Դիկտատորը, որը եկեղեցւոյ բոլոր կարգ եւ կանոնները ոտնահարեր է, եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ իր իրաւասութիւնները ամէն կերպով չարաշահեր է ու իր պաշտօնի ուժով մարդկանց եկեղեցիէն բռնի ուժով արգիլեր եւ վռնտած է: Այս մարդը իր պաշտօնը կ՛օգտագործէ ժողովուրդին դէմ, եւ անգութ եւ անխիղճ ձեւով կը վերաբերուի անոնց հետ որոնք, ըստ իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքին եւ խիղճի ձայնին համաձայն, իր եւ իր մեծ պօսին՝ Գարեգին Բ պօռնկացող չկաթողիկոսին արարքներուն «Ո՛չ» կ՛ըսէն: Պարո՛ն Իսախանեան, Դուք չուզեցիք հայր ըլլալ, կուզեմ ձեզի անգամ մը եւս յիշեցնել թէ Գերմանիոյ Հայ հաւատացեալները եկեղեցին չեն ֆինանսաւորեր որպէսզի գայ մէկը Ձեզի եւ Ձեր չկաթողիկոս պոսին նման եկեղեցին եւ իր ունեցուածքները իր սեփականութիւնը կամ իր հօր ժառանգը համարէ եւ անիկայ օգտագործէք Ձեր չար կամքին եւ անձնական զբօսաշրջութիւններու եւ հաճոյքներու համար, այս բոլորը մենք չենք հանդուրժեր:
|