ՄԱՄՈՒԼ.ամ
Hay / Հայ | Рус | Eng | Tür
USD 402.56, EUR 440.64, RUB 4.58, GBP 505.01
+12 °C, +7 °C ... +20 °C Վաղը`+20 °C
Բաղդասար Դպիր
08:50, 05.06.2014
6134 | 0

Բաղդասար Դպիր: Ծնվել է 1683թվ. Հունիս 7-ին (Կ.Պոլիս), մահացել' 1768թվ. հունվարի 30-ին, հայ բանաստեղծ, երաժիշտ, գիտնական, հրատարակիչ, ազգային և կրթական լուսաւորման շարժման գործիչ:

***

Ի նընջմանէդ արքայական,
Զարթի'ր, նազելի իմ, զարթի'ր,
Էհաս նըշոյլ արեգական,
Զարթի'ր, նազելի իմ, զարթի'ր:

Պատկեր սիրուն, տիպ բոլորակ,
Լըրացելոյ լուսնոյն քատակ,
Ո'չ գըտանի քեզ օրինակ,
Զարթի'ր, նազելի իմ, զարթի'ր:

Այդ քո տեսիդ, զոր դու ունիս,
Արար ծառայ քեզ ըզգերիս,
Արևակէզ գուցէ լինիս,
Զարթի'ր, նազելի իմ, զարթի'ր:

Ղաբին սրտիւ քանի՞ կոծամ,
Է՜ վարդ կարմիր և անթառամ,
Տե'ս, թէ զիա՞րդ խղճալի կամ,
Զարթի'ր, նազելի իմ, զարթի'ր:

Տապ և խորշակ ժամանեցին,
զԹերթիկ գեղոյդ այրել կամին,
Քանզի էանց գիշերն մըթին,
Զարթի'ր, նազելի իմ, զարթի'ր:

Է՜ աննըման իմ գովելիս,
Ի մէջ ականց գեղ քո` մագնիս,
Ի ՌԱՀԵԱԿ սոյն թըւականիս,
Զարթի'ր, նազելի իմ, զարթի'ր:


* * *

Արի', ի'մ քաղցրիկ աղաւնի,
Ոսկի խնծոր զարմանալի,
Զքեզ տեսնողին բիւր երանի.
Դու բարի եկիր, բարի եկիր։

Դու, որ եկիր, երևցար,
Իբրու արև ինձ ծագեցար,
Ցընծութիւն ինձ պարգևեցար
Դու բարի եկիր, բարի եկիր։

Ուրախութիւն հոգոյ իմոյ
Ո'չ գոյ բընաւին առանց քոյ,
Ով իմ ազնիւ գերայարգոյ,
Դու բարի եկիր, բարի եկիր։

Տրտում էի՝ ուրախացայ,
Մեռեալ էի՝ կենդանացայ,
Ինձ երանի, որ զքեզ տեսայ.
Դու բարի եկիր, բարի եկիր։

Բարի եկիր, իմ սիրելի,
Իմ գերազնիւ գերգովելի,
Իմ աչաց լոյս, իմ նազելի.
Դու բարի եկիր, բարի եկիր։


ԱՌ ՄԱՄՕՆԱՅՆ

ՈՒստի՞ ծընար, ո'վ բռնաւոր,
Որ քեզ նըման, ո'չ գոյ յերկրի,
Որ թէ չըտաս դու ձեռն ումեք,
Ո'չ զօրանայ և ո'չ բերկրի:

Թէ' թագաւորք և թէ' կայսերք
Քո օգնելոյդ են միշտ կարօտ,
Իսկ առանց քո` ե'ն յոյժ տըկար,
Որպէս արջառ մի անարօտ:

Մինչ կորուսիչ ես դու հոգւոց
Եւ ծընանիս անհուն չարիս,
Բազումք ըզքեզ միջնորդ եդեալ,
Յառաջ բերեն բազում բարիս:

Այնքան սիրով կապին մարդիկ
Քո կապանօքդ և կարկամին,
Որ որքան կապ ձգես նոցին,
Այլ առաւել կապիլ կամին:

Եւ թէ առնուլ ոք կամիցի
զԱյլն ըզկապանս յոտից նոցին,
Սըրով թըրով պատերազմին,
Թէպէտ խոցեն, թէպէտ խոցին:

Որք կապանօք քո կարկամին,
Այնք և ըզքեզ ամուր կապեն,
Ցանել բանտի ներարգելով,
Երկաթապատ ամրափակեն:

Ամուր պարիսպ և հաստատունք,
Սարսին ի քէն և սասանին,
Յորժամ ուժով քո զօրացեալ,
Չընչին մարդիկ անդ հասանին:

Որքան սաստիկ կապես ըզմարդն,
Այնքան սաստիկ ուժովանայ
Եւ որքան քև ուժովանայ,
Այնքան երկիւղն աւելանայ:

Երկիւղ քո ուժ բերէ մարդոյն,
Որ զօրանայ, զի երկընչի,
Թուր և դանակ ի գործ ածեալ,
Ընդ թըշնամին կու մարտընչի:

Դու, որ բոլոր տիեզերաց
Բազում զօրաց եղեր իշխան,
Տըկար մի ոք ի մարդկանէ
Առնէ ըզքեզ ոտից կոխան:
***
Սիրոյդ կապեցայ,
Գեղոյդ պատրեցայ,
Ով կենցաղ, իմ սուտ բարեկամ,
Ունայն վարեցայ:

Իզուր խռովեցայ,
Սնոտի դատեցայ,
Վասն անցաւորիդ եղկելիս,
Հալեալ մաշեցայ:

Հոգօք ցնորեցայ,
Խոտոր գլորեցայ,
Ի հրապուրանաց քոց գերիս,
Առեալ խմորեցայ:

Քանի խաբեցայ
'Ւ ի քեզ յարեցայ,
Բաց ի վենասէ՝ ողբալիս
Ոչինչ շահեցայ:

Արդ զոր խօսեցայ,
Ստոյգ բարբառեցայ,
Ուրեմն ապա յոյժ յիրաւի
Զքէն գանկատեցայ:


* * *

Արևս առնեմ, երթամ, ի'մ սիրուն, ի յերկիր օտար, աւա՜ղ,
Շրջիմ ի լեռնէ լեռ, նազելի, լալով անդադար.
Ժամ ի չտեսնելս ըզքեզ, ի'մ սիրուն, է' ինձ օր հազար, աւա՜ղ.
Իմ նազելի սիրուն սիրասուն, մի' մոռանար զիս,
Իմ աչաց լոյս, սրտիս բերկրութիւն, մի թողուր զգերիս:

Անձն իմ եղեալ կամաւ, ի'մ սիրուն, քո սիրոյդ գերի, աւա՜ղ,
Ի սար ի ձոր անկեալ, նազելի', շրջի, դեգերի,
Խնդրելով զքեզ յարակ, ի'մ սիրուն, միշտ տարաբերի աւա՜ղ,
Իմ նազելի սիրուն սիրասուն, մի' մոռանար զիս,
Իմ աչաց լոյս, սրտիս բերկրութիւն, մի թողուր զգերիս:

Անուշահոտ, կարմիր, ի'մ սիրուն, դու վարդ անթառամ, աւա՜ղ,
Ես խըղճալի երգնակ, նազելի, սիրով քո ողբամ,
Որ առանց քո տեսոյդ, ի'մ սիրուն, ոչ բընաւ խնդամ, աւա՜ղ.
Իմ նազելի սիրուն սիրասուն, մի' մոռանար զիս,
Իմ աչաց լոյս, սրտիս բերկրութիւն, մի թողուր զգերիս:

Աստեղաց լոյս տըւող, ի'մ սիրուն, արեգակն ես դու, աւա՜ղ,
Ես փոքրագոյն փոշեկ, նազելի', եմ քո արևուն,
Շրջիմ ի մէջ լուսոյդ, ի'մ սիրուն, ի քո կարօտուն, աւա՜ղ.
Իմ նազելի սիրուն սիրասուն, մի' մոռանար զիս,
Իմ աչաց լոյս, սրտիս բերկրութիւն, մի թողուր զգերիս:
ՏԱՂ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ

Գարուն, գարուն հասեալ էհաս,
Ե՜կ, սիրելի, ուրախացիր,
Ընդէ՞ր սըգով տրտմիս, հոգաս,
Ե՜կ, սիրելի, ուրախացիր:

Տե՜ս, թէ զիա՜րդ վառեալ վառին
Ծաղկունքն ի գոյնս և շողշողին,
Այգիքն ամէն բերկրաբուրին,
Ե՜կ, սիրելի, ուրախացիր:

Կըճկըճաձայն ջուրքն ընթանան,
Վէտ-վէտ գոլով ծիծաղական,
Լերինք, բըլուրք ուրախանան,
Ե՜կ, սիրելի, ուրախացիր:

Պիւլպիւլն ի սէր վարդին վառի,
Սիրով նորին սիրահարի,
Արի՜, արի՜, մօտ մեզ արի,
Ե՜կ, սիրելի, ուրախացիր:

* * *
(Թարգմանություն)

Եղիր ազնիվ ու մի՜ դավիր,
Ոչ ոքի ցավ մի պատճառիր,
Եվ քո նավը՝ ապրանքով լի
Ողջ, ապահով տեղ կհասնի:

Կողոպտէլ ես դու քո գործում,
Խճճվել ես վառ կրակում,
Աստծու վախը դու միշտ հիշիր
Ու քո գործը լավ իմացիր:

Շտապելով օրըդ կանցնի,
Հոգին մարմնից դուրս կթռչի,
Հույսդ դու դիր աստծու վրա,
Չարն ու բարին նա կջոկի:

Ականջ արա ու ինձ լսիր,
Հոգի-մարմին մի՜ կեղտոտիր,
Մեծ ու փոք հանցանք չկա,
Փոքրն էլ քեզ գետնով կտա:

Արևը կանցնի, գիշեր կգա,
Չարսու շուկան տեղի կտա,
Պարզ է միտքը այս առածի,
Ով էլ լինի՝ այս կիմանա:

Բաց աչքերդ, ճամփադ ծանիր,
Աջն ու ձախը լավ որոշիր,
Եվ ջերմագին աղոթքիդ մեջ
Դու Պաղտասար ծառան հիշիր:


(HyeForum

  • Members)

___________________
Պաղտասար Դպիր (Գրիգորեան, 1683-1768) . Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքը առաջնորդած երախտաշատ լուսաւորիչը


Azat or

Թէեւ մեր սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ հիմնական ընթերցումներու գրասեղանին դրուած չէ, գրական-իմաստասիրական ամէնօրեայ սնունդի համար, մեծարժէք ժառանգութիւնը Պաղտասար Դպիրի, բայց որքան թափ կ'առնէ ազգային մեր արմատներուն վերադառնալու հոգեմտաւոր ինքնաճանաչման շարժումը, այնքան կը պայծառանան դէմքն ու գործը հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքը առաջնորդած այս երախտաշատ լուսաւորիչին, որուն ծննդեան 331-րդ տարեդարձն է Յունիս 7-ի այս օրը։

Հանրագիտական ամփոփ տեղեկանքով՝ Գրիգորեան, Կեսարեան եւ Կոստանդնուպոլսեցի մականուններով ծանօթ, բայց առաւելաբար Պաղտասար Դպիր գրչանունով հռչակուած հայ մտքի եւ մշակոյթի մեծ առաքեալը ծնած էր 7 Յունիս 1683ին, Պոլսոյ մէջ, ուր ապրեցաւ իր 85ամեայ կեանքին մեծագոյն մասը եւ ուր վախճանեցաւ 1768ի Յունուար 30-ին։
Պաղտասար Դպիր բանաստեղծ էր ու երաժիշտ, գիտնական էր ու հրատարակիչ. եղաւ հայոց ազգային եւ կրթական լուսաւորման շարժումին ռահվիրաներէն եւ անմահացաւ մեր ազգային յիշողութեան մէջ իբրեւ հայ ազգային վերածնունդի առաջնորդ դէմքերէն մէկը։
«Պաղտասար Դպիրը՝ ժամանակի յառաջադէմ գաղափարներու եւ ժողովրդական նուիրական իղձերու արտայայտիչը, կրցած է միահիւսել հայ քնարերգութեան տարբեր կենսունակ երակները եւ ստեղծել նորօրինակ ազգային բանաստեղծութիւն մը՝ դառնալով իսկապէս նորարար երգիչ, հիմնելով բանաստեղծական մէկ ամբողջ դպրոց» . նման գնահատականով Պաղտասար Դպիրին բնութագրած է հայրենի ծանօթ բանասէր Հենրիկ Բախչինեան, որ 2008ին Երեւանի մէջ լոյս ընծայեց Դպիրի գրական ստեղծագործական ժառանգութիւնը ի մի բերող եւ անոր կենսագրութեան ու արժէքին նուիրուած յօդուածները համատեղող «Տաղեր» խորագրով հատորը։
Ինչպէս որ «Հայկական Հանրագիտարան» ը կþընդգծէ, Պաղտասար Դպիրի կենսագրութիւնը գրի չէ առնուած, հակառակ որ ան եղած է կարեւոր գործիչ մը: Այդ պատճառաւ իր մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են: Բանասէր Գարեգին Լեւոնեան կը հաղորդէ, որ Պաղտասար Դպիրի ծնողները՝ Գրիգորն ու Թուրվանդը, Կեսարիայէն գաղթած են Կոստանդնուպոլիս, ուր լոյս աշխարհ եկած է Պաղտասար։ Ան իր նախնական ուսումը ստացած է տեղական դպրոցներու մէջ եւ աշակերտած է Էջմիածնայ Կաթողիկիսի նուիրակ՝ Աստուածատուր Եպիսկոպոս Ջուղայեցիի:
1741ին Պաղդասար Դպիր կը նշանակուի Գում¬Գափուի դպրանոցի տեսուչ: Իր աշակերտներէն շատեր կը դառնան ապագայի երեւելի դէմքեր, գրողներ եւ առաջնորդներ, ինչպէս Էջմիածնայ Կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցին (գահակալած է 1763էն 1780) եւ բանաստեղծ Պետրոս Ղափանցին։
Հայկական բանաստեղծութիւնը վաղ միջնադարուն կը գրուէր գրաբարով։ 12րդ դարէն սկսեալ գրաբարը աստիճանաբար դադրած էր գործածութենէ եւ իր տեղը զիջած էր խօսակցական լեզուին՝ միջին հայերէնին: Իսկ 18րդ դարուն, Պաղտասար Դպիրի գործունէութեան ժամանակաշրջանին, սկսած էր նոր շարժում մը՝ վերակենդանացնելու համար գրաբարը, իբրեւ հայ ազգային հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան արարման միջոցի։ Այն ծանր պայմանները, որոնց մէջ կÿապրէր հայ ժողովուրդը թրքական եւ պարսկական տիրապետութիւններու երկարատեւ ժամանակաշրջանին, մեծապէս տկարացուցած էին հայ միտքն ու լեզուն եւ զանոնք հասցուցած էին անդունդի եզրին։
Ահա՛ այս շրջանին է, որ Պաղտասար Դպիրի օրինակով արժանաւոր հայ դէմքեր գտան միջոցը հայ մշակոյթի վերածնունդին՝ գրաբարի վերակենդանացման ճամբով։ Պաղտասար Դպիր, Պետրոս Ղափանցին, Գրիգոր Օշականցին, Սիմէոն Երեւանցին եւ ուրիշ մշակութային գործիչներ հաւատացին ու զինուորագրուեցան այս գաղափարի իրականացումին. աշխատեցան վերականգնելու եւ օգտագործելու գրաբարը իբրեւ գրական լեզու։ Անոնց առաջադրանքն էր հայ նոր գրականութիւնը կապել հինի հարուստ աւանդութեան հետ: Փորձեցին պարզեցուած եւ դիւրըմբռնելի գրաբար հայերէնը մատչելի դարձնել հասարակ ժողովուրդին՝ առանց զիչելու աշխարհաբարին:
Պաղտասար Դպիր իր երգերը գրեց գրաբարով, սակայն այնքան պարզ ու մատչելի լեզուով, որ գրեթէ հասաւ աշխարհաբարի ըմբռնելիութեան։ Լեզուն մաքուր է եւ չի գործածեր թրքերէն կամ պարսկերէն բառեր։ Անոնց մէջ չի զգացուիր նոյնիսկ Պոլսոյ բարբառին ազդեցութիւնը։ Այս վերջինը ի յայտ կու գայ անոր աշխարհաբար գրութեանց մէջ։ Պոլսոյ բարբառը եւս, հայոց գործածած միւս բարբառներուն նման, կը պարունակէր մեծ թիւով օտար բառեր։ Օրինակ՝ հետեւեալ պարբերութիւնը իր «Գիրք Քերականութեան» գիրքին յառաջաբանէն.-
«Գրոց բան հասկընալու համար սէր ունեցող փոքրիկ տիրացուներուն համար է այս փոքրիկ քերականութիւնս: Որ թէ զայս կարդան եւ սորվին, զմեծ քերականութիւնն հեշտ կու հասկընան. եւ ով որ քերականութիւն չէ կարդացեր, անոր կարդացողութիւնն պակաս կը սեպուի ի մէջ կարդացողաց. ինչ ղատար շատ բան կարդացուած ու գիտցած ալ ըլլայալնէ։ Զէրէ սա՛ խօսքիս արմատը՝ եանի ասլը թէմէլը ո՞րն է, կամ թէ այս խօսքս քանի կերպ կըլլայ ըսես նէ, չի կրնար գիտնար. եւ երբ որ մէկ բանին ասլը թէմէլը չի գիտցըվինէ, պէլլիյէ որ այն բանը աղեկ մը գիտցըւած չըլլար» ։
Գեղարուեստական իր ստեղծագործութիւններով՝ Պաղդասար Դպիր մեծապէս նպաստեց հայ նոր բանաստեղծութեան զարգացման: Անոր քնարերգութիւնը, իր նիւթերով ու ընդհանուր տրամադրութեամբ, աւանդական է, սակայն ան կը պարունակէ ազատասիրութեան եւ ազատամտութեան թեմաներ: Ան կ՛օգտագործէ ոչ միայն սիրոյ գաղափարը, ինչպէս այդ շրջանի գուսանները, այլեւ ընկերային, կրօնական ու բարոյական նիւթեր: Լեզուի յղկուածութիւնը չի պարտադրեր զսպուածութիւն, այլ՝ իր ժամանակակիցներուն նման ան կÿըլլայ կրքոտ ու անկեղծ։
Պաղդասար Դպիրին քնարերգութիւնը քննարկողները ուշադրութեան արժանի կը գտնեն «Առ Մամօնայն» խորագրով անոր ստեղծած տաղը, որ իր ատենի այլ տաղերու բաղդատմամբ ինքնատիպ է։ Բանաստեղծը կը բացայայտէ դրամին եւ հարստութեան կործանարար իշխանութիւնը մարդ էակին վրայ: Ան Մամօնայի մասին կը գրէ ժողովրդական բարոյականութեան տեսանկիւնէն՝ որ կը մերժէ նիւթեղէնին սարսափելի աստուածացումը.-

Ուստի՞ ծընար, ո՛վ բռնաւոր,
Որ քեզ նըման, ո՛չ գոյ յերկրի,
Որ թէ չըտաս դու ձեռն ումեք,
Ո՛չ զօրանայ եւ ո՛չ բերկրի:

Թէ՛ թագաւորք եւ թէ՛ կայսերք
Քո օգնելոյդ են միշտ կարօտ,
Իսկ առանց քո՝ ե՛ն յոյժ տըկար,
Որպէս արջառ մի անարօտ:

Պաղդասար Դպիր ստեղծագործական յատուկ ճիգ թափեց իւրովի միահիւսելու հայ հին գուսանական ու եկեղեցական, ինչպէս նաեւ՝ իր ժամանակի արեւելեան երգարուեստի առանձնայատկութիւնները։ Աշխարհիկ եւ յատկապէս սիրային երգերու ստեղծման համար, ան օգտագործեց ազգային՝ հայկական աւանդական, նոյնպէս եւ արեւելեան մեղեդիներ։ Անոր նշանաւոր տաղերէն «Ի Ննջմանէդ Արքայական Զարթիր» (1707) երգին մէջ, զուգակցուած են նոր աշուղական ու հին եկեղեցական դասական երաժշտութեան մի քանի գիծեր: Այս երգը սիրային է, սակայն փոխաբերական առումով կարելի է զայն մեկնաբանել իբրեւ իր ժողովուրդին ուղղուած կոչ ու հրաւէր, որպէսզի սթափի իր թմրութենէն եւ պայքարի օտար տիրապետութեան դէմ։
Պաղտասար Դպիրի քնարերգական ժառանգութեան ամենակարեւոր եւ ամէնէն արժէքաւոր մասերէն է «Տաղիկներ Սիրոյ եւ Կարօտանաց» խորագրուած շարքը։ Անոր «Տաղարան Փոքրիկ Պաղտասար Դպրի Ասացեալ Զանազան Գունով» (1723) գիրքը յաւելումներով եւ վերաքաղներով լոյս տեսած է եօթը անգամ։ Ան գրած է նաեւ հայատառ թրքերէն բանաստեղծութիւններ։
Առանձին գնահատանքի արժանի են Պաղտասար Դպիրի մանկավարժական գործունէութիւնն ու դաստիարակչական ժառանգութիւնը։
1741 թուականին Յակոբ Նալեան Պատրիարքը զայն նշանակեց Գում-Գափուի դպրոցին տեսուչ։ Անոր գործունէութեան շրջանին դպրանոցը մեծապէս ծաղկում ապրեցաւ։ Պաղտասար Դպիր երկար տարիներ դասաւանդեց մայրենի լեզուի քերականութիւն, երաժշտութիւն եւ այլ նիւթեր։
1736-1760 թուականներուն ան կազմեց եւ հրատարակեց հայերէն լեզուի ուսուցման դասագիրքերու շարք մը՝ գրաբար ու աշխարհաբար լեզուներով, որոնք շուրջ դար մը դասաւանդուեցան հայկական դպրոցներէն ներս։ Պաղտասար Դպիրի ամենակարեւոր դաստիարակչական գործերէն են «Պարզաբանութիւն Քերականութեան Կարճառօտ եւ Դիւրիմաց» (1736), «Հատոր Երկրորդ Քերականութեան. Կիրառութիւն Մասանցն Բանին որ է Շարունակումն Իրեարս Ըստ Քերթողացն» (1736), «Օրինակք Բարեւագրաց» (1752), աշխարհաբար լեզուով պատրաստուած դասական հայերէնի քերականութեան գիրք՝ «Գիրք Քերականութեան» (1760), «Համառօտ Մեկնաբանութիւն Տրամաբանութեան» (1822), «Ժամանակագրութիւն» (հրտ. 1951) եւ «Համառօտութիւն Պատմութեան Մովսէս Խորենացւոյ» (անտիպ) ։ Անոր լեզուաբանական աշխատանքներէն մեզի հասած է «Ցանկ Գիրք Նոր Կտակարանին» երկը (1753) ։
Պաղտասար Դպիր մեծապէս նպաստած է նաեւ հայ գրական-հրատարակչական աշխատանքներուն, որոնք թափ առած էին Պոլսոյ մէջ՝ հայ տպարաններու ցանցին ստեղծումով եւ ընդարձակումով: Ան կազմած է հայագիտական գիրքերու գիտական-համեմատական բնագրեր: Խմբագրած է պատմական, փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական գիրքեր։ Յաճախ ի՛նք պատրաստած է հրատարակուելիք գիրքին շարուածքը, ընտրելով ձեռագիր օրինակներ, զանոնք համեմատելով իրարու հետ, սրբագրելով նախկին հրատարակութիւններու սխալներն ու աղաւաղումները՝ վերնականապէս տպագրութեան յանձնելէ առաջ։
Իր հսկողութեան տակ լոյս տեսան հայ դասական գրողներու բազմաթիւ գործեր, որոնցմէ շատերը կը տպուէին առաջին անգամ ըլլալով։ Ասոնցմէ են՝ Զենոբ Գլակի «Գիրք Պատմութեան Երկրին Տարօնոյ» (1719), «Գիրք Որ Կոչի Հարանց Վարք» (1720), Առաքել Սիւնեցիի «Ադամագիրք» ը (1721), Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» (1726), Սիմէոն Ջուղայեցիի «Գիրք Տրամաբանութեան» (1728), Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք Հարցմանց» (1729) եւ Դաւիթ Անյաղթի «Գիրք Սահմանաց» (1731) աշխատութիւնները։
Պաղտասար Դպիրի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած ոգեկոչման այս հանրագիտական տեղեկանքն ու արժեւորումը կþարժէ պսակել անոր իմաստուն եկտողեակներէն քաղուած հետեւեալ փունջով.

1. Այր կատարեալ եւ թըշնամւոյն բարի կամի,
Եւ ոչ թէ սոսկ իւր սիրական բարեկամի։

2. Թէ զըղջանաս ի մեղաց,
Ոչ հեռանաս ի շնորհաց։

3. Որոյ ձեռքն ի յողորմութիւն առատացան,
Հընձէ նա զայն որպէս մըշակ աոատացան։

4. Որ ըզխըրատ ծերոց գիտնոց անարգէ,
Նա քան զամէն անարգելիս անարգ է։

5. Պորփիւրոս բընախօս է Փիւնիկեցի,
Աշակերտ Հըմտագոյն Պըղատինոսի։

6. Եթէ ըզձանաս լինել տրամաբան,
Լե՛ր միշտ հետեւող գիտնոցըն վարժման։

7. Իմաստութիւն շինեաց իւր տուն,
Կանգնեաց ի նմա եօթ ընտիր սիւն։

8. Իմաստութեա՛ն տուր ըզսիրտ քո,
Բայց հանճարո՛վ միշտ փայլեցոյ։

9. Ո՛վ դու մանուկ, թէ զայս արհեստ ուսանիս,
Եկեղեցւոց իբր ըզծաղիկ բուսանիս։

10. Ըզխոնարհութիւնս բայց թէ լաւ ճանաչես,
Ի հանդիսի քերթողացըն չամաչես։

______________________


ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ

ԲԱՂԴԱՍԱՐ ԴՊԻՐ
1683 - 1768



Գրիգորյան, Կեսարյան, Կոստանդնուպոլսեցի (1683-1768, Կ. Պոլիս), հայ բանաստեղծ, երաժիշտ, գիտնական, կրթական-լուսավորչական շարժման գործիչ, հրատարակիչ: Սովորել է Կ. Պոլսի մասնավոր վարժարանում: 1741-ին գլխավորել է Գումգափուի մայր դպրատունը: Բաղդասար Դպիրը մեծապես նպաստել է հայ նոր բանաստեղծության զարգացմանը ("Տաղարան փոքրիկ Պաղտասար Դպրի ասացեալ զանազան գունով", 1723): Նրա գիտական ժառանգությունից մեզ են հասել "Պարզաբանութիւն քերականութեան կարճառօտ և դիւրիմաց", "Օրինակք բարևագրաց", "Գիրք քերականութեան", "Համառօտ մեկնութիւն տրամաբանութեան", "Ժամանակագրութիւն" և այլ երկեր:

Բաղդասար Դպիրը դասավանդել է հայոց լեզվի քերականություն, երաժշտություն: Կ. Պոլսի դպրոցների համար 1736-60-ին կազմել և հրատարակել է մայրենի լեզվի քերականության դասագրքեր (գրաբար և աշխարհաբար): 1720-60-ին մասնակցել է Կ. Պոլսի գրակ-հրատարակչական աշխատանքներին. կազմել է հայագիտական գրքերի գիտահամեմատական բնագրեր, խմբագրել պատմական, փիլիսոփայական, աստվածաբանական գրքեր:

Բաղդասար Դպիրը ստեղծագործական որոշակի վերաբերմունք է ցուցաբերել հայ հին գուսանական ու եկեղեցական, ինչպես և իր ժամանակակից արևելյան ու աշուղական երգարվեստի նկատմամբ:

Բաղդասար Դպիրից մեզ հասած "Ի նընջմանէդ արքայական" (1707) տաղում զուգակցվում են հայ նոր աշուղական ու հին եկեղեցական դասական երաժշտության մի քանի գծեր:






Վ.ԹԱԹԻԿՅԱՆ/Պ.ԴՊԻՐ ,,Մեկ ազնվի մի սերն կա
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Կիսվի՛ր այս նյութով՝
Նիդերլանդական Օրագիր Գրական էջ
03:29, 22.12.2017
13232 | 0
01:01, 08.12.2017
30085 | 0
23:45, 27.08.2017
21924 | 0
դեպի վեր