալ փորձելով, որ ան «ժողովրդական է» եւ անոնց կողմէ արժանի է «աջակցութեան»:
Այս նոր մարտավարութիւնը յայտնուած է վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին հետզհետէ լայնատարած դարձող քննադատութեան եւ սանձարձակ ապաժողովրդականութեան ֆոնի վրայ:
Համայնքի լայն շրջանակներու անդամներ մտահոգուած են հոգեւորական անդամներու կողմէ պահպանուած կամ հարկադրուած կասկածելի լռութեան համար եւ շատերը հարց կուտան. «Այդ հոգեւորականները կը լռեն սունկի նման աճող կոռուպցիայի դէմ, վախնալով, որ կը կորսնցնեն իրենց անձնական ֆինանսական շահերը: Կամ արդեօ՞ք անոնք ալ Տէրտէրեանին նման են»:
Այդ ի՞նչպիսի հոգեւոր եւ բարոյական քարոզիչներ են անոնք, երբ անոնք կ'անտեսեն Արեւմտեան Թեմի մասսայական կոռուպցիան: Կամ արդեօ՞ք անոնք նոյնպէս նեխուածութեան մէջ են, ինչպէս Արք. Տէրտէրեան, Հոլիվուդի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիի հովիւ Մանուկ Քհնյ. Մարգարեան, եւ անոր որդին‘ Յարութ Մարգարեան, որ թեմի գործադիր քարտուղարն է:
Ի՜նչ խիղճով է, որ այդ հոգեւորականները Սբ. Պատարագ կը մատուցեն եւ իրենց քարոզները կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին, երբ իրենց քիթին տակ, անոնք ականատես կ'ըլլան նեխուածութեան տարածման, ստի, գողութեան, փաստաթուղթերու կեղծման, գողութեան եւ Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններու կոտրման իրենց մեծաւոր Արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ իր զինակիցներու կողմէ։
Արդեօք այդ քահանաները մի թեմի կրօնական խորհրդի մա՞ս կը կազմեն, որ կարգադրեց բարոյապէս եւ հոգեւոր կերպով առողջ քահանաներու փիլոնազրկումը եւ կամ պաշտօնազրկումը: Եթէ անոնք Տէրտէրեանի կլանին մասը չեն կազմեր, անոնք կրնա՞ն քաջութիւն ունենալ, առաջ գալ եւ իրականացնել իրենց բարոյական եւ հոգեւոր պարտականութիւնը, խօսելով եւ բացայայտ քննադատելով Արք. Տէրտէրեանի կողմէ կատարուած սխալները։
Համայնքի բազմաթիւ անդամներ հարց կու տան. «Արդեօք անոնք ունի՞ն բաւարար ինքնայարգանք եւ քաջութիւն, որպէսզի կարողանան այդ ընել: Արդեօք անոնք պիտի ճեղքե՞ն լռութեան պատը եւ դադրի՞ն շփոթուելէ որպէս Արք. Տէրտէրեանի դաշնակիցներ»: Որքան շատ անոնք խօսելու մէջ կը զլանան, այնքան աւելի մեղսակից կը դառնան: «Լուռ մնալը նման է դանդաղ աճող հոգիի քաղցկեղի եւ այդ ճշմարիտ վախկոտի նկարագրի գիծ է: Ոչ մէկ խելացի բան կայ անձիդ կամ ճշմարտութեան համար դիրք չբռնելուդ մէջ»:
Վերջերս, Արք. Տէրտէրեան եւ Մարգարյան Քհնյ. սկսեցան յայտնուիլ տարբեր հայկական հեռուստաալիքներով եւ հեռուստայայտագիրներով, որպէսզի հակազդեն ամերիկահայ համայնքէն ներս լայնամասշտաբ քննադատութեան ալիքներուն: Անոնց ելոյթները այնպէս մը ծրագրուած են որպէսզի դրական տպաւորութիւն ստեղծեն իրենց մասին այն ժամանակ, երբ համայնքի խոշոր հատուածներ արդեն տեղեակ են իրենց բազմաթիւ նեխուած գործողութիւններու մասին եւ որոնց կարգին՝ սուտը, գողութիւնը, փաստաթուղթերու կեղծումը եւ այլն: Արդեօք թեմի հոգեւորականները հանգիստ կը զգա՞ն Տէրտէրեանի եւ Մարգարեանի կողմէ Արեւմտեան թեմի ներկայացման գաղափարին հետ: Տէրտէրեան եւ Մարգարեան զոյգով արդեօք անոնք յարմար կը զգան իրենց անձնական համբաւը կապելու Տէրտէրեան եւ Մարգարյան զոյգին ճակատագրին:
Մօտ մէկ տարի առաջ այդ հոգեւորականները կրնային արդարացնել իրենց լռութիւնը‘ ըսելով, որ, տեղեակ չեն սխալներու մասին: Բայց հիմա, Տէրտէրեանի կողմէ զանգուածային նեխուածութեան վերաբերող լայն տեղեկութիւն եւ ապացոյցներ կան, եւ անոնք այլեւս չեն կրնար պնդել, թէ «չեն գիտեր» նեխուածութեան մասին: Եթէ այդ հոգեւորականները շարունակեն պնդել, որ դեռեւս տեղեակ չեն նեխուածութեան բազմաթիւ փաստերու մասին, անհանգիստ թող չըլլան, «ԱՄՆ Հայ Կեանք» ը կը շարունակէ իր լրագրական առաքելութիւնը իրականացնել բազմաթիւ նոր որակումներով‘ սկսած Տէրտէրեանի Արեւմտեան թեմ ժամանման առաջին օրերէն։ Հետեւեցէք յառաջիկայ թիւերուն։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» -ի եւ "USA Armenian Life"ի
Մամուլի խոսնակ` Ազատ Խոսք
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Ազատ Խոսք
դեպի վեր