MAMUL.am
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+9 °C, +9 °C ... +19 °C Yarın:+18 °C
Ամսթէրտամի միջնադարեան հայոց գաղութի քրիստոնէական կրօնքի ու կանոններու սկզբունքները
17:26, 22.03.2014
3101 | 0
«ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

ԱՄՍԹԷՐՏԱՄԻ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՂՈՒԹԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿՐՕՆՔԻ ՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ.
ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ԱՍՏՈՒԱԾ ՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆԸ.

Եկեղեցին իբր կրօնական հաստատութիւն, հասարակութեան տրամաբանութեան մէջ ընդունուած է Աստուծոյ պատգամն ու քրիստոնէութեան հաւատքի կանոնները փոխանցող առաջնորդը, համախմբելով հաւատացեալներու զանգուածներ որոնք ի սէր Աստուծոյ' եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ընդունելով մեր ազգային պատմութեան անբաժանելի մի թանկագին մասնիկը, դարերով բերած են իրենց «Լուման», լուսաւորելու, պերճացնելու այս ազգային կառոյցը որպէսզի ի պահանջեալ հարկին ակնկալել արդարութիւն.......:

Միջնադարեան հայկական գաղութներու առաջնակարգերէն մին եղած է Ամսթէրտամի հայկական գաղութը: Գաղութ մը, ոչ միայն գոյութեամբ, այլ, իր հայ տպագրութեան պատմութեան ու ազգային ազատագրական պայքարի ընծայած օժանդակութեամբ, կարողացած է իր անունը անմոռանալի արձանագրել Հոլանտայի Ոսկեդարեան պատմութեան մէջ, ինչպէս, Ամսթէրտամի քաղաքապետարանի Դիւանապետ 1887 թուին իր «Ամսթէրտամի Հայոց Եկեղեցւոյ ու Գաղութի Պատմութիւնը» ուսումնասիրութեան մէջ նշելով «Ամսթէրտամի Հայոց Գաղութը, Ոսկեայ էջ մըն է մեր քաղաքի պատմութեան մէջ»:
Անժխտելի տողեր, նոյնիսկ եթէ որոշ գաղութներ եւս ունեցած են հայ ազգի պահանջքներուն իրենց պատմական օժանդակութիւնը, սակայն, չեն կարողացած գերազանցել Ամսթէրտամի գաղութին ընծայած հսկայական օժանդակութիւնները, ըլլայ գրական, ըլլայ նիւթական նուիրատուութիւններով:
Անշուշտ որ ամէն մի գաղութ ունեցած է իր պատմական գոյութիւնը, սակայն, որեւէ մի պատմաբան երբ փորձած է հայոց միջնադարեան պատմութիւնը ուսումնասիրել, կամայ կամ ակամայ ստիպուած է անցնիլ Ամսթէրտամի փոքր խճուղիներու արանքը, կորավիզ ջրամբարներու եզերքը իր պատմական անժխտելի հետքը թողած 200 մեթր երկայնութեամբ Ամսթէրտամի հայոց գաղութէն:
Որեւէ մի պատմաբան կամ հայ անհատ, նոյնիսկ եթէ տեղեակ չէ Ամսթէրտամի հայոց պատմութեան, Ոսկան Երեւանցի անունը բաւարար է նշել, յիշեցնելու թէ' հայոց առաջին «Աստուածաշունչը» տպագրուած է 1666-1668 թուին Ամսթէրտամ, այդ ինքնին ինքնայայտ գերազանցում մըն է բոլոր հայկական գաղութներու, որով հայ ազգն ու եկեղեցին ազատագրուեցան Հռոմի կրօնա-գաղութարարական շղթաներէն, ունենալով «Անկախ ազգային տպարան ու հայկական հրատարակչութիւն»:

Հաւատացեալներու իրաւասութիւններու կապակից լաւագոյն օրինակի մը կը տեղեկանանք Ամսթէրտամի հայոց վաղեմի գաղութի եկեղեցական դէպքերէն, որուն փոքր մէկ հատուածը հաւանաբար օրինակ դառնայ ներկայ դարուս հաւատացեալներու կողմէ յարուցանուող զանազան հարցերու:

Ամսթէրտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ 10 Հունիս 1714 թուին, Ամենայն Հայոց Ալեքսանդր կաթողիկոսին, եկեղեցւոյ երեցփոխաններու ու վարչութեան կողմէ ուղարկուած կղերականի մը պահանջքին վերաբերեալ պաշտօնական դիմումնագրի մէջ նշուած պղտոր եղելութիւն մը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ:
Նամակը շարադրուած ու տպագրուած է Ղուկաս Վանանդեցիի կողմէ, ստորագրութեամբ տասնըութ վաճառականներու, իր պարունակութեան որոշ հատուածներուն, մեզ կը ներկայացնէ անյստակ դէպքերու գրանցումներ, որը այս յօդուածի յառաջընթացքին փաստարկումներով պիտի լուսաբանուի:

Նամակի հատուածներէն մին կը բացատրէ «Հրամանաւ Սուրբ Աթոռոյդ միշտ լեալ է աստ քահանայ մի առ ի կատարել զԱստուածային պաշտօնն մինչեւ ի վախճան Երեւանցի տէր Յովհաննէսին, «Հոս նշուած Յովհաննէսը, Յովհաննէս Ուղուրլուեան Երեւանցի քահանան, 1656 ական թուականներէն ի վեր կը բնակեր Ամսթէրտամ, եւ արիւնակիցն ու աշխատակիցն էր Ոսկան Երեւանցիի «Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Սարգսի տպարանի» մինչեւ 1670 թուականները, հետագային Յովհաննէս քահանայ, 1673 թուին դառնալով Ամսթէրտամի հոգեւոր հովիւ, վախճանած 1707 թուին» նամակը կը շարունակէ նշելով «որոյ զկնի դոյն ինչ անցեալ հրամանաւ լուսահոգի լուսահոգի Աղէքսանդր կաթուղիկոսին եկն աստ Յովակիմ վարդապետն, եւ մնացեալ աւելի քան զամ մի' գնաց աստի ի մեծն Հռոմ, ուր տակաւին դեգերեալ յամէ: Եւ մեք սոյնգունակ տոմսիւ խնդրեցաք մեզ քահանայ մի ի լուսահոգի կաթուղիկոսէն, բայց չեւ եւս մեր տոմսին հասեալ' եհաս նմա օրն աներեկ»:

«Թէպէտ Յովակիմ վարդապետն եթող աստ զիւրն նորահասակ միայնակեացն (Աբեղայ), տէր Եղիսէ անուամբ, որդի Փիլիպպոսի ի Նորք գեղջէն, բայց սա կամկար (կամաւոր) յօժառութեամբ ոչ կամի մնալ աստ, գոլով ինքն հասակաւ մատաղ եւ կրօնակենցաղ, իսկ քաղաքս այս հոլանի եւ շպարադէմ»:
Դիմումնագրի հատուածներէն մէկին, կը կարդանք հետեւեալ տողերը ուր Ամսթէրտամի եկեղեցւոյ վարչութիւնը, գաղութային հարցերը լուծելու իրաւասութիւն կը հարցնէ հայոց կաթողիկոսէն:

«..... Ունիցի ի Վեհէդ հրաման օծանելոյ զայս մեր նորակերտ եկեղեցին. Շնորհեսցես նմա զերկու թուղթս' որոց մինն իցէ յանձնառական վասն քահանային, միւսն' պատուէր առ աստ եղեալ հայկազուն ժողովուրդն, զի թէ քահանայն բանիւ իւր կամ գործով վրիպիցի, կամ խոչնդակ իցէ ընդդէմ մեր եկեղեցական սահմանացն եւ կարգացն, սոքա կարող իցեն խրատել զնա ըստ յանցանացն, որովհետեւ ոչ է մարթ յաղօտ ժամանակի փոյթ ընդ փոյթ ծանուցանել սուրբ Աթոռոյդ' զամենայն իրազեկութիւնս, գոլով այս վայր մեծաւ միջոցաւ հեռացեալ այտի»: .........
Վերոգրեալ Եղիսէ աբեղայի մասին կան փոքր նշումներ, հոլանտերէն անուամբ Elisa de Filebo= Եղիսէ որդի Փիլիպպոսի, որուն առաջնորդական շրջանը եղած է մշտական հակադրութիւններու շարք մը իր, եկեղեցւոյ վարչութեան ու հաւատացեալներու միջեւ:

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ամսթէրտամի հաւատացեալներուն իրաւասութեանց բացառիկ օրինակի մը կը հանդիպինք երբ, 1719 թուին Ֆրանսացի կաթոլիկ վարդապետ Pierre Sartre կ'այցելէ Ամսթէրտամի հայոց Սուրբ Հոգի եկեղեցին: Ան կը բաղդատէ այս քաղաքի մէջ ապրող հայերու եւ կաթոլիկներու դիրքը: Կաթոլիկները միայն իրաւասութիւն ունէին թաքնուած եկեղեցիներու մէջ հաւաքուիլ, երբ հայերը իրենց ծիսակատարութիւնները ազատ ու հասարակային եկեղեցւոյ մէջ կը կատարէին:

Pierre Sartre կը նշէ թէ մի քանի տարիներ առաջ Ամսթէրտամի հայ վարդապետ մը եկեղեցւոյ մէջ գինով վիճակի մէջ բռնուած է: Եկեղեցւոյ վարչութիւնը, այս խայտառակ երեւոյթի համապատասխանող որոշմամբ, զինք պատժած է «երեք ամիս» զրկած է բարձրանալ խորան ու իր կղերական պաշտօնը կատարել: Pierre Sartre, միայն նշած է այս տեղեկութիւնը, տեղեակ չըլլալով այս հայ կղերականի անուան, սակայն մեզ յայտնի է իր անունը եկեղեցւոյ դիմումնագրէն, ու, Եղիսէ աբեղայի գրացի թոյլատուութեամբ, հաւատացեալները ստացած են իրաւասութիւն «երեք ամիս» կաթոլիկ եկեղեցւոյ մը մէջ ժամերգութեան ու պատարագի մասնակցելու: Այս դէպքէն յստակ է թէ Ամսթէրտամի եկեղեցւոյ վարչութիւնն ու հաւատացեալները բացառիկ կազմակերպուած ու պահանջատէր եղած են յարգելու իրենց կրօնական սկզբունքներն ու իրաւասութիւնները:

Եղիսէ աբեղայ, հայ գիրքի տպագրութեան եղելութիւններու կապակից տեղեկագրութիւններով, ըստ իս մինչեւ 1733 թուականը, նոր առաջնորդ' Հովհաննէս Մինաս Ամասիացի Աստուածաբան վարդապետի ժամանումը, եւ կամ դեռ մի քանի տարիներ առաջ ապրած է Ամսթէրտամ ու անհետացած, ներկայիս' չունիմ իր մահուան ու անհետացման կապակից աւելեալ ոչ մի տեղեկութիւն:

Խաչիկ Պալըգճեան
22-03-2014
Ամսթէրտամ

Լուսանկարներ. Ամսթէրտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ գծանկար' անծանոթ հեղինակի և տարեթվի:
Ամսթէրտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ ներկա լուսապատկերը:
Լուսանկար ' Խաչիկ Պալըգճեանի

Ամսթէրտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ ներկա լուսապատկերը: Լուսանկար ' Խաչիկ Պալըգճեանի
Ամսթէրտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ գծանկար' անծանոթ հեղինակի և տարեթվի
Makaleyi yayınlamağı hakkında bilgiler veriyoruz Basın sekreteri. Basın sekreteri projenin içinde.
Arkadaşlarınla paylaş
Նիդերլանդական Օրագիր
yukarı