Ու՞ր է մըր սար հէ՜յ դուն լեռնցի, Ինչո՞ւ չես կռուիր հէ՜յ դուն դիւցազուն, Ինչո՞ւ կը վախնաս հէ՜յ դուն քաջարի: Ու՞մ ձգած ես մըր տուն Սասունի, Ու՞մ ձգած ես Կաթբաղբիւր Սասունի, Ելի՛ր, ելի՛ր էրթանք մըր սար Սասունի, Ելի՛ր էրթանք մըր վանք Մարութայ: Մհեր կ’ելնէ իր փակ քարէն, Դուն չե՞ս ելներ քու խոր քունէն, Բողոք կու գա մըր սուրբ հողէն, Դուն չե՞ս լսեր քու հօր ձայներ: Ամէն հայեր քու պար կ’ուզեն, Պարէ՛ ուժգին քու պար չքնաղ, Ամէն հայեր քու երգ կ’ուզեն, Երգէ՛ հպարտ քու երգ խրոխտ: Հանէ՛, զա՛րկ թուր-կէծակիդ, Զորե՛ղ, զա՛րկ թուրքի բազկին, Վազէ՛, գնա՛ քու պաղ ջրին, Գնա՛, հասի՛ր քու փառք հողին: |