Ինձ համար Պարգեւ Սրբազանի վերջին ժամանակներու կեցուածքը մեր եկեղեցիի ամենացաւելի երեւոյթներէն մէկն է: Ինձ համար ան միշտ քաջ, բարձրակիրթ եւ հաւատք ամրացնող եւ ներշնչող հոգեւորականի տիպար եղած է:
Այստեղ կ'ուզեմ յիշեցնել որ եթէ կաթողիկոսի դէմ ըլլալը Հայ եկեղեցիի դէմ ըլլալ է, ինքն ալ այդ «մեղքը» գործած է, քանի որ երբ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի դրածոն էր եւ կաթողիկոս դարձաւ առանց ընտրուելու, 1995-ի դեկտեմբերին մեր եկեղեցին «ծախեց» Վատիկան այցելութեան ժամանակ՝ ընդունելով քաղկետոնական դաւանանքը, հենց ինքը՝ Պարգեւ Սրբազանը գլխաւորեց Տէր Մեսրոպ քահանայ Արամեանի հետ անոր դէմ պայքարը:
Երկրորդ նշումս՝ «Եհովայի վկաներ» -ը օրինակացնողը ոչ թէ Սերժն էր, այլ Ռոբերտը: Այստեղ հետաքրքրականը այն է, որ «Եհովայի վկաներ» -ը օրինականացուեցան իբր «քրիստոնեայ եկեղեցի»: Հայաստանանը դարձաւ աշխարհի մէջ միակ երկիրը, ուր այդ աղանդը այդպիսի կարգավիճակ ունի:
Ռոբերտ Քոչարեան բացեիբաց կը յայտարարէր որ ինքը հաւատացեալ չէր եւ իր մկրտուիլը զուտ քաղաքական նպատակ ունէր: Անոր ժամանակը իր համար հոգեւոր հեղինակութիւնը ոչ թէ հայ հոգեւորական մըն էր, այլ իր կաշառքներով յայտնի բողոքական Ռընէ Լեւոնեանը: Այն ժամանակ չտեսանք ոչ մէկ ՀՀԿ-ական կամ հայ եկեղեցական, որ բողոքէր այս հակաեկեղեցական սադրանքներու դէմ։