MAMUL.am
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+14 °C, +12 °C ... +22 °C Tomorrow:+18 °C
Բաց նամակ Եւրոպական Միութեան նախագահ Ժոսէ Մանուէլ Պարոսոյին
16:28, 13.06.2014
2172 | 0

Պրիւքսել, 12 յունիս, 2014

Յարգելի պարոն նախագահ,

Շուտով, hունիս 14-ին, պիտի այցելէք Ատրպէյճան, ուր երկկողմանի բանակցութիւններու նպատակով պիտի հանդիպիք նախագահ Իլհամ Ալիեւին, եւ դիւանագիտական ակադեմիայի մէջ դասախօսութիւն մը պիտի տաք «Եւրոմիութիւն – Ատրպէյճան՝ նոր առիթներ եւ մարտահրաւէրներ» նիթով:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը անգամ մը եւս ձեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որ «Ֆրիտոմ հաուս» կազմակերպութեան համաձայն Ատրպէյճանը «ոչ-ազատ» երկիր մըն է, որուն նախագահ Իլհամ Ալիեւը կազմակերպուած ոճրագործութեան եւ կոռուպցիայի զեկոյցի ծրագրի առաջին «տարուան անձ» կոչումը ստացաւ (https://reportingproject.net/occrp/index.php/en/ccwatch/cc-watch-indepth/1772-occrp-names-aliyev-qperson-of-the-year-q-) Նա 2003-ին յաջորդեց իր հօր, եւ աւելի բրտութեամբ շարունակեց անոր իշխանութեան օրոք սկսած ամենադաժան ճնշումները:

Այն օրերէն արդէն, քարիւղի եկամուտներէն ստացուած հսկայական գումարները յառաջացուցած են նախագահական հովանաւորութիւնը, ամրապնդած են պետութեան ապահովական մեքենան, եւ իշխանութեան հանդէպ եղած ներքին եւ արտաքին քննադատութիւնը մասամբ խեղդած են (http://freedomhouse.org/report/nations-transit/2014/azerbaijan):

«Ֆորէյն փոլիսի» պարբերաթերթը «Կասպից ծովի Քորլէօնեն. ինչպէս Ատրպէյճանի մենատէրը կը կաշառէ Միացեալ նահանգներն եւ Եւրոպան» (http://www.foreignpolicy.com/articles/2014/06/10/the_corleones_of_the_caspian_azerbaijan_lobbying_baku_aliyev) վերնագրով քննական յօդուած մը հրապարակեց, շեշտելով, որ մինչ ներազգային վէճը երկրին մէջ սահմանափակուած է վախի, գրաքննութեան եւ դատական զեղծարարութիւններու մէջ, Ատրպէյճանի մեծագոյն առաքելութիւնը դուրսը իր պատկերը լաւ ներկայացնելն է. ուր որ չէ դիմած ամբողջովին վճարուած արձակուրդներու – իրավիճակ մը, որ «Եուրոփիըն սթապիլիթի ինիշըթիւ» ը իր զեկոյցին մէջ կոչած է «քաւիարի դիւանագիտութիւն», «Քաւիարի դիւանագիտութիւն. ինչպէս Ատրպէյճանը լռեցուց Եւրոպայի խորհուրդը» (http://www.esiweb.org/pdf/esi_document_id_131.pdf), որ երեւակայութեան շատ բան չձգեր:

Միլիոններ ծախսած է Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ լոպիստական կազմակերպութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մօտ, որ իր պատկերը բարելաւէ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մամուլին մէջ: Ալիեւի վարչակազմը յաջողած է բարեկամներ գնել եւ մարդոց ազդել, որոնց մէջ են նախկին եւ ներկայ ԱՄՆ քոնկրեսականներ, Բրիտանիոյ խորհրդարանականներ եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներ, որոնք ժամանակին մենատիրութիւնները կը ճնշէին, այլ ո’չ թէ կ’ողջագուրէին»:

Ամիսէ մը պակաս է, որ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոն որոշեց, թէ յունիս 1, 2014 -էն սկսեալ երկու տարուան տեւողութեամբ՝ խորհուրդի յանձնախումբերու ժողովները տեղի պիտի չունենան Ատրպէյճանի մէջ (http://www.assembly.coe.int/nw/xml/News/News-View-EN.asp?newsid=5036&lang=2&cat=13):

Ձեզ կը դիմենք, որ այս հարցերը բարձրացնէք ձեր հանդիպումներուն ընթացքին ու նաեւ նշէք հակահայ քարոզչութիւնը, որ ներկայիս տեղի կ’ունենայ Ատրպէյճանի մէջ, եւ որ իր գագաթին հասաւ սեպտեմբեր 2012-ին, երբ Իլհամ Ալիեւ ներեց Րամիլ Սաֆարովին՝ Հունգարիայէն Պաքու անոր ժամանումով: Սաֆարով Հունգարիոյ մէջ դատապարտուած էր հայ սպայի սպաննութեան համար՝ Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած Նաթոյի «խաղաղութեան գործընկերութեան ծրագիր» ի ծիրէն ներս. Սաֆարով յանցանքն ընդունած էր, եւ չէր մեղանչած ըրածին համար, պարզապէս, որովհետեւ իր զոհն հայ էր (http://www.europarl.europa.eu/sides/getDoc.do?type=MOTION&reference=P7-RC-2012-0428&language=EN):

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը դիմէ ձեզ, շեշտէք, որ Ատրպէյճան յարգէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը, արձակազէնները հեռացնէ շփման գիծէն, եւ ընդունի պատահարներու քննչական կառուցուածքի մը կազմութիւնը, որուն Հայաստանն արդէն իր հաւանութիւնը տուած է:

Դիւանագիտական ակադեմիայի մէջ ունենալիք ձեր դասախօսութեան ընթացքին պէտք է վերոնշեալները շեշտէք երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, նշէք, որ երկիր մը զարգացնելու եւ ժողովրդավարականացնելու համար ճնշող վարչակարգէ մը անդին պէտք է անցնիլ, եւ որ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան համար պէտք են վստահութիւն ներշնչող քայլեր, հասկացողութիւն, հանդուրժողականութիւն եւ դիմացինը ընդունելու պատրաստակամութիւն:

Ատրպէյճանական 2% կազը, որ Եւրոպա կը հոսի՝ պէտք չէ կուրցնէ Եւրոպական միութեան յանձնաժողովը, պէտք չէ մեղսակից դարձնէ Եւրոպական միութեան արժէքներուն եւ իրաւունքներուն ոտնակոխումին, այն յոյսին ներքոյ, որ Պաքուի եւ Ալիեւի վարչակարգին հետ ստորագրուին արդիականացման ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ ընկերութեան համաձայնագիրը, որոնց զոհերն են Ատրպէյճանի ժողովուրդը եւ տարածաշրջանը:




Յարգանքներով,
Գասպար Կարապետեան,
Նախագահ,
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի

The article published in the Spokesperson project.
Share with friends
Նիդերլանդական Օրագիր
to top