ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+25 °C, +14 °C ... +25 °C Վաղը`+25 °C
Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանի մասնակցութեամբ
23:35, 27.01.2021
1983 | 0

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանի մասնակցութեամբ

Pontifical Legation of the Western Europe сейчас


«ԻՄ ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ ՀԱՍՏԱՏ ՄՆԱՑԷՔ ԵՒ ՇԱՏ ՊՏՈՒՂ ՏՈՒԷՔ»
Վատիկանի մէջ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ, Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանի մասնակցութեամբ
---------------
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի (Վատիկան) մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան, վերջերս հրաւիրուած էր մասնակցիլ կարգ մը միջեկեղեցական արարողութիւններու, որոնք կազմակերպուած էին Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս։
Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանի հրաւէրով Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան 19 յունուարին մասնակցեցաւ՝ եկեղեցիներու միութեան նուիրուած արարողութեան մը, որու ընթացքին քարոզեց։ Այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանի մատրան մէջ, ուր ներկայ էին դասախօսներ, աշակերտներ եւ վարչութեան անդամներ։ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզին իբրեւ բնաբան ընտրած էր այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան համար ընտրուած՝ Յովհաննու Աւետարանի 15: 5-9 հատուածը. «Իմ սիրոյ մէջ հաստատ մնացէք եւ շատ պտուղ տուէք» ։
Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան շեշտեց, որ Յովհաննու Աւետարանին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի պատգամը մեզի՝ իբրեւ քրիստոնեաներ ցոյց կու տայ կեանքի կարեւորագոյն ճշմարտութիւնը: Արդարեւ, Տէր Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք կրնանք Իր սիրոյ մէջ հաստատ մնալ հետեւելով «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես սիրեցի ձեզ» (Յովհ. 15: 12) պատգամին: Նորին Սրբազնութեան խօսքով՝ մենք կրնանք կեանքի ուրախութեան եւ երջանկութեան պտուղները վայելել, երբ Քրիստոսի մէջ հաստատ մնանք, զիրար սիրենք այնպէս, ինչպէս Ան մեզ սիրեց։ Քարոզիչ սրբազան հայրը մատնանշեց, որ Յովհաննու Աւետարանին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի այս պատգամը բոլոր քրիստոնեաներու համար լաւագոյն ուղղեցոյցն է իրականացնելու միասնականութիւնը։ Որթատունկը մէկ է, իսկ ճիւղերը բազում։ Անոնք իրենց սնունդը կը ստանան նոյն արմատէն՝ ինչպէս տարբեր եկեղեցիներ, որոնք իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ, կրելով տարբեր մշակոյթներ, ունենալով տարբեր սովորութիւններ, տարբեր լեզուներ, սակայն բոլորին արմատը, հիմքը նոյնինքն Քրիստոսն է։ Բոլորն ալ նոյն արմատէն իրենց կեանքը, սնունդը կը ստանան՝ դառնալու համար պտղատու։

Մամուլի խոսնակ` Նիդերլանդական Օրագիր
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Նիդերլանդական Օրագիր
14:58, 02.04.2024
295 | 0
00:09, 09.03.2024
810 | 0
դեպի վեր