МАМУЛ.ам
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+11 °C, +5 °C ... +16 °C Завтра+20 °C
Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարք սիրուած էր բոլորին կողմէ...
11:51, 11.06.2019
4291 | 0

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը խոր վիշտով իմացաւ մահը Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց 84րդ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին։ Անոր մեկնումը այս երկրաւոր կեանքէն անկասկած որ մեծ կորուստ մը եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին համար: Երիտասարդ, յաղթահասակ, քաջարի այս հովուապետը տակաւին շա՜տ տալիք ունէր Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով իր ժողովուրդին: Քաղաքական դժուարին եւ դաժան պայմաններու տակ իմաստութեամբ ղեկավարեց պատրիարքական աթոռը եւ խոր նուիրումով ու քրիստոնէավայել հաւատքով ծառայեց իր ժողովուրդին:
Որքա՛ն տպաւորիչ՝ նո՛յնքան յուզումնախառն էր իմ առաջին հանդիպումս պատրիարքին հետ, Պոլսոյ մէջ Սեպտեմբեր 2004-ին: Պահ մը փշաքաղուեցաւ մարմինս երբ ողջագուրուեցանք, որովհետեւ աչքիս առջեւ եկաւ երանաշնորհ Զարեհ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը: Մեսրոպ Պատրիարքը ներհուն, տիպար հոգեւորական էր՝ բառին լիիրաւ եւ ամբողջական իմաստով: Կեանքը ապրեցաւ Տիրոջ պատգամին համաձայն եւ իր մաքրակենցաղ ապրելակերպով առաւել եւս արժեւորեց իր սքեմը, նամանաւանդ պատրիարքական պատմական Աթոռը, որուն արժանընտիր գահակալը եղած էր:

Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան, գրականութեան եւ կանոններուն քաջածանօթ այս հոգեւորականը չվարանեցաւ իր խօսքը ըսելու, երբ նկատեց օրինական խախտումներ: Իր հոգեւոր սպասաւորութեան ամբողջ ընթացքին ամէն տեսակ դժուարութիւններու առջեւ ցոյց տուաւ իր աննկուն կամքը -- Օրմանեան Պատրիարքին նման, որուն հանդէպ մեծ սէր եւ յագանք ունէր -- հակառակ ա՛յն իրողութեան որ միշտ հսկողութեան, չըսելու համար հալածանքի, տակ էր պետական այրերու, նամանաւանդ ծայրայեղականներու կողմէ: Մեր հանդիպման ատեն նոյնիսկ, խնդրեց որ մեր խօսակցութիւնը կատարենք սենեակէն դուրս, «պատերը ականջ ունին» պատրուակելով: Աւելին ըսելու պէտք չկայ...

Ո՛չ միայն իր պատրիարքական տարիներուն, այլ նաեւ անկէ տարիներ առաջ՝ 1980-ական թուականներէն սկսեալ քաջաբար միշտ իր ձայնը բարձրացուց բողոք ներկայացնելով պետութեան մօտ, փոքրամասնութեանց նկատմամբ որդեգրուած խիստ օրէնքներուն եւ միջոցառումներուն դէմ: Թուրք պետութիւնը անվարան փորձեց Մեսրոպ սրբազանը երկուքէն-հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտել՝ որպէս յեղափոխական յերիւրեալ զրպարտութիւններով:

Ո՛չ միայն որպէս հոգեւորական, այլեւ որպէս ՄԱՐԴ, հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարք սիրուած էր բոլորին կողմէ, եւ այդ ջերմ սիրոյ արտայայտութիւնն էր՝ ժողովուրդին խուռներամ ներկայութիւնը իր թաղման արարողութենէն մինչեւ Շիշլիի գերեզմանատունը: Ի տես այդ բազմութեան, անգամ մը եւս յիշեցի երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսի թաղմանական թափօրին քայլերթը անդադրում տեղատարափ անձրեւներու տակ՝ Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ Անթիլիասի կաթողիկոսանիստ Մայր Տաճարը: Հանգի՜ստ իրենց յոգնաբեկ ու տառապեալ հոգիներուն...

Խորապէս կը ցաւէր որ միութիւն եւ համերաշխութիւն չկար մեր Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն միջեւ: Նկատի ունենալով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գահակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բռնատիրական վարչամեքենան, միջոցներ կ'որոնէր առ նուազն համերաշխութիւն ստեղծելու միւս երկու նուիրապետական Աթոռներուն հետ: Այստեղ կ'արժէ յիշատակել թէ ի՜նչ անհաճոյ եւ անվայել դժուարութիւններու հանդիպեցաւ հոգելոյս պատրիարքը Հայաստանի մէջ, ո՛չ միայն հայրենի մամուլին, այլ նաեւ պետական այրերուն կողմէ, երբ գլխաւորեց համախոհներու այն խմբակը որ կը փափաքէր Մայր Աթոռի վրայ տեսնել այդ օրերու կաթողիկոսական տեղապահ՝ Ներսէս Արք. Պոզապալեանը:

2007 թուականի Հրանդ Տինքի սպանութեան հետեւանքով, ահաւոր հոգեկան ապրումներ ունեցաւ Մեսրոպ Պատրիարք: Մահուան սպառնալիքները սաստկացան իր դէմ, մասնաւորաբար թուրք ծայրայեղականներու կողմէ, որոնք զինք կը նկատէին յաջորդ նոխազը: Այս հոգեկան մղձաւանջներուն մէջ սկսաւ տկարանալ օր ըստ օրէ, եւ քիչ մըն ալ անհասկնալի եւ խորհրդաւոր պատճառներով՝ տեղական բժիշկներու համաձայն իր մօտ ի յայտ եկաւ ուղեղային հիւանդութիւն մը, որ զինք զգետնեց եւ անկողնի դատապարտեց յաջորդող առաւել քան տասը տարիներուն:

Բոլորս ալ գիտենք թէ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական բռնատիրական պայմաններու տակ Պոլսոյ պատրիարք ըլլալը այնքան ալ բաղձալի կամ ցանկալի չէ: Պոլսահայ մեր արենակից եղբայրները նոր բարդութիւններու առջեւ պիտի կանգնին դարձեալ: Ասկէ առաջ մեր նախորդ գրութիւններէն մէկուն մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձած ենք այս թնճուկին: Ա՛լ կասկածէ վեր է որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը պատանդ է թուրք պետութեան ձեռքը, գործակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ Արամ արք. Աթէշեանի: Տխո՜ւր, բայց իրաւ...:

Անկասկած որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, անտեսելով մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական բոլոր սկզբունքները, կրկին պիտի փորձեն միջամտել ընտրական գործընթացին, եւ պիտի աջակցին իրենց համար ցանկալի թեկնածու՝ Արամ արք. Աթէշեանին: Այստեղ կ'ուզեմ վկայակոչել քաջարի հայորդի՝ պետական երեսփոխան Կարօ Փայլանի խօսքերը. «Ես երկար տարիներ պայքարած եմ հայ համայնքի աւելի լաւ կառավարման համար ու ամէն անգամ պետութեան ձեռքը փորձած է միջամտել մեր համայնքի ղեկավարման։ Դժբախտաբար, այս պահուն, պատրիարքարանը գրաւուած է վերակացուի մը կողմէ [խօսքը Արամ արք. Աթէշեանի մասին է], որ կը համագործակցի պետութեան հետ։ Ես յստակ կերպով կրնամ յայտարարել, որ ան դրածոյ մըն է եւ կը գործակցի պետական կառոյցներուն հետ, պատրիարքական ընտրութիւններուն արգելք ըլլալու համար» :

Անգամ մը եւս յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Փետրուար 5-ին Պոլսոյ նահանգապետարանը անվաւեր համարած էր Գարեգին արք. Պէքճեանի պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը եւ այդ ընթացքին անոր ընդունած որոշումները, եւ պատրիարքի փոխանորդ ճանչցած էր Արամ արք. Աթէշեանը: Այդ պատճառով Պէքճեան սրբազան յուսախաբ եւ վրդոված մեկնած էր Պոլիսէն: Դժբախտաբար մեր երկու կաթողիկոսական աթոռները ո՛չ թէ լուռ, այլ անտարբերութեամբ վերաբերուեցան այս հարցին. ո՛չ լուծում առաջարկեցին եւ ո՛չ ալ դատապարտեցին ժողովրդավարական կարգերու բռնաբարումը թուրք պետութեան կողմէ:

Ո՜հ, ի՜նչ կատակերգութիւն: Բոլոր անոնք որոնք անտարբեր էին մինչեւ այսօր եւ ըսելիք չունէին՝ այժմ լորձնաշուրթն վեր կ'առնեն արժանիքները հոգելոյս պատրիարքին, մեզի յիշեցնելով ժողովրդային առածը. «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»: Զոհը իր հանգիստը գտած է արդէն – մտահոգուի՛նք Պոլսոյ պատրիարքութեան արժանապատուութեամբ եւ անոր հովանիին տակ ապրող մեր ազնիւ ժողովուրդին իրաւունքներուն պահպանութեամբ:


ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Լոս Անճէլըս

Пресс-секретарь: Ազատ Խոսք
Статья опубликована в проекте Пресс-секретарь.
Поделись с близкими
Ազատ Խոսք
наверх