ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+13 °C, +13 °C ... +27 °C Վաղը`+26 °C
DiasporArm-ԿՈՉ
00:35, 24.04.2021
1669 | 0

DiasporArm-ԿՈՉ


Հայկական սփիւռքը, որ կը կազմէ ազգի հոգիին 75-էն 80 առ հարիւրը եւ անոր տնտեսական ուժին 98 առ հարիւրը (նկատի ունենալով իւրաքանչիւր համայնքի չափը եւ Համախառն ներքին արդիւնքը (GDP) ), տարածուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, ուր հայեր յարմարած են զիրենք հիւրընկալող երկիրներու տարբեր մշակոյթներուն եւ լեզուներուն: Մինչ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները կազմակերպուած պետութիւններ են՝ ղեկավարուած նախարարութիւններով կազմուած կառավարութիւններու կողմէ, իւրաքանչիւրը ունենալով իր սեփական կառոյցը եւ ֆինանսաւորման համակարգը, Սփիւռքը կը կառավարուի, եթէ կրնանք այդպէս կոչել, տարբեր բնոյթի տեղական կազմակերպութիւններով, որոնցմէ ոմանք ազգային եւ միջազգային պատկանելիութիւն ունին: Սփիւռքը «կառավարող» քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ մարդասիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ամբողջութիւնը, ոմանք հատուածային եւ յաճախ իրարու հետ մրցող, շատ յաճախ կը գործէ առանց կանոնաւոր կամ կայուն ֆինանսաւորման:

Մեկնելով Սփիւռքի գոյատեւումը ապահովելու եւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ամրապնդման նպաստելու հարցերէն, եւ կատարելէ ետք բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ՝ Սփիւռքի մէջ մտաւորականներու, գործիչներու եւ ղեկավարներու հետ, հետեւեալ առաջարկը կ'ընենք.
«Հիմնել համաշխարհային, լաւապէս ֆինանսաւորուած, ժողովուրդէն բխած կազմակերպութիւն, որ պիտի համակարգէ Սփիւռքի ռազմավարութիւնը եւ գործունէութիւնը, պիտի գործածէ գոյութիւն ունեցող կարեւոր ոչ գործուն աղբիւրները, պիտի աջակցի նոր նախաձեռնութիւններու եւ լաւագոյնին պիտի հասցնէ ներկայ ճիգերը»:
DiasporArm-ի տեսլականը եւ առաքելութիւնը հիմնականին մէջ տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային մարզերն են, զերծ մնալով կուսակցական քաղաքական կամ կրօնական ուղղութիւններէ: Ատիկա ունի ստորեւ նշուած նպատակները.

1) Յայտնաբերել եւ ներգրավել Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող կարեւոր ոչ գործուն աղբիւրները, ստեղծել կամուրջներ եւ փոխյարաբերութիւններ սփիւռքի զանազան համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հետ, բացայայտելով իւրաքանչիւր համայնքի, նոյնիսկ ամէնէն փոքրին, գոյութիւնը եւ կարեւորութիւնը:

2) Ստեղծել հարստութիւն եւ զանազան արժէքներ` գործածելով ցանցերը եւ միացնելով անհատներն ու հաստատութիւնները:
3) Սփիւռքին տալ համակարգուած ուղղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծել սփիւռքի աշխուժ ուժերուն միջեւ՝ արդիւնքները լաւագոյնին հասցնելու նպատակով:
4) Նպաստել Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայերու տնտեսական զարգացումին:
5) Ձեռնարկել հաղորդակցութիւն, կրթութիւն եւ ներշնչում՝ մեր մշակոյթը եւ հայրենիքը հպարտութեան առարկայ դարձնելու համար:
6) Աշխարհի մէջ հայկական շահերը պատշպանել:
7) Խթանել եւ աջակցիլ մշակութային աճի զարգացումին:
8) Լուծումներ գտնել մտահոգիչ ընկերային հարցերուն, ինչպէս՝ ապահովել տարեցներու համար կեցութեան վայրեր, ստեղծել ընկերային բարօրութեան ծրագիր, եւ դիւրացնել հայրենադարձութիւնը:

9) Նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

DiasporArm-ի հիմքը պիտի կազմէ անհատական մասնակցութիւնը՝ շեշտը դնելով համայնքի ոչ գործուն անդամներու մասնակցութեան հաւաքագրումին վրայ: Պիտի ֆինանսաւորուի իր անդամներուն կողմէ, որոնք ժողովրդավարական ձեւով պիտի ընտրեն խորհրդատու մարմիններ տարբեր ոլորտներու մէջ, եւ պիտի դրսեւորեն թափանցիկութիւն՝ հրապարակելով տնտեսական տեղեկագիրները: DiasporArm պիտի համագործակցի նման նպատակներ ունեցող միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններու հետ:
Կոչ կ՛ուղղենք անոնց, որոնք ծանօթ են իրենց պարկեշտութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, անոնց, որոնք կը հաւատան այս գործին, յարգալիր են, անոնց, որոնք հայկական շահերը վեր կը դասեն հատուածային եւ անձնական շահերէն, միանան, նպաստեն եւ մասնակցին DiasporArm-ի ստեղծումին:

Յովէլ Շնորհօքեան
Լը Ռէնսի
Ֆրանսա
Ապրիլ 2021
www.diasporarm.org

https://diasporarm.org/hyw/
-----------
DiasporArm - The Call

The Armenian Diaspora, which includes 75-80% of the nation’s souls and about 98% (Considering the size and GDP per community) of its economic power, is scattered throughout the world, with Armenians adapted to different cultures and languages of their respective host countries. While the Republics of Armenia and Artsakh are states and as such organized, ruled by governments constituted by ministries, each with its own structure and funding, the Diaspora is governed, if we may call it as such, by local organizations, disparate by nature, which for some have national and international affiliations. The multitude of political, cultural, religious and philanthropic organizations which "govern" the Diaspora, some partisan and often competing with one another, operate in most cases with no proper funding.
With the concerns of the Sustainability of the Diaspora and contributing to the consolidation of the states of Armenia and Artsakh and after extensive consultation with Diaspora intellectuals, activists and leaders, we can make the following proposal:
"To establish a global, well financed organization, emanating from the people, which will coordinate the Diaspora strategy and actions, make use of the significant available inactive resources, support new initiatives and optimize existing efforts".
The vision and mission of this organization (the DiasporArm) is primarily economic, educational, cultural and social, refraining from partisan political or religious orientations and has the hereunder objectives:

1. Identify and mobilize the significant available inactive resources of the Diaspora, create bridges and interactions among different Diaspora communities and with the homeland, revealing  the existence and importance of each community, even the tiny ones.
2. Create wealth by using networks, by linking individuals and enterprises
3. Give the Diaspora a coordinated direction, create synergy among the active forces within the Diaspora to optimize results,
4. Contribute to the economic development of Armenians in the Diaspora and the Homeland,
5. Undertake communication, education and inspiration, to make our heritage and homeland a subject of pride,
6. Defend the Armenian interests around the world,
7. Promote and support the advancement of cultural growth,
8․ Address social issues of concern, such as homes for the elderly, social welfare, facilitation of repatriation,
9. Contribute to the security of Armenia and Artsakh,

The DiasporArm will have an individual membership base with emphasis on recruiting participation of non-active community members. It will be funded by its members, who will democratically elect its board of directors, and have transparency by publishing its financial reports. The DiasporArm will cooperate with global and local organizations having similar objectives.
We call upon those known for their integrity and devotion, those who have faith, are respectful, who hierarchize the Armenian interests above the partisan and personal to join, support and participate in building up DiasporArm.

Hovel Chenorhokian

Le Raincy – France
April 2021
www.diasporarm.org
https://niderlandakan.livejournal.com/481565.html

Մամուլի խոսնակ` Նիդերլանդական Օրագիր
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Նիդերլանդական Օրագիր
14:58, 02.04.2024
293 | 0
00:09, 09.03.2024
794 | 0
դեպի վեր