ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Շիրակի Թեմի առաջնորդ Միքայէլ Արք. Աջապահեան՝ Առաջին Լրատուական հեռուստակայանին հետ վերջերս ունեցած ելոյթի ընթացքին, պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումին՝ թէ ինչո՞ւ Հայց. Եկեղեցին ճգնաժամի մէջ է այսօր, տուաւ հետեւեալ չնաշխարհիկ միտքը. «Որտե՞ղ է ճգնաժամը: Ճգնաժամը ոմանց ուղեղներում է, ճգնաժամ չկայ: Ոմանք իրենց ուղեղներում ճգնաժամ են ստեղծել, և կարծում են թէ ճգնաժամ կայ: Ճգնաժամ չկայ» ...: Ահաւասիկ Մայր Աթոռի բարձրաստիճան եկեղեցականի տրամաբանութիւնն ու մտքի կուրութիւնը՝ բացորոշ իրողութիւններու հանդէպ: Այսպէս ուրեմն, Միքայէլ արքեպիսկոպոս կը փորձէ մեզի համոզել թէ ամէն ինչ բնական է այսօր՝ մեր Եկեղեցիէն ներս: Չե՛նք կրնար, ո՛չ ալ ինքնախաբէութեամբ տարուած կ՛ուզենք յայտարարել, թէ Եկեղեցին լուրջ տագնապներու առջեւ չի կանգնիր այսօր: Ընդհակառակն, այնքա՜ն բազմակողմանի են Եկեղեցւոյ կարիքներուն եւ եկեղեցականութեան հետ կապուած հրատապ հարցերը: Եւ սակայն, Աջապահեաններու նման հաւկուր մարդիկ, խնկարկելով Գարեգին Բ.ին, իրենց գլուխը աւազին մէջ խրած՝ կը յաւակնին յայտարարել թէ «ճգնաժամ» չկա՜յ: Անառարկելի իրողութիւն է որ Գարեգին Բ.ի գահակալութեան տարիներուն շատցան աղանդաւորները, որովհետեւ ան աւելի ուշադրութիւն դարձուց իր առեւտրական հաշիւներուն քան թէ իր հոգեւոր առաքելութեան: Շատ դիւրին է ժողովուրդը մեղադրել եւ ըսել, թէ մարդիկ աղանդաւորական շարժումներու կը հետեւին զանազան ընկերային եւ տնտեսական պատճառներով, թէկուզ որոշ ճշմարտութեամբ: Գարեգին Բ.ը արդեօք պահ մը մտածե՞ց եւ ծրագրե՞ց միջոցներ՝ այդ բոլորին առաջքը առնելու համար: Արդեօք ջերմեռանդօրէն նուիրուեցա՞ւ հոգեւոր առաքելութեան եւ մխիթարե՞ց Աւետարանի քարոզութեան ծարաւ հոգիները: Մոռցա՞ւ արդեօք, թէ ինչպէ՛ս նախագահ Ռ. Քոչարեանի օրով մորմոնները մուտք գործեցին Հայաստան: Մայր Աթոռի գահակալը երբեւիցէ քաջութիւնը ունեցա՞ւ հրապարակաւ դէմ արտայայտուելու այդ թոյլտուութեան, ինչպէս Ռուսաց պատրիարք Ալեքսիս ըրաւ իր երկրին մէջ, թէ՞ ինքն ալ մաս եւ բաժին ունէր այդ առատօրէն բաշխուած միլիոնաւոր գումարներէն: Դժբախտաբար տասնեւինն տարիներու դառն փորձառութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրաւ դառն իրականութեան մը առջեւ: Բռնակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՆԴԸ` «կարգալոյծ» հռչակուած եկեղեցականներուն ցանկը, ներկայացուցած ենք ասկէ առաջ մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ առ ի գիտութիւն համայն հայութեան, տեսնելու այդ տխրահռչակ անձին մէջ՝ քինախնդրութիւնը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնն ու յիշաչարութիւնը: Եւ այս բոլորէն ետք յայտարարել թէ եկեղեցին ճգնաժամի մէջ չէ՝ կը նշանակէ կամաւոր կուրութիւն, ինքնախաբէութիւն եւ սնափառութիւն: Նշենք այստեղ, թէկուզ անցողակի, գոնէ որոշ թիւով գլխաւոր ճգնաժամային հարցեր.- 1.- Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ ներդաշնակ գործունէութիւն: ԸՆթերցողը կը հասկնայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ բռնակալ կաթողիկոս ունենալ, որ 19 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին առեւանգեց ամէն սրբութիւն եւ կանոնագրութիւն, որովհետեւ զօրակցութիւնը կը վայելէր պետութեան մէջ իշխող քրէական համակարգին: Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը սարսեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով: Որքան դատապարտելի է բարձրաստիճան հոգեւորականութեան կրաւորական վիճակը, նո՛յնքան եւ առաւել եւս դատապարտելի են, նամանաւանդ սփիւռքի մէջ, մեր քաղաքական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններուն, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն, ամուլ մտաւորականութեան եւ հայ մամուլին դրսեւորած անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը: Ի վերջոյ, ժողովուրդի կողմէ «ընտրուած» պատգամաւորներն են որ կը կազմեն Ազգային Եկեղեցական Ժողովը, որուն իրաւասութեան տակ կ’իյնայ ընտրել կաթողիկոսն ու Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները: Այսօր մեր ժողովուրդը կ’ապրի քսանմէկերորդ դարու պատմութեան անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը, նամանաւանդ հայրենիքէն ներս, եւ անհրաժեշտ կը նկատենք որ կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներու վերականգնումի աշխատանքին նուիրուինք ազգովին, եթէ կ’ուզենք տոկալ նոր մարտահրաւէրներուն որոնք կը կանգնին մեր առաջ իրենց բոլոր դժուարութիւններով, մասնսաւորաբար մեր նորահաս երիտասարդութեան առջեւ: Անհրաժեշտ է յստակօրէն սահմանել մեր ժողովական մարմիններու աշխատանքի դաշտն ու կերպը: Առանց վարանելու պարտաւոր ենք խօսիլ անոնց կազմերուն մէջ անսահմանափակ ժողովրդական մասնակցութեան կարեւորութեան մասին՝ միշտ մերժելով նշանակումները կաթողիկոսներէն մինչեւ առաջնորդները, որոնք պառակտումներ յառաջացուցած են մեր կրօնական, ազգային եւ կրթական հաւաքական կեանքին մէջ եւ կը յիշեցնեն մեզի ամիրայականութեան տխրահռչակ տարիները: Ո՛չ ալ խորհրդային օրերէն ժառանգուած՝ տիրելու եւ ղեկավարելու կիրքերը մեզ պէտք է առաջնորդեն մեր ազգային, նամանաւանդ կրօնական անդաստանէն ներս: Մեր ժողովուրդը հայրենիքէն ներս թէ դուրս, իրաւունք ունի խօսելու եւ քննարկելու Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին: Իւրաքանչիւր անհատ եթէ ունի բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ, անհրաժեշտ է որ յայտնէ իր կարծիքը: Լռելը ոսկի չէ այս պարագային, եւ լռութիւնը չի՛ նշանակեր որ բարւոք վիճակ մը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ կազմակերպական ընհանուր կեանքը: Ո՛չ ոք յանդգնութիւնը թող ունենայ յայտարարելու թէ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը միմիայն կրօնականներո՛ւն գործն ու պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակն՝ Եկեղեցին ժողովուրդն է իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝ անոր սպասաւորները: Հետեւաբար անհրաժեշտ է խօսիլ, քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել ի նպաստ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, հեռու՝ անհատական բոլոր դիտաւորումներէ: Մայր Աթոռը իր աթոռակալով հանդերձ չէ տուած մեզի հաւաստիացումը թէ ան կանգնած է, կամ կը ցանկայ կանգնիլ իր երբեմնի պատմական դերին մէջ: Ընդհակառակն, մինչեւ այսօր, հակառակ անկախ Հայաստանի «բարենպաստ» պայմաններուն, խուսափած է Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով հրաւիրելէ, որովհետեւ հոն չկայ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն. հոն կայ հաշիւ եւ դրամ: Մայր Աթոռը անտարբերութեամբ դիտեց աղանդներու խուժումը հայրենիքէն ներս, սառնարիւնութեամբ մօտեցաւ արտագաղթին, եւ ո՛չ մէկ ճիգ թափեց գէթ լուծում մը առաջարկելու հայրենի անկուշտ եւ ագահ իշխանաւորներուն, որոնք օրն ի բուն կեղեքելով ժողովուրդը՝ դատարկեցին հայրենիքը: |
Subscribe to the news feed