MAMUL.am
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+19 °C, +15 °C ... +27 °C Yarın:+18 °C
Մենք եւ Ամսթէրտամահայք - Սոխակի Կանչն ու Ամսթէրտամի Հայոց Գոհարը
18:06, 26.06.2014
3768 | 0


ՀԱԿԻՐՃ ԱԿՆԱՐԿ ԱՄՍԹԷՐՏԱՄԻ «ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

17-րորդ դարու սկիզբը հայկական բարձրավանդակի շուրջ մղուող Օսմանական եւ Պարսկական պատերազմների շրջանին, Շահ Աբբասի ռազմավարական որոշմամբ կը իրագործուի Արարատեան դաշտէն թէ Հին Ջուղայէն աւելի քան 23 հազար հայ տուներու բռնի տեղահանումը, որոնք կը տեղափոխուին իրենց ծննդավայրից 1500 քիլոմեթր հեռու գտնուող Պարսկաստանի Իսվահան քաղաքը, (սոյն բռնի տեղահանման ցաւալի մանրամասնութիւնները հրատարակուած են 1669 թուին Ամսթէրտամ, Ոսկան Երեւանցի վարդապետի տպարանին կողմէ, «Գիրք Պատմութեանց շարադրեալ վարդապետին Առաքելոյ Դավրէժացւոյ» գիրքին մէջ), որի հետեւանք կը կառուցուի Նոր Ջուղա գիւղաքաղաքը, որն կարճ ժամանակամիջոցին կը դառնայ պարսկահայ իրականութեան մշակոյթի թէ արուեստի ու ոչ պակաս նաեւ առեւտրականութեան կարեւորագոյն կեդրոնը ողջ Պարսկաստանի:

Միջազգային առեւտրական փորձառութիւն ու համբաւ վայելող հայ վաճառականներու համար, 1612 թուին Օսմանեան Կայսրութեան եւ Հոլանտայի Եօթը Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած առեւտրական դաշնագիրը, կը բանար միջազգային առեւտրական շահաբեր հսկայական շուկաներ:

Հայ վաճառականներ' Եւրոպայի զանազան երկիրները հաստատուելով սկիզբ կը դնեն Ամսթէրտամի վաճառականական գրասենեակներու համագործակցութեան ցանցի մը: Սկզբնական շրջանին այս «ցանցը», ուրիշ բան չէր' բացի առեւտրական շահաբերումներով Ամսթէրտամ հաստատուած ու տարբեր երկիրներէ գաղթած հայերու շուկայ մը, որ ամէն գինով կը փորձէր իր բաժինը ապահովել եւ հարստութիւն կուտակել:

Սոյն Ամսթէրտամեան նորակառոյց խմբակցութիւնը իր առեւտրական շահագրգռումների բերմամբ կունենայ նաեւ անախորժ վէճերու միջադէպեր որոնք կը յանգին հայերու իրար ձերբակալման ու մինչեւ իսկ արեւանգումներու, որոնց մասին որոշ լուսաբանումներ կը բերէ 1880-ական թուականներուն քաղաքիս դիւանապետ Nicolaas de Roever-ի անտիպ նօթագրութիւնները:

1658 թուին, Էջմիածնի Փիլիպպոս Կաթողիկոսի հրահանգով, Աստուածաշունչը տպագրելու առաքելութեամբ Ամսթէրտամ կը ժամանէ Արցախցի նոտար Մաթէոս Ծարեցին, որն 1659 թուին Ոսկան Երեւանցի վարդապետի եղբայր, վաճառական Աւետիս Ղլիճենցի համագործակցութեամբ կը հիմնէ «Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Սարգսի» տպարանը, որն տեղւոյն հայութեան մէջ կառաջացնէ որոշ հոգեշարժ դէպի իրենց ազգային մշակութային արժէքները ու սրբութիւնները:

Սոյն վաճառականական ցանցի «Գաղութային Հոգեբանութեան» բարեփոխութիւնը, 1663 թուին կ'առաջնորդէ, հայոց պատմական թաղամասին մէջ գտնուող Dijkstraat փողոցի վրայ «Սուրբ Կարապետ» անուանակոչուած առաջին աղօթատեղւոյն յայտնաբերումը, որի հոգեւոր առաջնորդութիւնը կը ստանձնէ, Ամսթէրտամի նորակառոյց տպարանը ժամանած Ոսկան Երեւանցի վարդապետի աշակերտ Կարապետ վրդ. Անդրիանեցին:

1700ական թուականներու սկիզբը, գաղութի ծաւալման եւ աղօթատեղւոյն անյարմարութեան պատճառաւ, գաղութիս առեւտրականները կը ծրագրեն, հայոց թաղամասի տարածքին աւելի մեծ ու հարմար վայր մը եկեղեցի կառուցել:

Սոյն ծրագիրը կատարելագործելու առնչութեամբ, 1695-1705 թուականներուն Ամսթէրտամի «Վանանդեցիներու» տպարանի պատասխանատու Թովմաս արք. Նուրիջանեանի բարեյորդորութեամբ, միջազգային առեւտրականութեամբ զբաղուող 40 հայ վաճառականներ իրենց նիւթական առատաձեռն ներդրումը կը բերեն ու աջակցութեամբ գաղութի առեւտրական ու միջազգային հեղինակութիւն վայելող՛ Ջուղայեցի Պապաճան որդի Սուլթանումի եւ Նիկողայոս Թէոդոր գաղութիս աւագանիներու կողմէ, 26 Հոկտեմբեր 1713 թուին պաշտօնական դիմումնագիր մը ներկայացնեն Ամսթէրտամի քաղաքապետարանին:

30 Յունուար 1714 թուի քաղաքապետարանի աւագանիներու արձանագրութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալ որոշումը.

****************************

ՀԱՅ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԹՈՅԼԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

«Հայ վաճառականներու խնդրանքի հիման վրայ, պատշաճ խորհրդակցութենէ ետք, հարմար նկատուած է իրենց իւրայատուկ Աստուածային պաշտամունքը կատարելու նպատակով այս քաղաքի մէջ տուն մը ծախու առնել եւ զայն եկեղեցւոյ վերածել»

Քաղաքապետարանի այս պաշտօնական թոյլատուութեամբ, հայ վաճառականները իրենց ապրած թաղամասի եւ գրասենեակներու մօտ 28 Փետրուար 1714 թուին, Kromboomsloot փողոցը գտնուող թիւ 3 ժառանգ հողամաս-շտեմարան մը (ներկայիս թիւ 22) ծախու առնելով, մի քանի ամսուայ ընթացքին խնդրոյ առարկայ շենքը ձեւափոխելով «Սուրբ Հոգի» եկեղեցի կ'անուանակոչեն: Արդարեւ 10 Յունիս 1714 թուին եկեղեցական պաշտամունքներու սպասարկու կղերականի պահանջքով դիմում կը ներկայացնեն Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան:

Կղերականի ուշացման եւ եկեղեցւոյ ապագայի մտահոգութիւններէ առաջնորդուած, նուիրատու հայ վաճառականներու 7 Մայիս 1715 թուին կատարած նոտարային արձանագրութեան մէջ կը կարդանք պահանջուած որոշ պայմանագրութիւններ:

1. Յատկապէս, սոյն եկեղեցին իր «կտակուած» հողամասով կառուցուած է այս քաղաքի մէջ յիշուած «Հայց Գաղութին» սպասարկութեան նպատակով եւ մինչեւ յաւիտենականութիւն պէտք է եկեղեցի մնայ:

2. Բացի այդ, եթէ' երբեք եկեղեցին գտնուի վաճառման հարկադրանքի տակ կամ տարբեր գործածութեան տրամադրուի, սոյն կառոյցը կը նուիրեն ապագային դարձեալ հոս հաստատուող իրենց հայ ազգայիններու «Հայոց Գաղութի» ծառայութեան:

3. Ապագային (որ չի վստահուիր), եթէ այս քաղաքի մէջ հայոց կրօնքի ազատ պաշտամունքը կարելի չըլլայ կիրարկել եւ արգիլուիլ, կամ «Հայ Ազգը» իր առեւտրական գործունէութեամբ այս քաղաքէն գաղթէ եւ ուրիշ երկիրներ հաստատուի, միայն այդ պարագային կարելի է եկեղեցին վաճառել:

4. Եկեղեցւոյ վաճառման լիազօրութիւնը միայն ու միայն կը պատկանի «Հայոց Էջմիածնի Եկեղեցւոյ Արարատեան Պատրիարքին», եւ նրա մահուամբ իր յաջորդները', եկեղեցւոյ վաճառման նիւթական հասոյթը պէտք է պահպանեն ապագային վերագործադրուելու Ամսթէրտամի նորակառոյց հայոց գաղութի ծառայութեան համար, յատկապէս տեղւոյն վրայ կառուցելով նոր եկեղեցի կամ այլ մի հիմնարկ, այնպէս՛ ինչպէս Արարատեան Պատրիարքը «Հայոց Գաղութի» համար հարմար կը նկատէ:

5. Այս պայմանագրի մէջ նշուած կէտերու համաձայն, Աւագանիներն ու Նուիրատուները եկեղեցւոյ կապակից իրենց բոլոր անձնական իրաւասութիւններէն կը հրաժարին:

Ամէն ինչ քննարկուած Ամսթէրտամ, ներկայութեամբ հոս նշուած Johannes Petersen եւ Pieter Visser երաշխաւորներու:

Նոտար Gerrit van der Groe
7 Մայիս 1715»

****************************
Եկեղեցւոյ կառուցման կապակից որոշ պատմաբաններ հասած են զանազան ենթադրութիւններու, ոմանք վերլուծելով թէ շտեմարանը ծախու առնուած ու քանդուելով կառուցուած է եկեղեցին, որ ինքնին անհնարին է, երբ բաղդատենք գնման ու Էջմիածնի ուղարկուած կղերական մը ստանալու դիմումնագրի թուականները, տրամաբանական չի թուիր 3 ամսուայ մէջ շէնք մը քանդել ու երկյարկանի նոր շէնք մը կառուցել, այլ միայն, ծախու առնուած շտեմարանը շուտով բարեփոխուած եւ եկեղեցւոյ վերածուած է:

Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ նախնական արտաքին կառոյցի մասին չենք հանդիպիր որեւէ վաւերագրական արձանագրութիւններու եւ նկարներու, բացի 1755 թուին Հոլանտացի Jan de Bejer-ի կողմէ կատարուած գծագրութեան, ուր առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնենք եկեղեցւոյ արտաքին կառոյցը: Եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը, Հոլանտական ուսումնասիրութիւններու մէջ ճանաչուած է 1749 թուականին հոգեւոր հովիւ «Հովհաննէս Մինաս Ամասիացի վարդապետի եւ եկեղեցւոյ Ջուղայեցի երեսփոխան Առաքել տէր Առաքելէնցի» կատարած վերանորոգման աշխատանքներու արդիւնք ներքին եւ արտաքին յիշատակարաններու զետեղմամբ: 1813 թուականէն յետոյ, գաղութի անդամներու նուազելուն պատճառաւ եւ վերջին երեցփոխան Իզմիրնիացի վաճառական Ստեփան Գաբրիէլեանի 1835 թուին մահանալով, 1840 թուականին, մինչեւ իրաւասու ժառանգորդի մը ներկայանալը, քաղաքի իշխանութիւնը դատարանի որոշմամբ, եկեղեցւոյ գոյքերու եւ ինչքերու հոգատարութիւնը յանձնած է դատարանի կողմէ ճանաչուած հոլանտացի խնամակալներու:

1874 թուին, Գեւորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի կաթողիկոսը, Ռուսական կառավարութեան միջնորդութեամբ տիրանալով սոյն եկեղեցւոյ կալուածներուն ու հարստութեան, եկեղեցին հանրային աճուրդով վաճառած է 12, 000 կուլտենի «Ամենասուրբ Փրկչի Բարեգործական Կաթոլիկ Միութեան» եւ բոլոր եկեղեցական գոյքերն ու հարստութիւնը Մոսկուայի ճամբով փոխադրուած է Էջմիածնի Կալուածոց վարչութեան: Եկեղեցւոյ նոր տէրերը, եկեղեցին 1875 թուին յարկ մը եւս բարձրացնելով յանձնած են իրենց հսկողութեան տակ գտնուող «Ակուսդինեան» մայրապետական կարգին, որոնք հայոց եկեղեցին գործածած են իբր երկսեռ դպրոց, մինչեւ 1985 թուականները պահպանելով ծախման մէջ պահանջուած եկեղեցւոյ արտաքին եւ ներքին յիշատակարաններու ստիպողական հոգատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

1960-ական թուականներէն սկսեալ, Հոլանտահայ գաղութի անդամներու ծաւալմամբ եւ պատմական եկեղեցւոյ' տէրերուն կողմէ ծախու հանման լուռերու տարածմամբ, դարձեալ հայոց պատմական եկեղեցւոյ եւ քովի շէնքի հողային տարածքին տիրանալու առիթը ստեղծուած եւ առաջնակարգութիւնը տրուած է Հայոց Գաղութին:

1985 թուին, Պրն. Գինեպանեանի առաջնորդութեամբ ստեղծուած յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ եկեղեցին ծախու առնուած է «Հոլանտահայ Գաղութի», «Ամերիկայի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» նիւթական աջակցութեամբ եւ Հոլանտայի դրամատան մէջ Էջմիածնի Կաթողիկոսարանի հաշուեհամարի անուամբ գրանցուած, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի Հակա-Գերմանական շարժումի Հոլանտահայ ազգային հեռոս Ալեքսանդր Յակոբեանի իր տան ծախման եւ Էջմիածնի նուիրած գումարով, որ ընդհանուր 325 հազար կուլտեն կը ներկայացնէր, յաւելեալ, եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ դպրոցէ-եկեղեցի ձեւաւորման ծախսերուն համար Ամերիկայի Բարեգործական Միութիւնը յատկացուցած է 375 հազար տոլարի գումար մը:

1985 թուականին սկսած եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտուած եւ 29 Նոյեմբեր 1989 թուին «Արեւմտեան Եւրոպայի Կաթողիկոսական Պատուիրակ» Գիւտ արք. Նագգաշեանի հովանաւորութեամբ եկեղեցին յատուկ արարողութեամբ օծուած եւ բացումը կատարուած է հայ առաքելական համայնքի ծառայութեան համար:

23 Յուլիս 2009 թուականէն սկսեալ, Հոլանտացի ճարտարապետ Cook van Veen-ի հովանաւորութեամբ, եկեղեցին դարձեալ հիմնական նորոգութեան շրջան մը ընդգրկած է, ամրապնդելու համար եկեղեցւոյ եւ հարեւան շէնքի հիմքերը, առաստաղն ու սենեակները, ելեկտրական կայքն ու ջերմութեան կառոյցները: Մինչեւ վերանորոգման հիմնական աշխատանքներու աւարտին հայոց գաղութը վարձած է կաթոլիկ եկեղեցի մը Ամսթէրտամի Diemen արուարձանը, եւ 2013 թուի վերջաւորութեան հիմնական շինարարական աշխատանքներու աւարտին, հայոց գաղութը վերադառնալով իր պատմական եկեղեցին ուր այսօր դարձեալ կը հնչեն մեր սրտաբուխ աղօթքներն ու խնկարկումները:

Բաղձալի է որ Հոլանտահայ գաղութը գիտակցի ու արժէքաւորէ այս միջնադարեան «Սոխակի Կանչ ու Ամսթէրտամի Հայոց Գոհար» պատմամշակութային հայկական կոթողը եւ փոխանցէ գալիք սերունդներու սպասարկութեան, ինչպէս' իրենց նախահայր եկեղեցւոյ բարերարները այս ժառանգի պահպանման կապակից պահանջքներ ներկայացուցած էին:

Խաչիկ Պալըգճեան
Ամսթէրտամ
8: 49 PM 6/24/2014
Makaleyi yayınlamağı hakkında bilgiler veriyoruz Basın sekreteri. Basın sekreteri projenin içinde.
Arkadaşlarınla paylaş
Նիդերլանդական Օրագիր
yukarı